Արամ Հայկազ (1900-1986, ծնեալ Արամ Չեքեմեան), ամերիկահայ արձակագիր։
Ծնած է Շապին Գարահիսար։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ազգային վարժարանին մէջ։
Արամ Հայկազ ինք եւս մասնակցած է 1915-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, որ հետագային նկարագրած է «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» գործին մէջ (1957)։ Մայրն ու քոյրերը 1915-ին օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին սուրիական անապատին մէջ: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, որոնք իսլամութիւնը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ դարձաւ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ` արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը: Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:
1919-ին կը փախչի Պոլիս եւ կ’ապաստանի Պոլսոյ որբանոցին մէջ, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Նիւ Եորք։ 21 տարեկանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելով կը սկսի գրել եւ հրապարակել իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհ գացած էին իր հայրն (Արսէն) ու եղբայրները (որոնցմէ իրմէ երկու տարի մեծ եղբօր՝ Հայկազին անունը ժառանգած է իբրեւեւ իր գրական անունը), եւ իր փորձառութիւնները գրի կ’առնէ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն «Տը Արմինիըն Ռիվիու»-ի մէջ։ Անոնցմէ մէկ քանին կը ներառէ յուշագրութեան մը մէջ, որ կը հրատարակուի հայերէնով` 1972-ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այս գիրքը իր աղջկան` Այրիս Չեքեմեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած` անգլերէնի (2015)։
Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։ Ան ունի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութիւն, լուսավճիտ բարութիւն եւ զուարթախոհ դատողութիւն: Ամերիկացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անգլերէն չի գրեր, Արամ Հայկազ պատասխանած է. «Երիտասարդ ու օժտուած հայ գրող մը իր գրել ծրագրած վէպին նախագիծը կը պարզէ նշանաւոր բանաստեղծ եւ հեղինակ Վերհարնին ու խորհուրդ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ լեզուով գրէ. իտալերէ՞ն, գերմաներէ՞ն, ֆրանսերէ՞ն, թէ՞ հայերէն: Ի՞նչ լեզուով կ’աղօթէք, իր հերթին հարց կու տայ Վերհարնը: Հայերէնով, անշուշտ,- կը պատասխանէ հայ գրողը: Ուրեմն, պէտք է գրէք հայերէն, կ՛ըլլայ իմաստուն պատասխանը»:
Գրական իր հունձքը ամփոփուած է, հրատարակութեան կարգով, հետեւեալ հատորներուն մէջ՝ “The Fall of the Aerie”, 1935, «Ցեղին Ձայնը» (1949), «Ցեղին Ձայնը՝» Բ. հատոր (1954), «Շապին Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» (Պէյրութ, 1957), «Չորս Աշխարհ» (Պէյրութ, 1962), «Պանդոկ» (Պէյրութ, 1967), «Կարօտ» (Պէյրութ, 1971), «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (Պէյրութ, 1972), «Ապրէք երեխէք» (հատընտիր) (Պէյրութ, 1973), «Երջանկութիւն (Պէյրութ, 1978)։
The Fall of the Aerie վերահրատարկուած է 2010-ին, ծննդեան 110-րդ տարեդարձին առթիւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Համազգայինի» կողմէ: 2009-ին Երեւանի մէջ տպագրուած են Մարգարիտ Խաչատրեանի կազմած Արամ Հայկազի նամակներու ընտրանին, 2010-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1924-1950» (Ա. հատոր), 2012-ին՝ «Մոռցուած էջեր. 1951-1960» (Բ. հատոր), 2013-ին՝ «Մոռացուած էջեր. 1961-1966» (Գ. հատոր), 2012-ին՝ «Պատմուածքներ» ժողովածուները։
Բացի առաջին գիրքէն՝ Արամ Հայկազ բոլոր գործերը գրած է հայերէն լեզուով եւ հրատարակած՝ Հայաստանի մէջ։ Ան շատ չէ խօսած է իր գրելու արուեստին մասին, բայց ըսած է. «Կրնամ ըսել, թէ գրականութիւնը օգտագործելով երբեք քարոզչութիւն չեմ ըրած։ Մարդու բան սորվեցնելու մտահոգութիւն եւ յաւակնութիւն չեմ ունեցած, բայց Հայ ըլլալուս հպարտութիւնը միշտ ներկայ է ամէն մէկ տողիս մէջ»:
Արամ Հայկազ | Եթէ կարենայի հոդ* ըլլալ
Վիրաբուժական գործողութեան մը հետեւանքով, դեռ կէս մարդ եմ ու հաւանաբար չեմ կրնար օդանաւ մը ցատկելով յուլիս 1-ին դատավարութեան ներկայ ըլլալ: Եթէ կարենայի այդ բանն ընել, դատավարութեան օրը պիտի գայի սրահ, նստէի առաջին կարգի նստարաններէն մէկուն վրայ, յարմար առիթով մը մատս վերցներով՝ խօսք պիտի խնդրէի պարոն նախագահէն կամ դատաւորէն, ներկայացնէի ես ինծի՝ իբրեւ ամբաստանութեան տակ եղող յօդուածին հեղինակը ու խնդրէի թոյլտուութիւն, որ երդման տակ կեանքիս երեք օրերուն պատմութիւնը ընեմ դատարանին մէջ։
– Պարո՛ն դատաւոր, – պիտի ըսէի պաղատագին,– տասը րոպէ, միայն տասը րոպէ ժամանակ տո՛ւր ինծի, որ խօսիմ Ձեր ու ներկաներուն առջեւ:
Ու եթէ խնդրանքս լսուէր, պիտի ըսէի.
– Խնդրեմ բերէ՛ք եօթը անգամ եօթը Աստուածաշունչ, որ ձեռքս վրան դրած՝ խօսիմ, որ հաւատաք, որովհետեւ ինչ որ պիտի ըսեմ, իբրեւ մարդ, բանականութիւն ու սիրտ ունեցող մարդ, չէք կրնար հաւատալ:
Ու պիտի ըսէի. «Հազար ինը հարիւր տասնեւհինգ՝ գարնանավերջն էր, հաւանաբար յունիս ամսու 29րդ օրը, երբ մեզ ճամբայ հանեցին մօտակայ գիւղը՝ մեր ծանօթներուն եւ ազգականներուն մօտ տանելու անունով, բայց ճամբան սուիններով ստիպեցին ուղղութիւնը փոխել ու անցնիլ զօրանոցին առջեւէն, ուր մեզ վերստին քննութենէ անցուցին ու ինձմէ երկու տարու մեծ եղբայրս վար դնելով՝ գնդակահարեցին: Իրենցմէ տասը քայլ հազիւ հեռացած էինք, երբ պատահեցաւ այդ արարքը, ու մայրս ցաւէն ու կսկիծէն քիչ մնաց ուշաթափուէր: Վեց ժամ անընդհատ քալեցինք լեռներու եւ բլուրներու վրայէն, մինչեւ որ արեւը մար մտաւ: Յետմնաց կին մը, որ կը բողոքէր, թէ ա՛լ չի կրնար քալել, «Աղէ՛կ, հոս նստէ՛ ու հանգչէ՛» ըսելով՝ թոյլատրեցին, որ նստի: Ու մինչ ան կ’օրհնէր արտօնողները, ժանտարմ մը կռնակէն գնդակահարեց զայն: Մահը եղաւ վայրկենական ու առանց տառապանքի: Կ’ընդունիմ, թէ գթութեան արարք էր այս…
Գիշերեցինք ձորի մը մէջ: Կէս գիշերին քանի մը զէնք արձակեցին ու եկան ըսել մեզի, թէ «Կողոպտիչներ էին եկած ու զանոնք վռնտեցինք: Ձեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալու համար յարմար չէ՞, որ հանգանակութիւն մը ընելով՝ մեզի տաք….»։
Տուինք, մինչեւ որ բաւականացան:
Յաջորդ օրը՝ կէսօրէ առաջ, Աղուանիս հասանք: Մեզ գիւղ չմտցուցին, լեցուցին ոչխարներու մակաղատեղիի մը մէջ ու մէկիկ-մէկիկ դուրս բերելով՝ վրանիս խուզարկեցին ու առին, ինչ որ ունէինք թանկարժէք: Գիշերը ճրագով մտան մեր մէջ ու 12 աղջիկ զատելով՝ տարին հետերնին: Առաւօտուն զանոնք ետ բերին մահու չափ տժգունած ու լացէն ուռած աչքերով: Չգիտեմ՝ անոնց վիճա՞կն էր աւելի խղճալի, թէ՞ իրենց մայրերունը: Ժամէ մը հասանք Չոպանլը գիւղը, որուն կեդրոնէն գետակ մը կ’անցնէր, ու գետակին վրայ կամուրջ մը կար: Գիշերը տարուած ու ետ բերուած աղջիկներէն մէկը ինքզինք կամուրջէն նետեց վար, բայց որովհետեւ ջուրը խորունկ չէր, չխեղդուեցաւ: Բայց իր գանկը ջախջախուեցաւ քարի մը վրայ, ու իր արիւնը կարմիր լայն երակի մը պէս խառնուեցաւ ջուրին: Թուրք կիները անոր մարմինը դուրս բերին ջուրէն ու մերկացնելով՝ հագուստները առին: Դիակը ձգեցին ափի մամռապատ քարերուն վրայ: Վերէն՝ կէսօրուան պայծառ արեգակին տակ, մարմարէ արձանի մը նման էր այդ մարմինը: Լաւ մը նայեցայ անոր, որովհետեւ 15 տարեկան էի ու մինչեւ այդ թուականը 15-16 տարեկան աղջկան մերկ մարմին չէի տեսած:
Կամուրջին միւս կողմը մեզի խառնեցին Կիրասոնէն բերուած գաղթականներու կարաւան մը: Անոնց մէջ ծերունիներ ու երիտասարդ այր մարդեր ալ կային: Ոստիկաններէն մէկը իր ձիուն վրայէն գնդակահարեց կիրասոնցի երիտասարդներէն մէկը, ու ան ինկաւ կռնակի վրայ՝ ցորենի արտի մը մէջ: Երբ իր քովէն կ’անցնէի, տեսայ, որ իր վիզէն հոսող արիւնը սրտի ամէն բաբախումի հետ գնդակի ծակէն դուրս պոռթկում մը կ’ունենար:
Իրիկուան դէմ Թիւմէքէր հասանք: Գիւղէն դուրս՝ խոզանի մը մէջ թոյլատրեցին, որ փռուինք հողին վրայ ու հանգչինք: Նոյնիսկ թոյլատրեցին, որ գիւղին մէջ յորդող զով ջուրի աղբիւրն երթանք ու լուացուինք, խմենք, վրանիս հոգի գայ: Տեղացի բազմաթիւ կիներ, աղբիւրին շուրջ հաւաքուած, մեզ կը դիտէին: Անոնցմէ մէկը հաւնեցաւ ինծի ու ըսաւ, որ եթէ միւսլուման ըլլամ, կ’որդեգրէ զիս: Ուրախացայ ու մօրս մօտ վազելով՝ տուի բարի լուրը: Ան արդէն պատուիրած էր, որ աչքս լայն բանամ ու պատեհութիւն մը ներկայանալու պահուն` իսլամանամ, ազատիմ:
