Անդադարութիւն

Դադարէ մը վերջ
Թնդանօթներն
Ու հրետանիներ
Դարձեալ կը լեցուին
Եւ կրակելու
Կարճ ու կտրուկ
Հրահանգի մը
Անոնք կը սպասեն…

Դադրէ մը վերջ
Այդ միջազգային
Կաս-կարմիր խաչի
Աշխատակիցներ
Իրենց սեփական
Դրօշակները
Աջ-ձախ կը ճօճեն
Աճիւն կ’որոնեն
Եւ բանտախուցէ
Ուրիշ բանտախուց
Անոնք կ’այցելեն
Եւ փաստահաւաք
Գործ կը կատարեն:
Իսկ այդ սուրբ գործի
Մեծ արդիւնքները
Այդքան կ’ուշանան…
Եւ յաճախ անոնք
Մոռացութեան խոր
Անդունդներու մէջ
Լուռ կը կորսուին:

Դադարէ մը վերջ
հունտեր կը պայթին՝
Փարաշութները,
Դատարկութեան մէջ
Շուշաններու պէս
Գոյն-գոյն կը բացուին:

Դադարէ մը վերջ
Երկունքի ցաւեր
Ուժեղ կծկումներ
Կը վերադառնան
Արգանդներու եւ
Ուղեղներու մէջ
Մինչեւ ծնունդ տան
Նոր պտուղի մը:

Դադարէ մը վերջ
Մեծ երկրաշարժին
Պիտի յաջորդեն
Յետ ցնցումային
Փոքրիկ ալիքներ,
Մինչեւ յարմարինք
Իրականութեան
Նոր պատկերներուն:

Դադարէ մը ետք
Մարդիկ կ’ընկալեն
Ինչպէս խաբուած են
Կեղծ խոստումներով
Կեղծ արեւներով…
Եւ թմրեցուած են
Նուաճումներու
Կեղծ ալիքներով,
Վիճակագրական
Կեղծ շպարներու
Կորագիծերով
Եւ տուեալներով:

***

Դադարէ մը վերջ
Մենք կը մահանանք…
Դադարէ մը վերջ
Երկնային այդ մեծ
Դատարաններէն
Վճիռ կ’արձակուի
Եւ մենք վերջապէս
Կը տեղափոխուինք
Անդադարութեան
Մեծ կայսրութեան
Մեծ անյայտութիւն…:

22.09.2021
Ք. Հալէպ