Ատրինէ Տատրեան (1913 կամ 19152002) – Արձակագիր, թատերագիր եւ բանաստեղծ։

Ծնած է Չօրում «Թուրքիա»: Իր նախակրդութիւնը ստացած է Տատեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններուն մէջ: Ապա յաճախած է Գատըգիւղի՝ Նօթր Տամ Տը Սիօն ֆրանսական քոյրերու վարժարանը: Աշակերտած է նաեւ Սիպիլի: Հետեւած է Վիեննայի եւ Պերլինի համալսարաներու դասընթացքներուն: Տարի մը ուսուցչագործած է Արամեան-Ունճեանի մէջ:

1945-էն մինչեւ 1968, հրատարակած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը Բագարատ Թեւեանի հետ. օգնութեամբը Արմենուհի Էօզէրի: Մշակած է՝  պատմուածք, քերթուած, հէքեաթ, վէպ, թատերգութիւն, մանկավարժական եւ ընկերային յօդուածագրութեան սեռերը: Գրած է նաեւ մանկական թատերախաղեր եւ դասագիրքեր: Իր «Հայրը» վէպը իբր թերթօն հրատարակուած է՝ «Նոր Լուր» օրաթերթին մէջ: Իր վէպերէն հրատարակուած են՝ «Մայթերու վրայ», «Գեհենի ճամբուն վրայ», «Չորրորդ մը կը փնտռուի» և «Հեղինակ կեցիր»:

Բազմավաստակ գրագիտուհին լոյս ընծայած է նաև շատ մը մանկական թատերգութիւններ. որոնք ներկայացուած են Իսթանպուլի մէջ և հրատարակուած երեք հատորներու մէջ՝ «Մանկապատենական Թատրախաղեր» խորագրով:

Իր «Յարդի Շիւղեր Հոսանքի Վրայ» թատերախաղը 1955-ին շահած է Եգիպտոսի գրական, թատերական մրցման առաջնութիւնը: «Մարդը Մարդ Ընելու Համար» եւ «Պանդոկին Սենեակները» թատերգութիւններէն զատ Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ ներկայացուած «Վանօ Եւ Մարօ» երգախառն քերթուած-թատերգութիւնն ալ արժանացած է գնահատանքներու:

Ա. Տատրեանի բանաստեղծական հատորներէն են՝ «Հրդեհ կայ մարեցէ՛ք» եւ «Մարդ մը և աշխարհ մը»:

Իր յուշերը հրատարակուած են՝ «Կեանքի մէջէն. Իմ եւ ուրիշներու կեանքը» անուն հատորով մը:

Հեղինակը իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուած էր Ֆրանսայի՝ Նիս քաղաքին մէջ:

 

ԻՄ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՍ

Ամէն մարդ կը խօսի իր լեզուն,

Ամէն մարդ կը սիրէ իր լեզուն,

Աշխարհ անցայ ու շատ լեզուներ

Ես լսեցի, ու շատ լեզուներ

Ես սորվեցայ, ու ես սիրեցի

Մարդիկն ամէն, ա՜խ ամէն լեզուով…

Բայց, կարօտով երբ մեր տուն դարձայ,

Մօրս գիրկը փոյթով նետուեցայ

Ու իմ լեզուս ջինջ, խօսեցայ:

Եւ պաշտումով ես դողդղալով,

Բոյրով օծո՜ւն, բիւրեղ բառերով

Մօրս գրկին գլուխս դրած,

Շուտով մը ըսի անոր ցած.

-Մայրիկս իմ անուշ, մտերիմ,

Սորվեցուցիր դուն ինձ լեզուս իմ.

Ատոր համար, շատ բան կը պարտիմ

Եւ իմ լեզուովս միշտ ես կը խօսիմ:

Ո՛չ մէկ լեզու այնքա՜ն աղուոր է

Այնքա՜ն վճիտ, այնքա՜ն խրոխտ է,

Այնքա՜ն յորդագեղ, այնքա՜ն դիւթե՜ղ,

Ու ծաղիկի պէս հիր, գունագեղ,

Ուր որ ըլամ, ուր որ ես երթամ,

Պիտի սիրեմ իմ լեզուս փարթամ,

Ու իր վրայ պիտի գուրգուրամ:

 

ԱՏՐԻՆԷ ՏԱՏՐԵԱՆ

 

ՀԱՄԲՈՅՐ ՉԷՐ ՏԱՐ ԱԼ…

Ամէն անգամ երբ կ՛անցնէի ես այդ ճամբէն,

Ցանկապատի մ՛առջեւ աղուոր, ծաղիկներով,

Պզտիկ աղջիկ մը շատ սիրուն համբոյր կու տար.

Գործի գացող իր հայրիկին գուրգուրանքով:

Գարուն ըլլար, կամ ձմեռը խստաշունչ,

Կը տեսնէի աղջիկն անուշ համբոյր կու տար,

Երբ ամէն ինչ հանդարտ լուռ էր եւ ցաւ չկար,

Գիւղը խաղաղ, մարդիկ զուարթ միշտ կ՛անցնէին,

Օր մը սակայն, ցանկապատը փլած տեսայ,

Ծաղիկները դեղնած, չորցած գիւղը աւեր,

Ռումբէն ծակած, պատը տունին ժպիտ չունէր,

Պզտիկ աղջիկն ալ այդ սիրուն, մեծ դէմք ունէր

Չէր ծիծաղէր և չէր երգեր բայց կը սպասէր,

Պատերազմի դաշտը մեկնող իր հայրիկին.

Ամէն անգամ երբ կ՛անցնէի միշտ այդ ճամբէն,

Ցանկապատի փլած որմին քովը կեցած.

Աղջիկն աղուոր, խեղճ, դառնացած, համբոյր չէր տար,

Ալ հայրիկն որ մեռեր էր կռուի մէջ: