Վրէժ-Արմէն ԱրթինեանՄոնթրէալաբնակ Ճարտարապետ, գրող, հրապարակագիր։

Ծնած՝ Գահիրէ, Եգիպտոս, 1940ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգ. վարժարանին մէջ. երկրորդական ուսումը՝ Հելիոպոլսոյ Սէն Ժորժ գոլէժին մէջ։ 1964-ին վկայուած է Գահիրէի համալսարանի ճարտարապետութեան ճիւղէն Պսակաւորի աստիճանով։

1966-ին հաստատուած է Մոնթրէալ եւ ճարտարապետութեան Մագիստրոսի վկայական ստացած է 1969-ին McGill համալսարանէն։ Իր ասպարէզը ի գործ կը դնէ մինչեւ այսօր։

Ամուսնացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ Նազան Գուլաքեանի հետ։ Բախտաւորուած են երկու դուստրերով։

Գրելու փորձերու սկսած է դպրոցական գրասեղաններէն եւ մաս կազմած՝ աշակերտական «Հունձք» պարբերաթերթի խմբագրութեան։

Իր առաջին գրութիւնը «Հաւո՜ւ Աստուած» լոյս տեսած է 1956-ին «Յուսաբեր»ի մէջ։ Վարած է սոյն թերթին «Երիտասարդական Շարժում» էջի խմբագրութիւնը, 1960-ական թուականներուն։

Աշխատակցած է նաեւ Փարիզի Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի «Հայաստան» շաբաթաթերթին, «Հայրենիք» օրաթերթին (Պոսթոն), Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ դրօշակին (Աթէնք):

1979-ի հիմնադրութեան օրէն ի վեր կապուած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, 11 տարի վարելով խմբագրի, իսկ 1992-էն ի վեր՝ աւագ խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ կատարելով գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը։ Պատասխանատուն «La Cause arménienne / The Armenian Cause» տեղեկատուի խմբագրական յանձնախումբին (1984-1992): 

Գործօն դեր ունեցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երիտ. Միութիւն, «Համազգային»ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին, յատկապէս Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանի հիմնարկութեան մէջ:

Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ գրական-մշակութային եւ ազգային նիւթերու շուրջ:

Մասնակից Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանի ստեղծման։ 

Ունի մասնագիտական յօդուածներ՝ գանատական անգլերէն ու ֆրանսերէն թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։ Մաս կազմած է Քեպէգի Մշակոյթի նախարարութեան Մշակութային իրերու (յուշարձաններու պահպանութեան) յանձնաժողովին։

Հեղինակ է «Ոստայն» 14 հատորներու շարքին (1988-2020, վերջին տասը՝ միայն առցանց), խմբագիրը՝ Հայաստանի պատմական ատլաս /Historical Atlas of Armenia-ի (1987), եւ խմբագրի երկու օգնականներէն մէկն ու գեղարուեստական խմբագիրը «ՀՅԴ Յուշամատեան»  ալպոմ–ատլասին (Ա.հատ. 1992 եւ Բ.հատ. 2001)։ Անդամ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Անդամ`Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան (1998-2006)։

Վրէժ-Արմէն կարճ եւ գողտրիկ պատմուածքներով կը ներկայացնէ իր ապրած կեանքէն իրական պատկերներ։

Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին եւ «Համազգային»ի շքանշանին։ 

 

               Մեր ետեւ մնաց Հին աշխարհը։

               Պայծառ երկինք մըն է։ Լոյսը կ՚ընկերանայ մեզի։ Վարը, ցիր ու ցան ամպերուն մէջէն Ատլանտեանի կապոյտն է, որ մերթ ընդ մերթ կը դիտեմ՝ կարծես կողմնորոշուելու համար պարզապէս։

               Տակաւին երկա՜ր ժամեր կան մեր առջեւ, ժամեր՝ վերյիշելու համար այն ամենը, որ ձգեցինք Հին աշխարհին։

               Գահիրէ՝ Տահեր թաղամասի մեր բնակարանը, ուր անցաւ մանկութիւնս ու վաղ պատանեկութիւնս։ Մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն սուրբերը հայու աչքեր ունէին։ Թաղը՝ հանրակառքի ճռնչիւններով ու շրջիկ վաճառորդներու անվերջ կանչերով։

               Դպրո՜ցս՝ Գալուստեան ազգային վարժարանը, որուն պատերէն հայութիւն կը ծորէր մեր հոգիներուն մէջեւ ուր անցան կեանքիս ամենէն կարեւոր տարիները։ «Յուսաբեր»ը՝ շէնքըթե՛րթը մանաւանդոր իր հմայքին տակ առաւ զիս։ Հայկական միւս ակումբներըմիւս դպրոցները, այլ կալուածները։ Առաջնորդարանը՝ եկեղեցիին կողքին։ Միւս եկեղեցիները:  

 

Վրէժ-Արմէն

«Իմ Ուղեպատումը»