ՏՈՂԱՆՑՔ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

 

Բազում են կայարաններ

կը սպասեն անցորդներու

մերթ բաժանման

մերթ ողջագուրման

ի վերջոյ երկու գծի վրայ

գնացքը կը սողայ:

Ժամն է ահա ճամբորդութեան

պահ մը սիրելիներ կը հեռանան

պահ մը հարցեր կը բարդանան.

ծանօթ անծանօթ ճամբորդներու կը սպասեն

գծին վրայ գնացքներ.

երկաթը շէկ կը տաքնայ:

 

Երբ զանգը հնչէ

կեանքը ձեռքերու մէջ

թեւերու փարած

շալակի մը բեռ դարձած

կը հեռանայ:

 

Մա՞րդը թէ՞ ժամանակը կը սահի

դէպի յառաջ.

մերթ անուրջ մը

մերթ սին պատրանք.

տողանցք մը եռուն երփնաթոյր

որ կը տաղէ միսը

երկաթին ծայրը անվերջ

կ’երկննայ հեռուն

ուղիղ ոչ կոր:

 

Յաջորդ գծին առանց հասնելու

վախճանը կը հասնի

կայարաններ են անոնք

ուղեւորներու տողանցքին կարօտ

անսպասելի: