ՏԽՈՒՐ ԵՐԳ
ցաւերս
զանգակի մը լեզուակին մէջ
պահուած ղողանջ
արցունքներս
ժանգապատ լարի մը մէջ
պահուած թրթռացում
հոգսերս
հեռաւոր անցեալի մը մէջ
պահուած յիշողութիւն
սէրերս
հնատաշ քարի մը ծաքերուն մէջ
պահուած սեպագրութիւն
ԱՅԴ ՕՐԵՐՈՒՆ
մեր յոյսը շատ մեծ էր ընկեր
անվաղիւ այդ օրերուն
մեր ժպիտը լայն էր ընկեր
նեղ ու սեղմ այդ օերուն
մեր սպասումը երկար էր ընկեր
անկանգառ այդ օրերուն
մեր փնտռտուքը ի զուր չէր ընկեր
անունն իսկ չպահող այդ օրերուն
մեր լռութիւնը պաշար էր ընկեր
անայբուբեն այդ օրերուն
մեր կեանքը պայքար
մեր պայքարը կեանք էր ընկեր
հողեմ գլուխն այդ օրերուն