Յոյս Յաւիտենական

Ո՞ւր էիր դուն,

կ՛ըսեն՝ չկայիր,

չկայիր գիշերուան լուռ աղմուկներուն մէջ, մինչ մեզ պատէ պատ կը զարնէին,

սիրտի պատառներ կը խարկէին,

երբ լիրբ ագռաւներու հանդէս էր,

սուտ Կանտիներու տողանցք էր,

ամէն կողմ ՝ ամէն կողմ կեղծիք էր:

 

Ո՞ւր էիր դուն,

կ՛ըսեն՝ չկայիր,

չկայիր այդ մութ ու ամէնէն սեւ պահերուն,

երբ ճիւաղը մանուկ սիրտեր կը պատռտէր,

մեր զինուորները կը պայթեցնէր,

մեր ասպետները կ՛առեւանգէր,

մայրերու ճիչերը կը սպաննէր,

կը խեղդէր, ու կը խեղդէր,

քեզմէ զուրկ հոգիները կը քերթէր:

 

Ո՞ւր էիր դուն,

կ՛ըսեն՝ չկայիր,

չկայիր, երբ ատամներով քու տեսակը կ՛որոնէի, բանտի ամէն մէկ անկիւնին մէջ

ամէն րոպէ, ամէն տեղ քեզ կ՛որոնէի,

երբ փոթորկած ու ալեկոծ հոգիով

ծովու ամէն մէկ ալիքի,

ամէն ալիքի ամէն մէկ պղպջակին մէջ`

շունչ մը, քեզմէ նշոյլ մը կը փնտռէի։

 

Ո՞ւր էիր դուն,

երբ կը փնտռէի, լոկ անցեալ մը գտնելով,

վառ անցեալը արագ խամրող,

մինչ կային միայն ընկերներ դաւաճանող,

կը փնտռէի աչքեր, որոնց մէջ կայ սէր կամ ժպիտ, մէկը՝ որ վիզիս պարանը թուլցնէ,

մինչ կ՛օրօրէին, կ՛օրօրէին,

մերթ կը խնամէին, մերթ կը շոյէին,

յետոյ՝ քանի անգամ կը թաղէին:

 

Ո՞ւր էիր դուն,

երբ անունիդ մէկ տառովը միլիոն էջեր գրեցի,

երբ յանուն քեզի հազար վէպեր հիւսեցի,

երբ անունովդ գրեցի երգեր`

զորս մարտիկներ երգեցին,

երբ գրեցի խօսքեր`

զորս սիրահարներ շնչեցին,

երբ գրեցի գիրքեր`

զորս կեանքը դեռ պիտ’ կարդայ,

երբ գրեցի, գրեցի ու մեռայ գացի,

որպէսզի ետ գամ ու դարձեալ  քեզ գտնեմ,

գտնեմ քեզ՝ յոյս յաւիտենական:

 

Յոյս յաւիտենական,

որ թէ՛ սուտ ես, թէ՛ իրական,

յոյս՝ որ դժոխքներ կը քանդես,

ու կեանքեր կը ծաղկեցնես,

յոյս՝ որ կը խնամես, երկար կը համբերես,

յոյս՝ որ հեշտագին կ՛օրօրես, մոլեգին կը սիրես, յոյս՝ որ կը մնաս մօտս,

երկար կը մնաս,

ու մօտս մնալով՝

մէջիս մարդը մարդ կը պահես:

Վիգէն Յովսէփեան