– Վարդան զօրավարն ալ ժամանակաւորապէս ուրացաւ իր կրօնքը, բայց Աստուած մեղք չհամարեց այդ ուրացումը,– ըսաւ ան ինծի օր մը առաջ:– Կը տանին մեզ ոչնչացնելու, արտասահման եղբայրներ ունիս, օր մը կը գտնես զանոնք:
Բաժանումը եղաւ սրտակեղէք ու դժուար. զիս գրկած՝ կ’օրհնէր ու կու լար…
Երկու տարի ետք ստուգեցի, որ զայն ու մեր ընտանիքի միւս 11 անդամները թափեր էին Ակնայ առջեւէն հոսող Եփրատ գետը:
Ես իսլամի անունով աւելի քան երեք տարի ապրեցայ Թուրքիոյ մէջ՝ թուրքերու եւ քիւրտերու մօտ ու հետ:
Նպատակս այդ տարիներուն անցուցած կեանքիս ու օրերուս մասին խօսիլը չէ, կը բաւէ ըսել, թէ շատ լաւ ու վատ մարդոց հանդիպեցայ, ու երբ Առաջին ընդհանուր պատերազմի զինադադարը կնքուեցաւ ու շնչելու հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ, փախչելով հասայ Պոլիս, որ Դաշնակից բանակի գրաւման տակ կը գտնուէր այդ օրերուն: Հոն՝ Պոլսոյ մէջ էր, որ հանդիպեցայ ինծի նման հազարներու: Ամէն անգամ, որ քով-քովի կու գայինք, մեր խօսակցութիւնը անպայմանօրէն կը դառնար տարագրութեան ընթացքին մեր ապրած օրերուն եւ դժուարութեանց վրայ: Այս ձեւով շատ բան եմ լսած, բայց կ’ուզեմ անոնցմէ միայն մէկ հատը պատմել հոս… Ու ահա՛ կը զգուշացնեմ անոնց, որ թոյլ սիրտ ունին, թող ձգեն այս սրահը ու ելլեն դուրս…
Պատմողը 65 տարու կին մըն է. «Անապատ հասանք ինը հոգիով: Երկու շաբաթը չլրացած` մնացինք միայն ես եւ ութ տարու թոռնուհիս: Բան մը չունէինք: Հրաշքով ձեռք անցուցած փսիաթի կտոր մը ցերեկը շուք կ’ընէր մեր վրայ: Հալած, մաշած կմախքներու էինք վերածուած: Գիտէի, թէ մահը մօտ էր երկուքիս համար ալ, բայց չէի գիտեր, թէ ի՞մ, թէ՞ ոչ թոռնուհիիս առաջ մեռնիլը խնդրելու էի Աստուծմէ… Ան վերջին սրտահատորս էր, ու կը դողայի վրան, ու բնական էր՝ չէի ուզեր կորսնցնել, բայց առաջ ես մեռնելու պարագային ո՞վ տէր պիտի ըլլար անոր…
Այն օրերուն վրանաքաղաքին մէջ լուր էր տարածուած, թէ կարգ մը մարդեր իրենց մեռելները եփելով՝ կ’ուտեն: Կը սարսափէի` մտածելով, որ մենք ալ պէտք է այդպէս ընենք, եթէ կ’ուզենք դեռ ապրիլ… Բայց թոռնուհիիս բան չէի ըսած, իսկ ան, շուքին տակ պառկած, գիտէի թէ իր վերջին օրերը կ’ապրէր։ Իրիկուն մը գլխով նշան ըրաւ, որ իրեն մօտենամ. ծռեցայ վրան ու գուրգուրանքով իր գանկը առի ափերուս մէջ.
– Մեծ մայրիկ,– ըսաւ մեծ ճիգով մը,– երբ ես մեռնիմ, մարմինս մէկուն մի՛ տար, դուն մինակդ կեր…»։
Պարո՛ն դատաւոր ու յարգելի՛ հանդիսականներ, ես վերջացուցի: Հիմա կը յուսամ, թէ կը հասկնաք, թէ ինչո՞ւ չենք կրնար մոռնալ 1915 թուականն ու թուրքը…
* Արամ Հայկազը սովորաբար կը գրէ՝ հոտ: