ՓԱՌԱԲԱՆԱՆՔ ՎՐԷԺԻ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՄԱՆ

 

Անէ՛ծք, անէ~ծք գոչեցի աշխարհին, ցաւիս պահուն,

Երկինք ու երկիր դղրդացին իսկոյն,

Լսեցի արձագանգ մը հեռուներէն,

Վրէժի ձայնն էր, կու գար ինծի, խաւարին ընդմէջէն,

-Պիտի երազդ դառնայ իրողութիւն,

Ու առաւօտուն՝ տեսնես տեսիլքներ անիրական,

Որուն համար աշխարհ պիտի ողբայ, դուն ո՛չ,

Պիտի չհաւատաս աչքերուդ, պիտի քրքջաս երկա~ր:

 

Օ~հ, խիղճ իմ խոցուած, դուն անկենդան դիակ,

Ե՞րբ սպաննեցին, յօշոտեցին քեզ, ու դարձուցին արիւնաքամ.

Դուն որ կը ցաւէիր դոյզն աղէտին ու մահուան,

Կը նզովէիր պատերազմն ու աւերները հրէշաւոր,

Ո՞վ խլեց քեզմէ առաքինութիւնդ մարդկային,

Ու մարեց կայծն ու ճիչը անմեղ գրիչիդ,

Դարձար Նեմեսիսին երկրպագու, վրէժին խնկարկու,

Բարկութեան ու ցասումի պահու մը խելագար…

 

Օ~հ, վրէժի աստուած ոխակալ, զա՛րկ,

Զարկ անխնայ, անհաշիւ, ու անողո՛ք,

Թող լսեն մանկան լացը աղիողորմ,

Ու ողբացող մայրերուն ճիչը ահաւոր՝

Ինչպէս մերն էր, անգութ ու ողբակոծ.

Թող աղէտը դառնայ համայնական սուգ ու եղերգ,

Դառնայ մորմոք անոնց վհատ սրտերուն,

Ու կորչին երազները՝ հոգիներուն մէջ բողբոջ.

Օ~հ երկրային արդարութիւն, լսէ՛ զիս,

Ցեղիս ողջակիզումը թող դառնայ վարակի նման

Չարին կործանման ահազանգը վերջին,

Ու վրէժի փոխհատուցման պահը որոշիչ:

 

Օ~հ անիրաւ աշխարհ, իմ խիղճս մեռա~ւ

Երբ գարշահոտ դիակիդ դիմաց նստած

Կը տառապէի լուռ, լեզուս պապանձած…

 

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

2023, Թորոնթօ

 

անտիպ