Արա Արծրունի (1932-2018) – Լիբանանահայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր:

Ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ ապա ֆրանսական «Սաքրէ-Քէօր» վարժարանը: Մինչեւ 1972 թ. պաշտօնավարած է Լիբանանի Ջրաբաշխման նախարարութեան մէջ: Ապա զբաղուած է առեւտուրով:

Գրած է ազգային եւ հրապարակախօսական բազմաթիւ յօդուածներ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին: Եղած է «Ազդակ»-ի մշակութային ուրբաթօրեայ էջի պատասխանատուն (1969-1972):

Հրատարակուած գիրքերն են` «Վիրաւոր ծիծեռնակը» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1967, «Եղեռնի հետքերով» (հրապարակագրական), Պէյրութ, 1972, «Ես զոհ, ես դահիճ» (4 թատրերգութիւններու հաւաքածոյ), Ա. տպագրութիւն` Երեւան, 1993, Բ. տպագրութիւն` Պէյրութ, 1995, «Անաւարտ վէպը» (թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2006, «Ողջոյն…», «Պահածոյի տուփերը» (թատրերգութիւններ), Անթիլիաս, 2006, «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը», թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2008, «Թատրերգութիւններ» (երկու հատոր, ինը թատրերգութիւն), Երեւան, 2010, արեւելահայերէնի վերածուած, «5 թատրերգութիւններ», Պէյրութ, 2012, «Ծուէնները» (Երեւակայածին վէպ), Պէյրութ, 2017:

Իր թատրերգութիւնները նաեւ արեւելահայերէնի վերածուած են, այդ մէկը կատարած է Արթուր Անդրանիկեան։

Արա Արծրունի գլխաւորաբար ճանչցուած է իր հեղինակած թատերախաղերով:

Ան 2010 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ` իր թատրերգութիւններուն արեւելահայերէնի վերածուելուն առիթով, 2017-ին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իսկ 2018-ին պարգեւատրուած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանով:

Արծրունի, 29 Հոկտեմբեր 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պէյրութի մէջ կնքեց իր մահկանացուն:

 

Ինքնութիւն

ԻՆՔ չէր կոչուեր «աստուած»,
Այլ կը կոչուէր ԻՆՔ:

ԻՆՔ կը սիրէր կեանքը…
Կ՛ուզէր բիւրեղացնել զայն:
Կերտել, բարձրանա՛լ:

Ստեղծագործել:
Ընկե՛ր, զօրակի՛ց, աշխատա՛նք:

Աւա՜ղ…
ԻՆՔ մնաց առանձին:

Եզրակացուց, թէ ամէն ինչ կախուած էր ինքնազննումէն, ինքնակերտումէն, ինքնութենէն:
Ի՛ր ինքնութիւնը.
Ինքնութի՛ւնը.
Ի՛րը:

Առանձին` յիշեց միւսը:
Ճչա՛ց:
Ոչ մէկ արձագանգ…

Ստիպուած` ճչաց առանձի՛նը…

Փոխան խօսքի` վերցուց վրձինը.

Գծեց ««կեանքը»…

Նախ` դասական…,  գունագեղ…

Դիտեց եւ այրեց պաստառը:

Ապա գծեց ինքնազննումը, ինքնակերտումը…
Առանձնակա՛ն…, իտէալակա՜ն…

Ապա գծեց երազը…
Վերացակա՛ն:

Ապա` կապոյտը միակտուր… անհորիզո՜ն…

Ապա` ճերմակը…, միապաղա՜ղ…

Ապա` ոչի՛նչ…

Ոչի՜նչ…

Ո՞վ…, ո՞վ…
Ո՞վ սպաննեց իմաստալի՛ցը, որ կը կոչուէր ԻՆՔ:

 

Անծանօթ հայ տղուն

Քաղաքացիական պատերազմ: Մութ գիշեր մըն էր: Ամայացած էին Պուրճ Համուտի փողոցները: Ռումբերու ձայները տխուր պատմութիւն մը կը յօրինէին: Շէնքի մը մուտքին ապաստանած, կը սպասէի հանդարտ պահու մը` անցնելու համար յաջորդ փողոցը, ուր կը բնակէի առժամաբար: Սարսափելիօրէն առանձին էի ու տխուր: Մեր գերդաստանէն միայն ես մնացած էի Լիբանան: Բազմաթիւ ընկերներ նաեւ մեկնած էին երկրէն: Զինեալ պահակ երիտասարդ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին: Փոքրիկ լուսարձակով մը լուսաւորեց դէմքս ու հայերէնով հարցուց.

– Հա՞յ ես:

– Հայ եմ,- շշնջացի: Բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ապահով կրնայի հասնիլ յաջորդ փողոցը:

Ցածլիկ պատշգամներու տակէն անցնելով` հասայ բնակավայրիս սեմին: Ռումբ մը ցնցեց թաղը:  Ճիչ մը լսեցի: Մարդիկ վազեցին: Իրարանցում: Քովի փողոցին մէջ զինեալ հայ մը մեռած էր: Սարսափեցայ: Ա՞ն էր արդեօք: Ուզեցի վազել: Յուզումը սեղմեց կոկորդս: Կթոտեցան ծունկերս: Չուզեցի ճշդել: Ա՞ն էր, թէ՞ ուրիշ մը:

Հայու արիւնը` պաղ սալայատակին վրայ:

Փոքրիկ սենեակիս մէջ կծկուեցայ անկիւն մը: Վառեցի երկու մոմեր ու… լացի: Որո՞ւ համար` չեմ գիտեր: Նայեցայ բռունցքի վերածուած ձեռքերուս ու ապա պրկուած դանդաղութեամբ մը բացի զանոնք: Բռունցքներ, ձեռքեր, բռունցքներ:

Ձեռքեր, ձեռքեր, ձեռքեր:

Այդ գիշեր չքնացայ: Այդ գիշեր կապ մը ստեղծուեցաւ մահացած այդ անծանօթ հայ տղուն եւ իմ միջեւ: Այդ կապէն ծնան հարցականներ: Այդ կապէն ծնաւ մնայուն յուզում մը:

Այդ յուզումը անուանեցի «Վահագն»:

 

Արա Արծրունի
(1977)