Մենք ենք, Մենք
Մենք ենք, մենք՝
Ձեւաւորուած անցեալի անդնդախոր աղաղակէն…
Ժամանակը կը քանդէ
դէմքերը մեր անհեթեթ,
Ապա խոպան սրտերը կը հերկէ անտես արօրով,
Խռովելով յաւերժութեան գաղտնիքները լուսէ,
Ու երբ լուրթ ու ծիածանեալ բիբերէ անձրեւէ հարսնիք
Կանաչութեան,
Յայնժամ կը սկսի ճամբորդութիւնը խորասուզուած արմատներու…
Մենք ենք, մենք՝
Ձանձրացած ձանձրանալէ։
Արցունքները կը գաղթեն Արեւմուտքի ցրտասսրսուռ գերեզմանէն,
Արցունքները կը գաղթեն Արեւելքի մահահամբոյր դաշտերէն
Ու աղերսները կը գալարուին սրուակներու յատակին,
Ու ականջներ չկան երկնակամարին վրայ։
Խլացած է երկինքը,
Ես,
Դուն,
Խլացած ենք մենք
Եւ ականջներ չկան երկնակամարին վրայ…
Բայց, բոցեղէն իմ աստուած,
Ա՛լ յայտնուէ
Ու շունչ տուր իմ տենչերուն աշտապակին բոցկլտացող…
Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան