Անմահական Աղբիւր
Անմահական աղբիւր երանութեան,
Աչքերս յառած վեր, հոգիս լայն բացած,
Կ՛ընկալեմ թափած շողերդ լոյսէ՝
Հոգիէդ բխած, հոգիիս հասած,
Ու խաւարս կը մարի,
Սեւս կը գունաթափուի,
Դժոխքս կը հրկիզուի,
Ու կը յորդիմ, կը յորդիմ ես լոյսով:
Ապա եսս սնուցող գիծերս յոռի
Լոյսիդ կիզող ուժգնութենէն կը սմքին:
Այդպէս ատելութիւնս ինքը կը թունաւորուի,
Բարկութիւնս ինքը կը սրդողի,
Ոխակալութիւնս ինքը կը խղճահարի,
Հպարտութիւնս ինքը կը խոնարհի,
Ագահութիւնս կը սպառի,
Ու կ՛արբենամ, կ՛արբենամ ես լոյսով:
Ապա ինքնախաբէութեան ետին
Պահուըտած ապականած հոգիս,
Կը բացայայտուի ու կը շուարի:
Սակայն լոյսիդ պատմուճանը
Երբ ծածկէ էութիւնս,
Ամօթս ինքը կը շիկնի,
Մեղքերս իրենք կը ստրկանան,
Եւ լուծս ինքը կը կքի,
Ու կը պարուրուիմ, կը պարուրուիմ ես լոյսով:
Ու երբ լոյսիդ շողերը,
Աւելի ու աւելի թափանցեն
Հոգիիս խորունկ ծալքերէն ներս,
Ու սպեղանի դարձած ամոքեն զիս,
Անձկութիւնս ինքը կը յուսալքուի,
Լեղիս կը քաղցրանայ,
Վէրքերս կը սպիանան,
Ու կը խայտամ, կը խայտամ ես լոյսով:
Ապա հոգւոյս աչքերը կը բացուին,
Ու ամենուրեք տիրապետած
Լոյսիդ շքեղ պայծառութեամբ
Կը սկսիմ տեսնել ես,
Ու կուրութիւնս ինքը կը խաւարի,
Տգիտութիւնս ինքը կը մթագնի,
Գոռոզութիւնս ինքը կ՛արհամարհուի,
Կասկածներս իրենք կը տատանին,
Ու կը ողողուիմ, կը ողողուիմ ես լոյսով:
Ու ահա այսպէս շլացուցիչ լոյսովդ
Պարուրուած հոգիս կը խոնարհի ծնկաչոք,
Իմաստութիւնս կը ծնի,
Սէրս կը բաշխուի,
Ներողամտութիւնս կը մատուցուի,
Խիղճս կը ժպտի,
Եւ վերջապէս,
Լոյսիդ անհունին մէջ թաթխուած,
Ես՝ պիղծս կը մաքրուիմ։
Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան