Խաչիկ Տէր Ղուկասեան– արժանթինահայ միջազգայնագէտ, դասախօս։

Ծնած է Պէյրութ, ուր ստացած է իր երկրորդական ու համալսարանական ուսումը: 1987-ին հաստատուած է Արժանթին ուր վարած է ԱՐՄԵՆԻԱ թերթի խմբագրութիւնը:

Շարունակելով համալսարանական ուսումը մասնագիտացած է միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ Մագիստրոսի տիտղոս ստանալով Արժանթինի ՖԼԱՔՍՕ (FLACSO/Argentina) հիմնարկէն եւ Տոքթորական աստիճան (PhD) Ֆլորիտա, ԱՄՆ, Մայամի Համալսարանէն (University of Miami, FL):

Եղած է համալսարանի դասախօս և գիտաշխատող Արժանթինի Սան Անտրէս եւ Լանուսի Ազգային (պետական) Համալսարաններուն, եւ այցելու դասախօս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ:

Հեղինակ է սպաներէն, հայերէն եւ անգլերէն մասնագիտական գիրքերու, գիրքի գլուխներու, ակադեմական ուսումնասիրութիւններու եւ հրապարակագրային յօդուածներու:

2017-էն ի անվճար արձակուրդի է աշխատանքային այլ ոլորտի անցած ըլլալու համար, սակայն կը մնայ Լանուսի Ազգային Համալսարանէն ներս Միջազգային Յարաբերութիւններու Տեսութեան եւ Պատմութեան ամպիոններու պատասխանատու:

2017-ին արժանացած է Սուրիա-լիբանանեան ակումբի «Ուկարիթ 2017» մրցանակը մշակոյթի դասակարգին մէջ` ակադեմական ասպարէզին մէջ տարիներու իր ներդրումին համար:

 

ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ

Վաւերական ոչինչ
ըսուածին հարազատ ոչ մէկ բառ
և կայուն ոչ մէկ իմաստ
տողանցումի անհաւասար կշռոյթին:
Եւ սակայն խօսքը,
ամբողջական ու բացարձակ,
կա՛ր:
Մինչև որ արմատներէդ
տարագիր
մոռցուած օր մը հեռացար:
Եւ սկսաւ
այս յաւերժական թափառումը լեզուին մէջ:
Տառապանքը հիմա
-կը գրես-
ներկայ է մշտական
անցեալի մարող արձագանգին ընդմէջէն:
Ժամանակը այլևս
բացակայութեանդ հայելիին մէջ
բազմացող պատկերն է լքումներուդ,
և ճակատագիրը՝
նոյն, միևնոյն տենչանքդ՝
քերթուածին վերջին լռութեան հասնելու:

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան