«Ծիրանի ծառ» շարժանկարի փառատօն․ Պիտի կայանայ Արա Մածունեանի նոր ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը
«Ծիրանի ծառ» Ուջանի վաւերագրական ֆիլմերու 7-րդ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ վաստակաւոր ամերիկահայ բեմադրիչ եւ շարժանկարիչ Արա Մածունեանի նոր՝ «Վարպետ Էտտի» շարժապատկերի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը (փրեմիերան): Այս մասին յայտնած են «Ֆիլմադարան» մշակոյթի զարգացման Հասարակական կազմակերպութենէն ։
Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած Էտտի Յակոբեանը 9 տարեկանէն ի վեր կօշիկ կը նորոգէ։ «Եթէ Էտտին չկրնայ նորոգել, ուրեմն որեւէ մէկը չի կրնար»,- կը պնդեն անոր յաճախորդները։ Թուային արդիականացման այս դարաշրջանին Էտտիի արհեստավարժութիւնն ու մարդասիրութիւնը կը յիշեցնեն համաշխարհային մշակութային փոփոխութեան մասին։ Ան որոշակի դժգոհութեամբ կ’ընդունի իր դրութիւնը, բայց եւ կը համաձայնի, որ բախտը դառն էր։ Cinema verite ոճով նկարուած «Վարպետ Էտտի» շարժապատկերը՝ իր խոր գոյութենաբանական պարզութեամբ, կը ներկայացնէ կօշկակարի մը պատմութիւնը՝ մեխ առ մեխ փոխանցելով անոր կենսափիլիսոփայութիւնը։
Արա Մածունեան անկախ արտադրիչ, բեմադրիչ եւ շարժանկարիչ է, ծնած է Լիբանան, կ’ապրի Լոս Անճելոս եւ բազմաթիւ խաղարկային ու վաւերագրական շարժապատկերներու, կրթական տեսագրութիւններու ու գովազդային հոլովակներու հեղինակն է։ «Վարդագոյն փիղը»՝ անոր անդրանիկ ֆիլմը, արժանացած է Panavision-ի մրցանակին եւ ցուցադրուած է զանազան ժապաւէններու փառատօններու մէջ ու նաեւ հեռատեսիլով։ Ութ տարի շարունակ ան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի ուղիղ համաշխարհային հեռարձակման արտադրիչը եղած է ։
Արան տարիներ շարունակ հայ շարժապատկերի մասին դասախօսած է Էմհըրսթ եւ Պրետֆորտ քոլէճներուն մէջ: Ան աւելի քան երեսուն հեռատեսիլային հոլովակի եւ ֆիլմի արտադրիչն ու բեմադրիչն է։ Արան նաեւ նիւթեր պատրաստած է Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի համար, որ օգտագործելով պատմասանութեան ուժը՝ կը զօրացնէ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը։ 2017 թուականին Արան իր ուժերով հրատարակած է «Թռչնոց Բոյն. Պուրճ Համուտի լուսանկարչական փորձագրութիւն» գիրքը։