Սիւզան Խարտալեան

suzanneholmquist@gmail.com

 

 

փախստական բջիջներ

 

1

հանդիսատեսներ ենք

ես ու դուն

վկայ մեր կեանքը

թատրոն

 

վկաներ ենք ես ու դուն

ես փորձառական ջրահարս

դուն մետաղապատ խճուղի

զօրացրուած զինուորներ

առասպելի հերոսներ

մեր կեանքը  գիտափորձ է

յոյժ գաղտնի

 

կը ծալլուինք կը ճչանք

կը մոխրանանք

ետին մեր կը ձգենք

պարապուտ  ամալերկ

չմարսուած զայրոյթ

 

կը յիշե՞ս որ երդուեցինք

որ հեռուէն նայիլ չկայ

մայթին վրայ  ձեռնածալ

լուռ կենալ չկայ

որ իմ ու քու պարտքն է վկայել

չկայ փախուստ հանգիստ

փրկութիւն

գնում  վաճառք

չկա՜յ

այս անյագ խաղին մէջ

բռնուած թռչուններ ենք

շնչառութեան հմայքը մոռցած

պնդաճակատ  բայց շղթայուած

ես ու դուն վկաներն ենք այս ֆարսին

 

մերը կեանք չէ

մերը պատմութիւն է

կորսուած

 

 

2

 

Օ՜հ կորուստին մասին

ես ու դուն

գիտենք չխօսիլ

չսգալ

ես ե՞մ կռուողը  թէ

դուն նահանջողը

 

ուղեղս կուզէ  ջնջել

անպէտքը

իսկ ես կուզեմ պահել

փոքրափոքր մանրուքը

բայց կանխորոշուած ​​է արդէն

որ պիտի չապրի այն յուշը

անիրական

շունչդ որ կչ փչէր կրնակիս

ոտքերուդ քսքսուկձայնը կարմիր գորգին

ակռաներուդ  զուզպ կտրճումը

 

կանխորոշուած է

պիտի չապրի սենեակին մէջ յամեցող

բուրմունքդ մուշկի

տաք ու նուրբ հոտդ

երբեմն փոշիահոտ ու քաղցր

երբեմն բարդ փայտաբոյր

նարինջի ծաղիկի երանգներ

 

պիտի չապրի լռութիւնը

որ կը յուշէր

մենք ու մերը կերտելու

անհնարութիւնը

հեռաւորութիւնը

մերը կը մեռներ

ծնած վարկեանին

 

մոռնալու բնազդին դէմ

յաղթել չկայ գիտեմ

հիմա մէջս կը թափառի  միայնակ յուշը

ապրելու իրաւունք ունեցող միակ  յուշը

ուրիշին համար ապրելու յուշը

 

յիշողութի՜ւն, իմ տեղս խօսիր

արտացոլէ լոյսը շեղաշող

այն աստղին

որ մերն էր մի պահ

 

3.

 

անձը որուն կը փորձես  զանգել

հասանելի է

սմարթֆոնը ձեռքին պինդ

ատրճանակի պէս

բայց չի պատասխաներ

որովհետեւ կ‘ատէ տագնապ

կամ առերեսում

 

զանգդ ուղեղիս ահազանգի կը կանչէ

կեղծ տագնապ է

սիրախօսութիւնդ

արմատացած սովորութիւն է

գէշ

չուզեցիր զարգացնել

 

ձայնդ բրդոտ է

մարմինս կը քերէ

քնքշանքդ փայտփորիկի հարուած է

ուղեղս վառելափայտի կը վերածէ

երկարաբանութիւնդ

կարմիր գլխարկիկին խաբելու

բառարան է

որդնած բառերու շարք է

 

կը փորձես  զանգել

կրկին խաբել

իսկ ես հասանելի եմ

չեմ պատասխաներ

կատեմ աչք աչքի  նայիլ

հաշիւ պահանջել

 

