Մկրտիչ Շահէն Հաճեան (1915 – 1985) – գրող, գիւտարար, երաժշտութեան քննադատ, նկարիչ։

Ծնած է Պոլիս։ Աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը (1933) եւ Իսթանպուլի համալսարանի դեղագործական ճիւղը (1938)։

1952-1957 թուականներուն ապրած է Ֆրանսա, ապա հաստատուած՝ Մեքսիքօ։ 1959-ին Փարիզի մէջ մասնակցած է պետական քննութիւններու եւ ստացած՝ երաժշտական քննադատի վկայական։ Մեքսիքոյի մէջ կազմակերպած է արհեստական մարմարի արտադրութիւն (քիմիական եղանակով արհեստական մարմար ստանալու գիւտը Հաճեանին կը պատկանի)։

Գրած «Կնատեացը» (1949) եւ «Աստղահարը» (1982, Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամի թատերական մրցանակ) թատերախաղերը։

Լոյս ընծայած է «Բոցեր» (1973) եւ «Հողէն երկինք» (1977) քերթուածներու ժողովածուները, որոնք արժանացած են «Ալեք Մանուկեան» մշակութային հիմնադրամի գրական մրցանակին։

Մկրտիչ Հաճեանի ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնենք խոհաքնարական միտքեր, ան կը գտնէ, որ ամէն ինչի սկիզբը սէրը եղած է՝ Իմաստութենէն, Գիտութենէն եւ պատերազմէն առաջ մարդիկ սէրը ստեղծած էին։ Ան կը գտնէ, որ երազներու ետեւէն երթալ եւ փնտռել է պէտք, եւ որ՝ Միայն բանաստեղծները ոչինչ կը վճարեն
երազ գնելու համար…

Թարգմանած է Էտմոն Ռոստանի «Սիրանօ տը Պերժըրաք» (1949), Գարլօ Կոլտոնիի «Հիւրանոցի տիրուհին» (1950) եւ Ժան Անույի «Ռոմէօ ու Ժանէթ» (1950) թատերախաղերը։

Նկարչական գործերու (վերացապաշտ) ցուցահանդէսներ ունեցած է Մեքսիքոյի, Նիւ Եորքի, Պոսթընի եւ Երեւանի մէջ (1977, իր գործերը նուիրած է Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին)։

Մահացած է 25 Նոյեմբեր 1985-ին (70 տարեկանին), Մեքսիքօ Սիթիի մէջ։

 

Կրկներեւոյթ

Այս երգը լսուեցաւ ովասիսի մը մէջ
կրկնուեցաւ ամպի մը մէջ
խեղդուեցաւ նամակի պահարանի մը մէջ
պահուեցաւ կիսախանձ կեանքի մը մոխիրներուն տակ
եւ չորցաւ անարցունք

Ես անապատն եմ
դուն կրկներեւոյթ

 

Գովեստ սիրահարներուն

Եթէ փարաւոնները
անմահութիւնը փորձեցին կերտել քարով
Եթէ միամիտ քրիստոնեաները
կեանքը խաչեցին մահը գրաւելու համար
Գոնէ սիրահարները
գիտցան ապրիլ սիրելով

 

Երազներ ունէինք

Էր երբեմն
երազներ ունէինք
կրնայինք երազել երբ որ ուզէինք

Հիմա
մեքենայ շինած ենք
կառք շինած ենք
օդանաւ շինած ենք
Բայց կը տեսնենք որ
երազելու ատեն չունինք այլեւս
Ու երբ կը փափաքինք
վերափորձել անցեալի մեր երջանկութիւնը
պէտք է գաղտագողի գնենք երազը
վճարելով մաս մը մեր կեանքեն

Միայն բանաստեղծները ոչինչ կը վճարեն
երազ գնելու համար

 

Կայծ մը

Գիշերներով թախծապատ
ու ցերեկներով անջերմ
պատմութիւն մը կը կազմուի մեր ետին
եթէ գոնէ կարենայինք անոր էջերուն մէջ
մասնիկ մը բեւեռել սա մեր կարճատեւ լինելութենէն
ու եթէ կարենայինք
փրկուելէ առաջ մեր ողբալի հպարտութենէն
կայծ մը թողուլ
վաղուան լոյսի պատրոյգը վառելու….

Արեւին

Կասկածելի է արեւը
որ ապահովաբար
մեզ տաքցնելու համար չէ դրուած հոդ
ի՞նչ ծրագրած է արդեօք
ի՞նչ կը խորհի մեր մասին…

Հարցուցի եւ կուրցուց զիս
Գոնէ աղուոր չըլլար…