Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) (1859 –1915) – հայ գրող, ուսուցիչ
Ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:
Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած ծննդավայրին մէջ. 1870 թուականին, տասնմէկ տարեկանին, հայրենակիցներու ուղեկցութեամբ տարուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Սկիւտարի ճեմարանը, ապա Սուրբ Խաչ վարժարանը:
Կիւրճեան 1878 թուականին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ պաշտօնավարած բազմաթիւ վարժարաններու մէջ: 1890-1896 թուականներուն եղած է Կեդրոնական վարժարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան դասատու, աշակերտներուն գաղտնի դասաւանդելով նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։ Միեւնոյն ատեն «Հրանդ» ծածկանունով կը սկսի աշխատակցիլ պոլսահայ թերթերուն եւ գաւառի կեանքն ու ցաւերը արտացոլել գրականութեան մէջ, սակայն որպէս գրող յայտնի կը դառնայ, երբ 1888 թուականին Արփիար Արփիարեանի առաջարկով կը գրէ իր «Պանդուխտի կեանքէն» գրական ակնարկները, որոնք մաս-մաս կը տպագրուին «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ։ Այդ տարիներուն Մելքոն Կիւրճեան կ՚աշխատակցի նաեւ «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» թերթերուն։
1896 թուականին, լսելով, որ կառավարութեան կողմէ կը փնտռուի, նախ Գարթալ, անկէ Մեծ կղզի կ՚ապաստանի, հետքը կորսնցնելու համար: Քանի մը օրեր թափառելէ յետոյ, Գատըգիւղէն, ծպտուած, Բերա կ՚անցնի, ուր ամիս մը պահուած կը մնայ իտալացի ընտանիքի մը քովը: Շնորհիւ ընկերներու ջանքերուն՝ կը յաջողի Վառնա, Պուլկարիա, փախչիլ: Հոն կը հիմնէ վարժարան մը՝ գաղթական հայ մանուկներուն համար, որ Արծրունեան դպրոցն էր: Երկու տարի ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր անմիջապէս կը ձերբակալուի եւ վեց ամիս բանտարկուելէ ետք կ՚աքսորուի Գասթամոնու, Սեւ ծովուն շրջանը: Մօտ տասը տարի աքսորի մէջ ապրելէ ետք, 1908 թուականի սահմանադրութենէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր դարձեալ կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ:
Կիւրճեան Գասթամոնուի աքսորավայրին մէջ գրած է «Ճահճախուտքի մէջ. երկու առանցքի վրայ» վէպը, որ անստորագիր սկսած է տպագրել Պոլսոյ «Սուրհանդակ» թերթին մէջ, սակայն, հազիւ լոյս տեսած, գրաքննութիւնը գիտցած է հեղինակին ով ըլլալը եւ արգիլած, բռնագրաւած է 350 էջնոց վէպը եւ փճացուցած է զայն:
Աքսորավայրէն Մելքոն Կիւրճեան «Թղթակից ի Պոնտոս» ծածկանունով յօդուածներ տպագրած է «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ։ Պոլսահայ թերթերէն զատ Կիւրճեան թղթակցած է նաեւ Թիֆլիզի «Մշակ»ին եւ Զմիւռնիոյ «Հայ Գրականութիւն» հանդէսին։
1859-1915 թուականներուն գրողին գրութիւնները մամուլին մէջ ցրուած են Աւօ, Արնոլտ, Թղթակից «Բիւզանդիոնի», Թղթակից Պոնտոսի, Հրանդ, Մ.Կ, Մ.Ս.Կ., Շահէն, Շաւասպ, Պոնտացի, Վարդգէս, Ուղեւոր անուններով:
1910-ին իբրեւ պատուիրակ կը գործուղուի Էջմիածին, կը մասնակցի կաթողիկոսական ընտրութիւններուն:
Ուսուցիչ գրողին կեանքը կ՚աւարտի իբրեւ նահատակ՝ 1915-ին:
Գլխաւոր երկերն են՝ «Նամակներ պանդուխտի կեանքէն», որ անջատ գիրքով լոյս տեսած է 1931 թուականին, Փարիզ։ Առանձին գիրքով հրատարակուած միւս աշխատութիւններն են «Գրաբար լեզու» (դասագիրք, Պոլիս, 1913) եւ «Մեսրոպ եւ Սահակ» (1913)։ Հեղինակած է նաեւ «Պատիժը» (1892), «Կեանքի մը քայքայումը» (1893), «Երկու վերմակի տակ» (1895), «Խանին վերի յարկը» (1909), «Առանց փիլոնի քահանան» (1913) եւ այլ պատմուածքներ: Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Օկիւստ Ռընանի «Յիսուսի կեանքը» գործը:
Պանդուխտի Կեանքէն
(Հատուած)
Պալըգլըի հո՜ղ… շաբաթ չ’անցնիր, չի մարիր շատ անգամ, ուր հողին մէջ փոս մը չբացուի եւ երիտասարդ մը չդնեն հոն. «պանդխտութեան մէջ հիւանդանալն ու մեռնիլը գաղտ կը լինի». ասոնք ո՛չ թերթ ունին եւ ո՛չ յայտարարութիւն: Իմացա՞ր մեր Գարեգինի մահը: Այս ամսոյ մէջ Ուրբաթ օր մըն էր, ըստ մեր Շաքարեանի՝ (1) արցունքի եւ մահու նախասահմանեալ օր. Կէտիկ Փաշայի եկեղեցին (2) լցուած էին Վասպուրականցի երիտասարդներ. Գարեգին սեւ ծածկոյթին տակ կ’երկարէր. քսանեւհինգ տարեկան հասակ եւ եռանդուն տիոց յոյսեր կը սառէին հոն: Ներս մտաւ յանկարծ պանդուխտներու Մեծը: Քուզկունճուքի (3) հեղձուցիկ օդին ճնշումն ու վշտի ծանրութիւն՝ թերեւս ոչ մէկ անգամ այնչափ զգալի եղած էր ծերունի Զատիկի (4) վրայ. պաղ քրտինքն ալ կ’ողողէր իր դէմքն: Եկած էր Գարեգինի ողջերթն ըսելու: Ո՛չ փիլոն ուզեց, ո՛չ վեղար. գաւազանն (5) ալ չշողաց իր ձեռքին մէջ: Իր իսկական ձեւովը դարձաւ մեզ: Ես միտքս դրեր էի չկաշկանդել ինքզինքս. ուստի աղաչեցի զՇաքարեան որ դամբանականին համառօտութիւնն ինքն ընէ որչափ կարելի է, եւ ահա նոյնը կը դնեմ հոս. «Մէկ ժամ առաջ լսեցի անբախտ Գարեգինի մահը. ա՜հ, պանդխտութեան մէջ, հիւանդութիւն ու մեռնել գաղտ կը լինի: Դեռ չորս օր էր որ Գարեգին հիւանդ էր ինկած. իսկ այժմ իր ցուրտ մարմինը կը տեսնեմ ահա. իր հայրը քսան տարի մաշուելով հազիւ ճողոպրեցաւ պանդխտութեան ճանկերէն, եւ հոս թողուց իր երկու նորատի զաւակներ: Գարեգինի տէր իր մերձաւոր ազգականներէն մին եղաւ. տասնեւհինգ տարի աշխատեցաւ եւ օր մըն ալ ցոյց չտուաւ. զարմանալի համբերող ոգի ունէր: Չյաջողեցաւ իրեն հայրենիք երթալ. տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ նամակ ստացայ իր ծերունի հօրէն որ կ’աղաչէր թէ ինչո՞ւ նամակ կ’ուշացնեն, չըլլայ թէ բան մը պատահած է: Եւ ահա պատահեցաւ: Կ’աղաչէր որ իր զաւկըներէն մին գէթ հայրենիք ղրկենք եւ իր ծերութիւնն անմխիթար չթողունք: Ա՜հ, ո՞վ պատասխան պիտի տայ. ո՞վ կը լինի անոր գուժկան: Ես կը գրեմ թէ ահա Վահանը քե՛զ ղրկեցի, իսկ Գարեգինը՝ երկի՜նք: Բայց ո՛չ, ես գուժկան չեմ կարող լինել. ես կը խնդրեմ որ հօրեղբայրն զՎահան ղրկէ. թող նա յանկարծ երթայ տուն մտնէ, եւ երբ հայրն հարցնէ թէ ո՞ւր է Գարեգին, Վահան թող ըսէ. ե՛ս եկայ, հա՛յր, Գարեգինը մի՛ հարցներ: Աղօթենք որ Աստուած յաջողութիւն տայ եւ մեր տուները դառնանք. թող անօթի մեռնինք, աղքատ մեռնինք, բայց մեր սիրելեաց գրկին մէջ մեռնինք»:
ՀՐԱՆԴ
(«Պանդուխտի Կեանքէն»)
1.Շաքարեան = Վանեցի գրող մը, որ Պոլիս ապրած շրջանին ստորագրած է արժէքաւոր էջեր:
2.Կէտիկ Փաշա = Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն մէկը:
3. Քուզկունճուք = Պոլսոյ Վոսփորեան նաւամատոյցներէն մէկը, Սկիւտարի մօտ:
4. Ծերունի Զատիկ = Հաւանաբար գրաքննութեան պատճառով Խրիմեան Հայրիկի անունը փոխուած է այս տարազին:
5.Գաւազան = Եպիսկոպոսները քարոզի ատեն գաւազան կը գործածեն:
6.Հայրիկ = Խրիմեանի տիտղոսը, Հայոց Հայրիկ: