Անդրանիկ Ծառիւկեան (1913-1989) – Սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող։ Հիմնադիրն է Նայիրի գրական հանդէսին։
Ծնած է 1913-ին Կիւրին, Արեւմտեան Հայաստան։ Մանկութիւնը անցուցած է որբանոցներու մէջ, Եղեռնի եւ աքսորի տարիներուն։ 1920-ականներու սկիզբը մայրը կը գտնէ զինք եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Հալէպի Հայկազեան Վարժարանին մէջ։ Ապա կ’անցնի Պէյրութ եւ կ’աւարտէ տեղւոյն Համազգայինի Ճեմարանը։
Գլխաւոր գործերն են՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ», «Երազային Հալէպը», «Թուղթ Առ Երեւան»։
Երկար տարիներ խմբագրած է Նայիրի գրական հանդէսը։
Խօսելով ինքն իր մասին, Ծառուկեան կ’ըսէ, թէ՛ իր բանաստեղծութիւնները ազդուած են Դանիէլ Վարուժանէն եւ Սիամանթոյէն։
Ծառուկեանի արձակ գործերը ընդհանրապէս ինքնակենսագրական կամ յուշագրական են, ինչպէս՝ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը եւ «Երազային Հալէպը»։
Անոր ստեղծագործութիւնները բազմաժանր են.- Գրական-վերլուծական՝ «Եղերաբախտ Քերթողներ» (1939), Բանաստեղծական երկեր՝ «Առագաստներ» (1939), «Թուղթ Առ Երեւան» (1946), Վէպ /արձակ գրութիւններ՝ «Մոխրամանը» (1939), «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» (1955), «Երազային Հալէպը» (1979), «Երազային Հալէպը»- Բ. Շարք (1996), «Վերջին Անմեղը» (1980), «Սէրը Եղեռնին Մէջ», «Հին Երազներ Նոր Ճամբաներ»:
Ուխտ Արարատին
Պիտի հասնինք, սրբազան լեռ, կատարիդ,
Երբ ջրհեղեղը ռումբերուն գտնէ վերջ,
Ու արիւնի ծովերն հագնին ծիածան…
Երբ մորթւած խաղաղութեան աղաւնին
Վերադառնայ արհաւիրքի վիհերէն՝
Ձիթենիի հաշտարար ճիւղը բերնին,-
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ…
Քաղաքներէն, ճամբաներէն, դաշտերէն,
Աքսորի խուլ գռիհներուն խորերէն,
Պիտի շարքերը մեր խրոխտ փոթորկին
Մեր պապերուն խնդիր սուրբ երազին…
Պիտի փշրին մեզ իրարմէ անջատող
Ճակատագրին սեւ պատնէշները բոլոր,
Պիտի հասնինք՝ մեր ջուրերուն ու հողին՝
Ամենասուրբ ըրած կարօտը շեփոր,
Պիտի հասնինք, թէ արեւներն իսկ փլին,
Եւ ճամբաներն ըլլան դժոխք ու արիւն,-
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ…
Տե՛ս մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի,
Տե՛ս մեր կարօտը՝ խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս մեր հոգին՝ քու ձեռքերուդ պէս մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պէս ամուր,
Եւ հաւատա՛, գրանիտեայ ո՜վ աստւած,
Սրբազան լեռ, հաւատա՛,
Որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք կատարիդ…