Արամ Սեփեթճեան (1934 – 2020)- Արձակագիր, հրապարակախօս, քննադատ, խմբագիր:

Ծնած է Ալեքսանտրէթ, Կիլիկիա (այժմ Թուրքիա): 1938-ին ծնողներուն հետ կը տեղափոխուի Պէյրութ, Լիբանան, ուր կը յաճախէ Պուրճ Համմուտի Նոր Մարաշ թաղի Ազգային «Ս. Քառասուն Մանկանց» վարժարան (1948), այնուհետեւ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան բարձրագոյն վարժարան: Մասնագիտական ուսումը շարունակած է Պէյրութի առեւտրական եւ տեխնիկական գիտութիւններու ուսումնական հաստատութենէն ներս, եւ ապա՝ Լոնտոնի Ճարտարագիտութեան եւ հողաչափութեան հիմնարկ (1970)։

Աւելի վաղ Արամ Սեփեթճեանը լրացուցած էր հայագիտական իր ուսումը ՀԲԸՄ «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական կրթական հաստատութենէն ներս՝ արդէն վերջնականապէս կողմնորոշուելով դէպի լրագրութիւն եւ գրականութիւն։ 1951-ին լոյս տեսած է իր առաջին պատմուածքը: Իրար ետեւէ լոյս տեսան անոր «Կեանքի կարօտով» պատմուածքներու ժողովածուն (1969), ինչպէս նաեւ «Ողջակէզ» (1978), «Հող եւ մորմոք» (2001) վիպակները։

Եղած է Լիբանանի գրական համախմբումի հիմնադիր անդամ: 1991-էն հիմնադրած էր «Սիփան» հրատարակչատունը, խմբագրած ՀԲԸՄ «Խօսնակ» ամսագիրը (1991-2006), եղած է «Շիրակ» հանդէսի (1967-2004), «Կամար» պարբերական ամսագրի խմբագրակազմերի անդամ (2005-2020), աշխատակցած է Սփիւռքի եւ հայրենի հանդէսներուն՝ բերելով իր անհանգիստ խառնուածքը ազգային գրական կեանքի յորձանքին։

1978-ին եւ 1985-ին արժանացած է ԹՄՄ-ի Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակներուն: 1996-ին դարձած է անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան: 1997-ին արժանացած է «Զարթօնք» օրաթերթի Հ. եւ Ա. Վարդիվառեան մամլոյ մրցանակին: 2005-ին դարձած է անդամ Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան:

Գրական, գրադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերական մամուլին եւ ունեցած գործօն մասնակցութիւն ազգային-հասարակական կեանքէն ներս:

Արժանացած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զոյգ Հայրապետներու սրբատառ կոնդակներուն եւ շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու, Գրողներու Միութեան եւ Խ. Աբովեան Մանկավարժական. Համալսարաններու յատուկ շքանշաններու եւ պատուոյ գիրերուն:

Հրատարակած երկերն են.-

Գեղարուեստական արձակ
ա.- Պատմուածքներ
«Անլոյս գիշերներ», Պէյրութ, 1964
«Կեանքի Կարօտով», Պէյրութ, 1959

բ.- Վիպակներ
«Ողջակէզ», Պէյրութ, 1978 (Արաբ. թարգմ. Նիզար Խալիլի՝ «Ազ զապիհա», Պէյրութ, 2004)
« … Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ», Պէյրութ, 1985

գ.- «Հող եւ մորմոք», Երեւան, 2001
Ժողովածու  մը, որ կ’ընդգրկէ վերոյիշեալ երկու  վիպակները, առաւել Գ. համանուն բաժինը:

Գրական վերարժեւորումներ
ա.- «Բանաստեղծութիւնը տագնապի ընդմէջէն», Խոհեր եւ անդրադարձումներ, Պէյրութ, 2009:
բ.- «Գրական հանդիպումներ», Գրադատական էջեր, Պէյրութ, 2014:

Հրապարակագրական էջեր
ա.- «Ժամանակայոյզ խոհեր», Յօդուածներու ժողովածու, Պէյրութ, 2005,
բ.- «Ձայներ լռութեան մէջ» Յօդուածներու Բ. ժողովածու, Պէյրութ, 2014:

 

