Մայրերու Օր

Սրտագրաւ կաթոգին
Սէրս նման ծաղկունքի՝
գարնան օրով առաջին
ես մայրերուն ձօնեցի…

Բայց չեմ գիտեր, ո՜հ, մայր իմ՝
գարո՞ւնն էր որ անձկաւ
Սիրտդ այսքա՜ն սէր տուաւ՝
Թէ սիրտդ էր որ գարնան
Սիրոյ ծաղիկներ տուաւ…

Ես լոկ գիտեմ կեանքը իմ
գարունէդ էր որ ծնաւ
Ու այս օրին ցնծահամ
Մայրերու Տօն այս օրուան՝
համբուրելու քեզ կու գամ։

21/3/2022

Թադէոս Եսայեան