ՔԱՄԻՆ
երբ քամին ճօճեց մեր պարտէզին ծառերը
տերեւները չգիտցան – թէ ես եւ դուն
տերեւ էինք
երբ քամին ցնցեց մեր կղզիին սահմանները
արմատները չգիտցան – թէ ես եւ դուն
արմատ էինք
երբ քամին վերծանեց մեր անունները
պտուղները չգիտցան – թէ ես եւ դուն
պտուղ էինք
չգիտցան – աւաղ չգիտցան
ԱՄՊԸ
քամին ամպ մը բերաւ եւ դրաւ
իմ եւ արեւին միջեւ
ինչո՞ւ քեզի ըսէի թէ
ամպ մը չկրնար պահել ճշմարտութիւն մը
ՏՈՒՓԵՐ
քամին տուփեր հաւաքեց մեր բակին մէջ
մենք տուփեր բացինք – տուփեր գոցեցինք
պահուածը գտնելու մարմաջով
յետոյ պարզապէս
բազմաթիւ տուփեր ունեցանք
ՀԱՍՑԷ
ճշմարտութեան հասնելու համար
պէտք չէ հետեւիլ քամիին
նախ պէտք է գտնել հեռաձայնի թիւը ճշմարտութեան
ապա
ժամադրութիւն առնել ճշմարտութեան քարտուղարէն
գիտնալու համար հասցէն ճշմարտութեան
հասնիլ վայրը հասցէին
վերջապէս – փնտռել դուռը ճշմարտութեան
եւ այս
ամէնէն դժուար մասն է այս ճամբորդութեան
ՊԱՏԵՐ
քամիներ չկրցան տապալել պատեր
եւ մեր սէրերը ապրեցան պատերու մէջ
պատերու մէջ – պատերու մէջ
մեր սէրերը ապրեցան պատերու մէջ –
որովհետեւ անոնք ծնած էին
պատերու մէջ – պատերու մէջ
ՅԱՂԹԱՆԱԿ
անկարելի է քեզ կորսնցնել
նոյնիսկ ամէնախիստ քամիներուն մէջ
որովհետեւ
ես պարզապէս չեմ գտած քեզ
եւ չգտնելու այդ յաղթանակը
կ’ուզեմ քեզի նուիրել ես
ՀՈՆ
քամին մեր երազը տարաւ դէպի ծով
դէպի կղզի
հոն մոխրագոյն ժայռերը կղզիին
ծանօթացան մեր երազի քաղցրութեան
ՍՊԻ
եւ այնպէս կրքոտ համբուրեցի քեզ – քամիին –
որ սպի մը ձգեցի շրթունքիդ վրայ
եւ կ’երեւի թէ դուն
ամէնէն սիրալիրը վարուեցար այդ սպիին հետ
Արա Ճուհարեան