հինգ վեց տողով

նամակ

 

դուն

բոլորին մէջ

բոլորին հետ

սակայն բոլորէն

հեռու

շատ հեռու

կը հեռանաս

աղմուկէն սին

ու լռութեան մէջ

կը գլորես

գանձի նման պահած

արցունքներդ ժառանգած

ինչպէս որ սորվեցար

աղմուկին մէջ

ապրիլ

այնպէս ալ պիտի սորվիս

լռութեան մէջ

հանգիլ

անդերձան ասեղդ կը բռնես

ու յոյսի պարկդ կը կարկատես

յոյսի մաշած պարկդ

կամ

մաշած յոյսի պարկդ

անոյժ մատներով

կը փորես շարունակ

կը փորես

կը փորփրես

ոչ ելքի ծակը գտնելու

այլ

լոյսի բարակ շողը գրկելու

կոճակ

օղակ

կոճակ

օղակ

մէկիկ մէկիկ

օղակելով

բարձրացար

ապա

օղակ

կոճակ

օղակ

կոճակ

մէկիկ մէկիկ

արձակելով

խոնարհեցար

ճամբադ երկարեցաւ

մախաղդ պարպուեցաւ

իսկ դուն սպառեցար

ու տեղ չհասար

նստար քարին

հանգստացար

ու բոլորին ցոյց տուիր

տեղ չհասնող ճամբան

դուն

բոլորին մէջ

բոլորին հետ

սակայն բոլորը

հեռու

շատ հեռու

ժամը կը հարցնես
պատասխանը կը ստանաս
ու կը զարմանաս
թէ կեանքդ ինչպէ՞ս
այսքան շուտ անցաւ

վերջապէս

կռնակէդ

բեռը կը հանես

ու միայն

ծանրութիւնը կը պահես

անմելան գրիչդ կը բռնես

խզբզուած թուղթի մը վրայ

հինգ վեց տողով

նամակ մը կը գրես

սակայն

չես գիտեր

սա նամակդ

արդեօք որո՞ւն առաքես

նամակի թուղթդ կը ճմռթկես

անմելան գրիչդ անդին կը հրես

ու

վերմակիդ տակ կը մտնես

ոտքերդ ալ

ինչպէս միշտ

վերմակիդ տակէն

դո՛ւրս կը հանես

ահա

հիմա

պառակտուած

կարկատուած

սակայն հարազատ

վերմակիդ տակ

ոչ կրնաս քնանալ

ոչ կրնաս արթննալ

հինգ վեց տողով

ճմռթկուած նամակ

 

անահիտ

2023-2024