Արամ Արման (1923 – 1994) – Բանաստեղծ

Բուն անունով՝ Սուրէն Պասմաճեան, ծնած է Ալեքսանտրէթ (այժմ՝ Իսքենտերուն, Թուրքիա) , 1923ին: Նախնական կակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ։ Որոշ շրջան մը ապրած է Հալէպ եւ 1941-47 թուականներուն դասաւանդած է Հալէպի հայկական դպրոցներուն մէջ:

1947ի ներգաղթին տեղափոխուած է Հայաստան:

Գրել սկսած է քառասնական թուականներուն:

Բանաստեղծութիւններու իր անդրանիկ ժողովածուն՝ «Խաչբուռ» լոյս տեսած է Հալէպ, 1945ին:

Հայաստանի մէջ հրատարակուած են անոր «Վերադարձ» (1949թ.), «Հայրենիքի եւ սիրոյ երգեր» (1955թ.), «Քերթուածներ» (1965թ.) բանաստեղծութիւններու ժողովածուները։

Հետագային տեղափոխուած է ԱՄՆ: Մահացած է 27 Փետրուար 1994ին եւ թաղուած Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորըսթ Լոն գերեզմանատան մէջ:

Ինչ Որ Ըսի

Ինչ որ ըսի, կը խորհիմ, պզտիկ պոռթկում էր միայն,

Պզտիկ պոռթկո՜ւմ մը հազիւ, անոր համար, որ արդէն

Էութենէն բաժնելով կրցայ թուղթին յանձնել զայն

Ըւ պարպըւիլ վերջնապէս անոր մաշող խորհուրդէն:

 

Սէրըս ամբողջ ինքն իր մէջ եղաւ քերթուած մը շքեղ

Ու զմայլա՜նք մը խորունկ, եւ որքան ալ ուզեցի

Ու կարծեցի իսկ յաճախ զայն բառերով տալ այստեղ,

Ուժգնութենէն բառերուս մնաց միշտ վեր ու գաղտնի:

 

Ու իրական ցաւս անշուռտ պիտի ամէն օր այսպէս,

Իբրեւ արցո՜ւնք մը միայն աչքերուս մէջ խլըրտի,

Եւ իմանայ զայն ոչ ոք ու գուշակէ բառերէս…

 

Ինչ որ ըսի… Բայց կ’արժէ՞ր բանալ հոգիս բոլորին,

Երբ նորէն օր մը, աւա՜ղ, ըսուածներէն աւելի

Չըսւածներո՛ւն ծանրութեամբ պիտի աչքերըս փակուին:

 

«Խաչբուռ»