ِԱնահիտ Սարգիսեան – Բանաստեղծ, արուեստագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, կրթական մշակ:

Ծնած է Պէյրութ, կը բնակի Փարիզ…

 

Փոխան կենսագրականի՝

Անահիտ ճան
խնդրում եմ ուղարկիր
մի լուսանկար
եւ քո մասին
մի քանի տող…
պահանջողը
Վիոլէ՛թն է…
եթէ մէկ
կամ երկու տարի առաջ ըլլար
այս խնդրանքը
պիտի սարսափէի՜
փախչէի՜
ծակիս մէջ
պահուըտէի՜…

իմ մասիս
ես ի՞նչ ըսեմ
պիտի ըսէի…
կարեւորը
մարդուս գործն է
որ կը գլորի
ու կը պատմէ
ինչ որ պէտք է
երեւի…

սակայն այսօր
այս խնդրանքին դիմաց
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ…

եթէ
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ
ուրեմն ստիպուած եմ
սա քանի մը տողը
քով քովի փակցնել
եւ լուսանկար մըն ալ
ճարել ու ղրկել…

սիրտ չունի՜մ…

ի՞նչ ըսեմ…
հո՛ն ծնած եմ
հո՛դ գացած եմ
յետոյ հոն հոդ
գացած եկած եմ

վերջը
չեմ գիտեր ինչպէս
հո՛ս հասած եմ
եւ բախտով
գրող մրողներու մէջ ինկած եմ…
բայց ինչո՞ւ այսօր
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ…
արդեօք ե՞ս ալ
վերջ ի վերջոյ
գրող մրող դարձեր եմ
եւ լուր չունիմ…

մտահոգուի՞մ…

տողերը լաւ
թուքով մուքով
կը փակցնեմ
սակայն
սա լուսանկարը
ինչպէ՞ս պիտի ընեմ…
ինչո՞ւ կþուզեն
անպայման
սա երեսս տեսնել…

ճերմակերես
սեւերես
եւ թերեւս
աներես…

եկէք
ծուռ նստինք
շիտակ խօսինք
իրարմէ չնեղուինք
երկու բառով ես ըսեմ
դուք հասկցէք
եւ սա խնդիրը
մենք վերջացնենք
ես ալ երթամ
ընելիքներս շարունակեմ…

ես
պարզապէս
սփիւռքին
որբ աղջիկն եմ…

անահիտ սարգիսեան
* * *
աչքերը դէպի
կապոյտը երկինքին
ամբողջ ուժով
կը քաշէ
երկար ու հաստ պարանը
կապոյտէն կախուած
եւ ահա
թեթեւ փետուրի մը նման
կը բարձրանայ
զինք վեր քաշող պարանին հետ
դէպի կապոյտը երկնային
պահ մը կ’անշարժանայ հոն վերը
մէջը պատկերին
ապա
պատռելով պատկերը
ետ կը սահի դէպի վար
իր հետը բերելով պատառ մը
կապոյտէն երկնային
ծունկերը ծալած
ոտքերը գետնին
կ’անշարժանայ
եւ ահա
կը սլանայ կրկին
զսպանակի նման
ու կրկնուող
իր թռիչքներուն հետ
կը ղօղանջէ
զանգը հսկայ
շաբթուան եօթներորդ օրն է
զոր
հանգստեան օր հռչակեց
ինքը`
Արարիչը
երկնային օրուան
սպասուած պահն է
երբ պարոն միսաք
դրախտին դռները կը թակէ
եկեղեցիին հսկայ զանգին
լեզուակէն կախուած
կիրակի օրուան
նեղ
փայլուն կօշիկներուս մէջը
պատանդ պահուած
միակ փէշիս մէջ
բանտուած
յանցագործ հրեշտակի մը նման
կը դիտեմ պատկերը
հմայուած
հրապուրուած
— սոյն փորձութեան
ինչպէս դիմանաս —
եւ ահա
կը սայթաքիս
փորձութեան կը մատնուիս
ու երկար պարանին պոչը բռնած
կը թռչիս վեր
պարոն միսաքին ետեւէն
թռչող թռուցիկին
նախշուն պոչը դարձած
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
Արարիչին
երկար մօրուքէն կախուած
պարոն միսաքը եւ մենք`
քանի մը երեխաներ
արգիլուած գօտին
ոտնակոխած
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
կ’ելլենք վեր
կը սահինք վար
մինչ կը ղօղանջէ
հսկայ զանգը
եկեղեցիին
պարոն միսաք
դուռ մըն էր բացուող
դէպի ծով բարիք
ու մնաց
այդպիսին
նոյնիսկ
երբ զոհեց
քսանամեայ
իր կրտսեր որդին
այն պատերազմին
ուր արիւնը
երկար տարիներ
հոսեցաւ
նեղ երակներուն մէջը
այս ափ մը երկրին
սեւեր հագաւ
որդեկորոյս
տիկին փրլանթ
ու մնաց սեւերուն մէջ
մինչեւ այն երեք կէտերը կախման
ուր կը հասնի
յիշողութիւնս պատանութեան
մինչ պարոն միսաք
աչքերը միշտ
դէպի կապոյտը երկինքին
երկար ու հաստ պարանին
ամուր կառչած
շարունակեց ճօճել
հսկայ զանգը
այն անցեալին
անհետացան
հաստ ու երկար
պարանները երկնային
սակայն
կը շարունակենք
օրօրուիլ
մենք`
ես ու դուն
եւ ան
մէկ վեր
մէկ վար
անդադար
փորձելով
փրցնել
բրդուճ մը
կապոյտ երազէն
փարատած
Բագին 2020-1