ԳԱՐՆԱՆ ՆՄԱՆ

Գարնան նման յորդ վարարի՛մ,
Ափերէս դուրս կենսողողուի՛մ,
Թօթուած մէգն ու ցաւը սրտիս,
Կարկաչահոս լուսահոսի՛մ…

Ջրվիժանա՛մ յորդահոսան,
Ջուրերէս լո՛յս թող կայծկլտայ,
Լոյսը շատնայ ու ծաւալի,
Խուժէ բոլոր խորշերն մթին…

Ջուրս հասնի ծարաւ հողի՛ն,
Ջուրս հասնի պապակ սրտի՛ն,
Զայն ես բաշխե՛մ առատօրէն,
Լիանա՛մ զուարթ իմ բաշխումէս…

Ջուրս յորդուն դառնայ աւի՛շ
Չորցած ծառին անգամ վտիտ,
Թող բողբոջի ան նորովի,
Ծի՛լ ու ծաղի՛կ տայ բերկրալի…

Ջուրս յորդուն զերթ սիրանի՛ւթ
Մտնէ՛ անսէր սիրտերը բիւր,
Թող վարարին անոնք սիրոյ
Հրաշանման տենչ ու տենդով…

Գարնան հրաշքով լուսողողուի՛մ,
Գարնան շունչով շնչաւորուի՛մ,
Ծառս ծաղկի՛ գարնանավառ,
Լո՛յս ու բարի՛ք տեղայ վարար:
19/2/2024