Մարդկութեան,

 

այո Մարդկութեան

Անդրամարդկութեան,

այո ինչ կայ դուրսը մեր աշխարհէն, անջրպետէն,

նոյնիսկ հոգիէն զատ,

սեռուցքը, սեռուցքը անոնց,

կը կանչեմ հիմա շատ բարձր,

Հաչիփսութի պալատին քով, թագաւորներու ձորին մէջ:

Եւ

կեանքը, մեր կեանքը,

մահկանացու կեանքը մերկ, նոյն այդ մահուան համար,

որ չի գար ամէն վայրկեան,

կը կանչեմ բարձր, տաք արեւին տակ 47 աստիճանով,

Լուքսուրէն-բուրգեր

արեւմուտքէն-արեւելք:

Ընտրութիւնը մէկն էր Թութին ու 5 ամսական զմռսուած չծնուածին,

Փարաւորնեան երգն ու պարը տանելու մեր Եուիֆոյով,

կը կանչեմ ամէնէն հասարակ

ընթրիքները մեր,

Հայաստանէն դէպի ամէն տեղ,

ընտրութիւններու շուքին տակ,

կառոյցներէն-դամբարաններ տանող գաղտնարաններով:

Կարմիր ծովին հետ՛

կապոյտ հոգի անյաւերժ,

եւ անգոյն գոյատեսակաւորում,

Եուֆու կանչող միշտ,

ու արձաններ անսասան մեր մէջ կանգնած

ու մեզմէ դուրս:

Կը կանչեմ զմռսումը սերմին դեռ չժայթած

ու ոսկորները դեռ չկազմուած,

զմռսումը ոգիին տրամադրապաշտ

զմռսումը ոգիին հին ու նոր,

օգնող- չօգնող ոգիին

չտեսնուած աւազներով, երկինքով ու յատակագիծերով:

 

Տիգրան Գաբոյեան