Արամ Քէթէնճեան – Իրաքահայ բանաստեղծ եւ ուսուցիչ:

Արամ Քէթէնճեան ծնած է Պաղտատ: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած  Պաղտատի ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, ապա ուսանած Պաղտատի «Վարչութիւն եւ տնտեսութիւն» համալսարանին մէջ:

1976 թուականին անդամակցած է Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան գրական խմբակին, նաեւ «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին` որպէս մեներգիչ, ապա տարիներ յետոյ` նոյն միութեան վարչութեան ատենադպիր: 1980 թուականին անդամակցած է Իրաքի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Դպրաց դասին, իսկ 1996 թուականին Գերաշնորհ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է սարկաւագ: Իբրեւ սարկաւագ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եկեղեցիին եւ ազգային վարժարանի մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ: Ան  նաեւ տաղանդաւոր նկարիչ է:

Աւելի քան երեսուն տարիներու իր բերած ծառայութիւններուն համար 2012 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ արժանացած է Սրբատառ կոնդակի: Առաջնորդարանին մէջ ծառայած է իբրեւ Դիւանապետ, յետոյ նաեւ Թեմի Առաջնորդի անձնական քարտուղար: Այս ընթացքին եղած է «Կանթեղ» եռամսեայ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ,  նոյն ժամանակ հայոց լեզու եւ կրօն  դասաւանդած է Պաղտատի ազգային տարրական երկսեռ վարժարանին մէջ:

Արամ Քէթէնճեան նաեւ օժտուած է ստեղծագործելու ձիրքով. առաջին հերթին ազգային, հայրենասիրական թեմաներ կ’արծարծէ, քնարերգակ է, նոյնիսկ աղօթքներ կը գրէ:

Գրական գործունէութիւնը սկսած է 1979 թուականէն, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է, տպագրուած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի թերթերուն, հանդէսներուն մէջ: Առաջին գիրքը` «Նշոյլ հրճուանքի» վերնագիրով, հրատարակած է 2011 թուականին` Հալէպի մէջ, իսկ 2013 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Կարօտ ու բերկրանք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

2015 թուականին ընկերներու քաջալերանքով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով «Մասունքներն ենք Արարատի» խորագիրով 100 քառատող բանաստեղծութիւն  գրած է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հաւանութիւն  տուած է հրատարակելու համար: Չորրորդ գիրքը «Երկիր ու երկինք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն է, որ լոյս տեսած է Երեւանի մէջ 2017-ին, որ  կ՛ընդգրկէ բանաստեղծութիւններ, խոհեր, աղօթքներ եւ թարգմանութիւններ: «Երկիր ու երկինք»-ը Քէթէնճեանի չորրորդ ժողովածուն է:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են հեղինակին մտքերն ու խոհերը Հայաստանի նկատմամբ, անոր պաշտամունքը հայրենի բնութեան, վանքերուն, խաչքարերուն, խաչերուն հանդէպ: Քէթէնճեան կատարած է նաեւ փիլիսոփայական խորհրդածութիւններ: Կը փորձէ հասկնալ վատն ու լաւը եւ կը ջանայ վանել չարը եւ սիրել բարին, ինչպէս նաեւ ներել թերացողին:

Քառեակները խորհուրդներ, յորդորներ եւ բարոյախօսութիւններ են, որոնք հեղինակը կը բաշխէ ընթերցողին, մարդկութիւնը դէպի բարին առաջնորդելու հաստատ հաւատքով:

 

Գովասանք

Երբ գովերգեցի հուր ու կրակոտ,

Կիրքեր բորբոքող

Աչքերդ խօսուն,

Այնքան ապշեցայ, որ աւա՜ղ, մոռցայ

Գովել քո սիրտն ու ողջ էութիւնդ,

Բայց եթէ ուզեմ ըլլալ անաչառ

Ու պատկերեմ քեզ

Բառերով արդար,

Սահուն մազերէդ մինչեւ մատներդ,

Ձեռքերէդ ճկուն մինչ ողջ պատկերդ,

Ժպտերես դէմքդ, այտերդ բոսոր,

Նրբութեան նմոյշ մարմար մարմինդ,

Շողքիդ պահապան, խաս շրթունքներդ,

Քայլուածքդ հպարտ, նիստդ նազելի,

Խօսքերդ քաղցր ու  ձայնդ մեղմիկ՝

Բնութիւնն ամբողջ իր գեղեցկութեամբ,

Ձիւն, սար ու աղբիւր,

Ծառեր, ծաղիկներ,

Սոխակներ քաղցրիկ, թիթեռ ու եղնիկ,

Երկինքը անհաս, աստղերը ալմաս,

Գիշերականթեղ լուսնակն անուշիկ

Նաեւ աշխարհի ողջ գեղուհիներ՝

Անհուն ու անծայր ովկիանոսներու

Եւ անապատի աւազներուն չափ

Պիտի նախանձին

Խիստ խանդով լեցուին…

Ուրեմն սէ՛ր իմ,

Ես գովքդ կ՛երգեմ

Սոսկ մէջն իմ սրտին,

Որպէսզի պահուիս նախանձէն չարի

Ու ապրիս բարո՜վ

Ապրիս իմ կողքին:

 

Արամ Քէթէնճեան
«Կարօտ ու բերկրանք» հաւաքածոյէն

 

Հող իմ հայրենի

Որքա՜ն կը տենչամ հիմա քեզի գալ,

Դողդոջ  մատներով հողդ  շօշափել

Ու  տաք  շուրթերով սրտանց համբուրել:

 

Ես անչափ կ՛ըղձամ ըլլալ ուխտաւոր,

Բարձրանալ լեռներ, ուղիներ դժուար,

Երկիւղածութեամբ ու խոնարհաբար,

Անշուք, հոգեդղորդ վանքերդ մտնել՝

Տամուկ աչքերով աղօթել երկա՜ր…

 

Խանդակաթ սիրով  կ՛ուզեմ   ձեր մօտ գալ

Անապակ ու սառ ջուրեր Գառնիի

Որ տաք շուրթերս    ձեզմով  զովանան,

Ու  ձեր  մաքրութեամբ իմ քիմքը օծուի…

 

Որքան  կը ցանկամ  պարզուիլ Արփայի

Ուռենիներու շուքով  ծածկուած,

Հովանուտ  ու  զով ափերուն խոնաւ

Ու շնչել օդը մաքուր երկնքի:

 

Ես շա՜տ կը տենչամ

Գրկել քեզ անվերջ

Հող իմ հայրենի…

 

Արամ Քէթէնճեան
«Երկիր ու երկինք» հաւաքածոյէն