Հետս էիր ու պիտի մնա՛ս միշտ
Հետս էիր. Երբ տակաւին մանուկ էի խանձարուրի մէջ փաթթուած ու կապկապուած եւ կ’արձակէի ճիչերս առաջին։ Քունը կը հրաւիրէիր կոպերուս ու փակել կու տայիր աչքերս` անգամ մը եւս։
Հետս էիր. Երբ դժուարաւ թոթովեցի իմ բառերն առաջին։ Բաց արձակեցիր լեզուս, թռիչք տուիր բառերուս ու քեզմով կրկնեցի ես զանոնք։
Հետս էիր. Երբ մերժեցի պայուսակն ուսս առած մանկապարտէզ երթալ։ Գոյն տուիր անոր պատերուն, կեանք բերիր անոր քարերուն։ Եւ ես, քեզ մտքիս մէջ առած, ամէն օր յաճախեցի այնտեղ։
Հետս էիր. Երբ բառ առ բառ սկսայ կարդալ նախադասութիւնները պատկերազարդ գիրքիս։ Առանց քեզի, ինչպէ՞ս կարդայի ճերմակ թուղթի սեւ գիծերն այդ։
Հետս էիր. Երբ բարդ էր շուրջբոլորս դարձող ամէն բան, դժուար էր հասկնալ զայն։ Դուն էիր Կաղանդն ու Զատիկը, սէրն ու հայրենիքը։
Դուն էիր, որ դասի ընդմիջումներուն պարապ ժամն ու հոգին կը լեցնէիր իմաստաւոր քու ներկայութեամբ։
Եւ մնացիր ինծի հետ եւ սկսայ քեզ ճանչնալ։
Ու ճանչնալով սկսայ քեզ աւելի փնտռել, սիրել, արժեւորել։
Քեզ հետս տարի ամէն տեղ, բայց դուն ամէն տեղ իսկ էիր։
Կու գայիր բնութեան խորերէն եւ անոր մակերեսէն անգամ։ Կը պահանջէիր ականջս, եւ ես կու տայի…
Կու գայիր Սուլող քամիէն, գլգլացող առուէն, մեր տան դիմացի ծառին սօսափող տերեւներէն, կու գայիր էակներէն այդ թռչող, անգամ կու գայիր փողոցի դռներէն ճռճռացող։ Դուն ամէն տեղ էիր եւ ուշադրութիւն կը հայցէիր։
Հետս էիր դուն.
Եկեղեցւոյ գմբեթին տակ` երբ հարազատի մը սուգը կրեցի։
Աղօթքներուս մէջ` երբ առաջին խնդրանքս երկինք բարձրացուցի։
Սրահներէն ներս` ուր բացակայութեանդ անկենդան խաղաղութիւն մը պիտի տիրէր։
Խնճոյքներուն` վարպետօրէն հիւսեցիր ու շաղկապեցիր յիշատակներն անմոռաց։
Դուն կայիր Ժխորին մէջ ու անդորրին…
Կայիր երբ մթագնող երկինքէն կրակէ բեկորներ կը տեղային վիրաւոր քաղաքին վրայ։
Խեղդեցիր աղմկոտ լռութիւնը հոգիներու։
Ամոքեցիր բաց վէրքերը բորբոքող` զերդ բալասան։
Ու եղար տակաւին հետս երբ ապրեցայ իմ սէրն առաջին, եւ յուսախաբութիւններն իմ բոլոր։
Իմաստաւորեցիր ամէն զգացում. յիշել ու մոռնալ տուիր, հրահանգեցիր շինել եւ քանդել, բաժնել ու միացնել, տիրել, ձգել, անտեսել, շրջանցել։ Տուիր ինծի հնարաւորութիւնները բոլոր, բոլոր կարելի բեմագրութիւնները։
Դուն կու գայիր, կը տեւէիր, կը մնայիր։
Մէյ մը օձիքէս կը հանէիր դէպի վեր, մէյ մը ոտքէս կը քաշէիր դէպի վար։
Եւ ես կը հետեւէի, կը հնազանդէի։
Եւ Հոն էիր…
Հոն էիր մայրամուտին եւ արեւածագին` ականջիս մէջ ու մաշկիս վրայ։
Հոն էիր ուրախութեան սահմանները ջնջելու, ցասումի դառնութիւնը քաղցրացնելու։
Հոն էիր պահու որպէս պահանջ։
Հոն էիր որպէս քաղցր յիշատակ։
Հոն էիր որպէս հոգիի սնունդ։
Շաղկապելով ողջ մէկ երկրագունդ։
Հո՛ն էիր, երբ ոչ ոք ու ինչ կար։
Դո՛ւն, անմահակա՛ն մեղեդի, ամոքի՛չ երաժշտութիւն։
Քրիստ Խրոյեան
Պէյրութ, 17 Դեկտեմբեր 2023