ԿԵԱՆՔՍ…

Կեանքս շատ է նման ծովուն,

Մերթ ալեկոծ եւ մերթ խաղաղ,

Շատ բան գնաց փրփուրին հետ,

Շատ բան մնաց տակը ջուրին…

Ոմանք անցան, անտեսեցին,

Լոկ փրփուրով զմայլեցան։

Բայց ուրիշներ լուրջ ու խոհուն՝

Մարգրիտ գտան խորը հոգւոյս…

Մերթ ալեկոծ, թէ մերթ խաղաղ՝

Աստուծոյ Աչքն է մի՛շտ վրաս։

 

Անուշ Նագգաշեան

06 Օգոստոս 2023