ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ

 

ներսս տեղ մը

patchwork-ի պէս կարկտնուած

քաղաք մը կայ

կարկտնուած փողոցներով ու ծանրացած

շա՜տ ծանրացած

 

կարկտնուած փողոցներս կը սկսէին

Երեւանէն ու Հալէպէն

կը հասնէին Փարիզ Պէյրութ Գահիրէ

 

փողոցներս թնճուկուեցան

ու մնացին պատկերներուն հետ ծանրացած

 

կար ժամանակ

կը տանէինք երկու վալիզ

-Թխմէ՛, թխմէ՜ …

բարակ աւել ու թել պանիր

լոլիկի ջուր փոշի պղպեղ եւ համեմներ

երկու վալիզ … թխմէ՛ լեցո՛ւր …

 

բայց կրողներ չմնացին

եւ ուսերը ա՛լ յոգնած են

քու ապրածէդ ուրիշներուն չերազածէն

ու չապրածէն

 

նկարները հոն մնացին

քանի մը հատ դեռ կը յիշես

փոքրիկ դղեակ ու ապարանք

չես հասկնար ո՞ւր են

հո՞ս են

ծննդավա՞յր թէ հայրենիք

 

եւ իրա՞ւ են թէ երազուած

եւ անոնց մէջ ապրողներ կա՞ն

արձագանգներ կը յամենա՞ն

 

պատկերները հո՛ն են սակայն

ու կը ստիպեն որ ետ դառնաս

ու ետ նայիս

փնտռես կշռես ու որոշես

թէ բոլորէն այս ի՞նչ մնաց

 

աղի արձան

 

ու քաղաքը ճերմակահեր խորշոմած

ի՞նչ կը պահէր իր ժպիտին

քուլիսներուն տակ թաքնուած

 

կտրտուած փողոցներով քաղաքին մէջ

կտրտուած կեանքեր եկան

ու փորձեցին կապել շինել նորոգել

ապրիլ փորձել

 

այնքան շատ էր կոտրտանքը

եւ այնքան շատ փողոցներու թնճուկները

ոչ փակցնել ու ոչ կապել

ոչ ժամանակ ու ոչ ալ սիրտ

հաւաքելու կարկտելու շունչ փչելու

 

ներսս տեղ մը patchwork-ուած քաղաք մը կայ

եւ թնճուկուած փողոցներ կան

ամէն մէկը իր անունով 

առանց վայրի

մականունը կորսնցուցած

թափառող ու հոս-հոն վազող

 

եւ կեանք փնտռող հի՜ն փողոցներ

 

ՄԱՐԴԸ ՔԻԹԻՆ ՍՓԻՆՔՍԻՆ

ուղտեր միայն անփոփոխ

 

վրանները լարեցինք

անոնց շուքին երջանկացանք

յետոյ մէկը տաղեր ըսաւ

երջանկութիւնը խաթարեց

 

իսկ տաղերը լուացքի պէս

բամբասանքի թելերէն կախ

ճօճուեցան

 

***

առանձնութեան օրհնութիւնը տենչացող

աւազին դէմ լռութիւնը կը 

ջախջախուէր

իմաստներէն պարպուած

 

եկան իրենց անօթութեամբ

«ամբոխները խելագար»

կոյր սկիզբէն

քշուած անղեկ

մորթոտեցին բզկտեցին

յետոյ գինով հռհռացին

նկարուեցան ճի՛շդ այն պահուն

երբ ամէն բան կը փոշիանար

 

յետոյ գտան իրենց նման կենդանի մը

եւ մորթեցին

իրենց արիւնը արիւնով լուալու

 

***

հեռուն տեղ մը

Սփինքսը դեռ կը խոկայ

քիթը կոտրած եւ անօգուտ

 

մինչ ամբոխներ ճանճերու պէս

կ’ապականեն անեզրութիւնը անհունին

կը սահին վար ժամացոյցին կողերէն

 

աւազներուն կը մոռցուին

ու կը մնան

յաւիտեան

 

իսկ բուրգերը կը պարպուին

ու կը լեցուին խառնիճաղանճ

աղմուկով

 

կեանքի իմաստ մխիթարանք

եւ մարդէ մարդ ի զուր գացող

թունոտ նետեր 

որսալով

 

Մարուշ Երամեան