Վահէ Հայկ (1896- 1983) – Գրող, պատմաբան, բանասէր եւ խմբագիր։

Աւազանի անունով Վահէ Տինճեան։ Ծնած է 1896-ին, Խարբերդ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ս. Ստեփաննոսի վարժարանին մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է Խարբերդի Եփրատ Քոլէճէն։ Առանձին դասեր առած է Թլկատինցիէն։ Եղեռնի ժամանակ, երբ գաւառներու մէջ սկսած են հալածանքները, յաջողած է հասնիլ Պոլիս։ Քանի մը ամիս ետք սկսած հայկական զանգուածային տեղահանութիւններուն ու հալածանքներուն հետեւանքով երեք տարի պահուած մնացած է հայ ընտանիքի մը մօտ, Հայկ անունով պոլսեցի  պատանիի մը ծննդեան թուղթով, կոչուելով Վահէ Հայկ։ Ուսանած է Պոլսոյ պետական համալսարանին մէջ, ուրկէ սակայն դուրս մնացած է մինչեւ զինադադար։

Գրել սկսած է Ե. Տէր Անդրէասեանի «Նոր Կեանք» թերթին (1918), Վահան Շահրիկեանի «Արագած» շաբաթաթերթին (1919) եւ «Ժամանակ» օրաթերթին (1919-1920) մէջ։ 1919-ին արժանացած է «Ժամանակ»ի գրական մրցանակին։ Պատրիարքարանի կողմէ Ազգ. Խնամակալութեան մէջ իբրեւ թարգման այցելած է Իզմիր եւ Պարտիզակ, իսկ քեմալական շարժումի սկզբնաւորութեան անցած է Աթէնք, ուր ծառայած ու օգնած է հայ տարագիրներուն։

1920-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ Պոսթոնի համալսարանին մէջ հետեւած է գրականութեան, իրաւագիտութեան եւ պատմութեան դասընթացներու։ Աշխատակցած է Ամերիկայի եւ արտասահմանի հայ մամուլին։ Խմբագրած է «Հայաստանի Կոչնակ» եւ «Նոր Կեանք-Արօր»ը, որ յետագային պիտի վերածուէր «Նոր Օր»ի։ Մինչեւ 1925 վարելէ ետք «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը յաջորդող տարիներուն նոյնպէս օգնած է թերթին խմբագրական աշխատանքներուն։

Վահէ Հայկ շուրջ 60 տարի ապրած ու գործած է Ֆրեզնոյի մէջ: Քանի մը առիթներով հրաւիրուած է Խ. Հայաստան, ուր մասնակցած է Գրողներու Միութեան համագումարին եւ յոբելինական հանդիսութեանց։

Իր ազգային բազմակողմանի գործունէութեան զուգընթաց, գրած ու հրատարակած է տասնեակ մը արժէքաւոր հատորներ։ Անոր գլխաւոր երկերն են.- «Հայրենի Ծխան» պատմուածքներու շարքը, հինգ հատորով, որուն վերջին հատորը լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ, 1970-ին, ինչպէս նաեւ «Լուսաւոր Դէմքեր Մեր Օրերուն Վրայ», «Հայաստանի Մանկական Աշխարհը եւ Անոր Մանկական Գրականութիւնը» գործերը։ Պատմական եւ ազգագրական արժէքաւոր գործեր են Վահէ Հայկի «Խարբերդ եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» մեծածաւալ երկը 1500 էջերով, «1500-Ամեակ Վարդանանց Պատերազմի», «Յուշարձան Եոզկաթի», «Ֆրեզնոյի Հայ Գաղութը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին» եւ «Պատմական Այցը Ամենայն Հայոց Վեհ. Կաթողիկոսին Գալիֆորնիոյ Հայութեան»ը։ Վահէ Հայկի գրական ծածկանունն էր Ս. Վաղինակ եւ Անցորդ։

Վահէ Հայկ մահացած է 1983-ին, Ֆրեզնոյի մէջ։