ինչպէս միշտ դուն  կը զանգես

սխալ ժամուն

սխալ օր սխալ ամիս

սխալ տարի

հասանելի էի երէկ

անհասանելի եմ հիմա

մութին մէջ ծուարած

ափերուս մէջ ամուր սեղմած

հեռախօսը ատրճանակ

կը տենչամ ձայնդ

բրդոտ եւ խռպոտ

անհասանելի է անցեալը

փակ է տոմարը

չկայ թուղթ

ոչ արձանագրութիւն ոչ  վկայութիւն

կայ  միայն յուշ

վաղամեռիկ մեր անցեալի

վարդափուշ

 

 

4

 

Ամենախորհրդաւոր բջիջները

Մարմնիս

իմս չեն

հոն մէջս թաքնուած են

բեկորներ փախստական

մօրմէս մեծ մօրմէս

քոյրերէս հօրաքոյրներէս

բեկորներ անհամար

հոն պահուըտած արգանդին մէջ

յատուկ գործով լրտեսներ են

լուռ  ու մունջ

կը սպասեն  յաջորդ պտուղին

որ թափանցեն  խորքը

հիւսուածքներուն մէջ

ներսը  մեծցող նոր կեանքին

որ կոփահարեն սիրտերը

թոքերն ու աղիները

նորեկներուն ուղեղները

յաւերժացնելով սեղմակապը

պտուղին ու մօր միջեւ

 

ես մօրս մանրանկարն եմ

մօրս  բջիջները կապրին  ուղեղիս մէջ

մասնագիտացած մեքենաներ

քաղց ու ծարաւի,

վէրքի ու ցաւի

սաստկող պահանջող

լուռ ու խիստ

քննիչներ են

 

ես խճանկարն եմ հարազատներուս

հոն են քոյրերս իրենց անձկութիւններով

եւ անձնութիւններով

աւագ քոյրերս հօրաքոյրներս իրենց սէրերով

մեծմայրս իր դաջուածքներով

ներսըս կապրի տոհմը ամբողջ.

Փոխանակումը  այս նուէր է

քաղցրադաժան

Ի՞նչ  կընեն այս բջիջները

կեանք  մը շարունակ

մէջս

կապրին  տարբեր էակներ

հետս կը կռուին

խիստ հակասական են

կողմնակալ  են

քննադատներ են աններող

մէկական բռնատէրեր են

այդ բջիջներուն  համար

արգանդի դանդաղութիւնս  անընդունելի է

սակաւ յղիութիւնս խիստ քննատադելի է

յաջողութիւններս հազիւ քաջալերելի

իսկ զգայնութիւններս անհասկնալի

հիմա գիտեմ որ

այդ փախստական բջիջները

անցուոր  ուղևորներ չեն

այդ բջիջները

ճարտարապետներն են

մարդկային տառապանքի

խորտակուած յոյսերու

խափանուած ծրագիրներու

արագ անհետացող կեանքին

յուսահատութեան

դաւաճանութեան դիմանալու

եւ պատնէշներ բարձրացնելու

կեանքը լիիրաւ ապրելու համար

մէկ մեծ զինանոց

 

դաժան նուէրներ են

փախստական բջիջները իմ

 

5

 

ձիւնը կ‘իջնէ նազով

ամէն մէկ փաթիլ իր ճամբով

ադամանդէ բարակ ասեղ

կը սահի վար պարով

մի ակնթարթ

կը հանգչի ճակտիս փափուկ

բիւրեղ սառոյց կը ջերմանայ

կը դառնայ ջուր

կը հոսի վար վիզէս ներքեւ

կուրծքիս

կը դառնայ ծով

 

ձիւնափաթիլ ենք ամէն մէկս

կը սահինք մեր մեր ճամբով

անկրկնելի ճակատագրով

կը ձգուինք յատուկ-յատուկ

կարծրակուռ ենք  ադամանդ

մի պահ

փափուկ ձիւն ենք կը դառնանք ջուր

կը միանանք  հին սերմերուն

 

 

 

Սիւզան Խարտալեան