ԿԸ ԳՐՈՒԻ

                         Նորա Պարութճեան

յորդեալ հեղուկ մոխրագոյն 

չարաբոյր հոսուկ թանձրացած

սիրոյ ամանէն ինկած

աւելորդութիւն

որուն չի կրնար այլեւս մարմինը տոկալ

կը գրուի … կը գրուի 

անկապ անորոշ

սողանցքներէն երակի 

բացին վրայ 

չքանալիք մէկ պահի

որ հեռու է հասկցուելու ճաշակէն

 

ո՞ւր է ո՞ւր է իմաստը

եւ թոյրը զոր ծայրերով մատներուն

դիտեցինք օր մը

ու տեսանք անկէ ծորող լուսափոշին

մեր ծոցին

մելանի պէս ջնջուելիք 

կու գայ դարձեալ խաբելու

լեցուելիք ճերմակութիւնն մեր առջեւ 

որ ոչ մէկուն հոգիին մէջ տեղ ունի

 

խամրելիք

արդէն իսկ խամրած

յոյսէն բխած տմարդութիւն

դեռ կառչած ենք պարապութեան

ու կը լսենք միայն աղմուկ

միայն թշուառ ափսոսանք

ու տակաւին անլրջութեամբ միամիտ

զայն կը քշենք մանուկի պէս աճելիք 

մեր անցնելիք ճամբայէն

կը քրտնի երգը մեր մորթէն                  

կը շոգիանայ դէպի վեր

մեզ կապելու մեզմէ անդին գտնուողին

ու կանգնելու

չհասկցուած մեր անձին դէմ

միս-մինակ