ՆԵՐՀԱՅԵՑՈՒՄ

…«Թողուցէք զիս… մինակ,
Այնքան մինակ, եւ այնքան լուռ,
որ լսեմ տրոփը սրտիս…»:
Դ. Վարուժան

Մենութեան պահն է,
որ կապրիմ ու…
«կը լսեմ տրոփը սրտիս»:
Ձայներ կան
լռութեան մէջ:
Ձայներ, որոնք
«կեանք մը» կարժեն:

Ներաշխարհիս դուռը կը թակեն: Ամէն տարի Ապրիլին, ուխտագնացութիւն մը կը կատարեմ դէպի ներաշխարհիս Անհունը: Ծանօթ եւ անծանօթ ներքին ուժեր կաղմկեն այնտեղ, որոնք մերթ կը վերյայտնուին իբրեւ պատկեր ու խոհեր… մերթ` դասական երաժշտութիւն, հատուածներ հոգեհանգստեան համանուագներէ կամ պատարագներէ…: Վիշտս կը քաղցրանայ կարծէք հոգիէս ներս, ու ես վերստին կապրիմ այն պահս, երբ, իբրեւ ուխտաւոր կը գտնուէի ճիշդ այն Հողին վրայ, որ 1915-1918 եղեր էր անշիրիմ գերեզմանատունը մեր մէկ միլիոն ու կէս նահատակներուն:

Հալէպէն մինչեւ Տէր-Զօր ինքնաշարժով երեք ժամուան ճանապարհ էր: Տեղ-տեղ «ահեղավազ Եփրատն» էր, որ կը գծագրուէր բնութեան մէջ: Եփրա՜տը… որ կը կալանաւորէր մտածումներս ու կը վերարտադրէր հազար անգամ հազար անպատանք դիակներուն իբրեւ անծէս յորդահոս ջուր կենդանի, ծնած լեռնաշխարհէն հայկական, որ չհասաւ սակայն ըլլալու «ջուր ըմպելի», յագեցնելու համար քաղցն ու ծարաւը հազար անգամ հազար նօթի ու ծարաւ տարագիրներու:

Ու ես` Եփրատի կամուրջէն կուղղուիմ դէպի Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը:

Տէր-Զօր: Կիրակի եւ Ապրիլ 24: Այսինքն` կիրակնօրեայ ծէս ու պատարագ:

Անձնատուր ներքնահոս ալեկոծումներուս, կը մօտենամ յուշաքարերուն… ակնածանքով:

Խաչքար… եւ անմար բոցը կրակին:

Չգրուած բանաստեղծութիւն:

Մատներս կը խրեմ սեւ հողին մէջ, ափ մը հող առնելու համար հետս եւ յանձնելու արուեստագէտ բարեկամիս, որ կուզեր վերստեղծել իրմէ ներս Վարուժանին «Կարմիր հողը» քերթուածին վերընթերցումին պարգեւած գեղարուեստական պահերը: Ու հողը կը սրբանայ մատներուս մէջ: Կըլլայ սի՛րտը բաբախուն` Կոմիտասին ու Վարուժանին: Կըլլայ երգ ու քերթուած` մտածումներուս մէջ, հորովել ու շարական` շրթներուս վրայ, եւ արցունք ու թախիծ` հոգիիս խորը: Սա հո՜ղը… որ քիչ առաջ թերեւս պարզ հող մըն էր տակաւին, մինչ հիմա արդէն կայրէ մատներս ու կըլլայ հրակէզ հիշողութիւն…: Գիտեմ, յուշ-յիշատակներն են որ շունչ եւ հոգի կու տան այս հողին:

Հոգեհանգի՜ստ կը կատարուի այստեղ, Յուշարձան-Մատուռին ստորգետնեայ խորհրդատունը: Կիջնեմ վար սանդուխներու պարոյրէն, ուրկէ վայրահակ նայուածքս Յուշասիւն կոթողը կը պարուրէ:

Ոսկերոտիքն է նահատակներուն: Սրբացած ու նշխար դարձած ոսկերոտիք: Կոմիտասեան «Տէր ողորմեա՛»-ն կերգուէր բազկատարած եւ «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» կաղերսէր:

Ծէսն ու պատարագը` թող որ շարունակուէր վերը, խորանէն, իսկ ես ըլլայի անձնատուր մեծագոյն խորհուրդին` լռութեան ձայնանիշերը վերծանող: Ըլլայի այդ պահուն խորհրդակիր պատարագիչ մը` անսքեմ-անվեղար, վառէի յոյսի եւ լոյսի կանթեղ-մոմ մը, երկուք-երեք… «վասն ձեր եւ բազմաց», բոլորին, «որք անկան յընթացս մեծ եղեռնի»: Այժմ, թողէք զիս մինակ, նահատակաց սրբազան Յուշասիւնին հետ, որպէսզի անոր մէջ ողջունեմ կենդանացած ու վերակենդանացած խորհուրդը մեր լինելութեան եւ այս յուշաքարին մօտ, թողէք որ ըլլամ հայրենի բանաստեղծին խորհրդակից… «չոքեմ ծունկի, քարանամ այստեղ առանց արցունքի…» ու շարունակեմ անաւարտ զրոյցս սրբացած ու քարացած նշխարներուս հետ:

Ապա` կուզէի «մեռելներուս իբրեւ խաչ» երգեր յօրինել ու ձօնել զանոնք անապատին մէջ անշնչացած, բայց թոռներուս մանկական ճիչերովը վերակենդանացած երէց երկու եղբայրներուս: Անոնց, որոնք ապրեցան մէկ-երկու տարուան կեանք մը միայն:

Համբուրելի սրբութիւն:

Որպէսզի, յետոյ, վերադառնամ իմ աշխարհս, ուր նահատակներու թիւին հաւասար քար ու նշխար վերածուին լուսեղէն սիւնի, ստանան մարմի՜ն ու երգեն փառքը ՀԱՅՈՒՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ:

Այժմ, անցեալս աղմկող այս էջերը կրկին կալեկոծեն ներաշխարհս… եւ արդարութիւն կը պահանջեն: Էջեր, որոնք թերթ առ թերթ կը խուժեն դէպի յիշողութեանս աւազանը իբրեւ պատկեր եւ յուշ-քանդակ, կամ ցանուցիր եղած խոհերու յօդուածներ, որոնց մէկտեղումով ահաւասիկ կը կազմւին էջերը սոյն հատորին, իբրեւ խաչբուռ նուիրական:

 («Ձայներ լռութեան մէջ» գրքի նախաբանը)

 

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՀԵՏ
Ծննդեան 135ամեակին առիթով

Գիշեր մըն է այս՝ լուռ ու հանդարտ, յար եւ նման իմ այն գիշերներուս, երբ նստած գիրքերուս հետ դէմ առ դէմ, կը թղթատեմ զանոնք ես, ինչպէս՝ կեանքը մարդերուն։ Եւ ահա գիրք մը՝ որ ձեռքս է այս պահուս, քո՛ւ գիրքդ վարպե՛տ, քու հոգիդ, քու կեանքդ որ այս թուղթի՛ն ես յանձներ։ Դուն տարիներով գրեցիր անընդհատ «հոգիներու բարեկամութեան» համար, ինչպէս սովոր էին ըսել, եւ ամէ՛ն էջ, ամէ՛ն տող, ամէ՛ն բառ քու գիրքէդ, կենդանի վկան է քու մտածումիդ, քո՛ւ ապրումներուդ։
Եւ ի՛նչ ըսեմ վարպետ, այս ապրիլեան գիշերով, երբ տակաւին հոգիս անհանդա՛րտ է ու խռով։ Տո՛ւր ինծի խաղաղութիւն քու հոգիէդ որ անմահ է. չէ՞ որ հոգին ալ լոյսի նման չէ կարելի թաղել, դամբանե՛լ։
Ու հիմա, երբ կը բանամ գիրքդ, կը տեսնեմ քեզ նստած ու «մէկ հատիկ»դ յառած մատներուդ, որոնք գի՜ր կը գրեն, հնազանդելով քու ստեղծագո՛րծ միտքիդ, որպէսզի քու փառքդ կերտես, իբրեւ հաւասարապէս մե՛ծ Հայ, Բանաստեղծ ու Մարդ։ Դո՛ւն մարգարէ մը, որ մեր ահաւոր Եղեռնէն անմիջապէս ետքն իսկ ունեցար տեսիլքը մեր կեանքի՛ն, Հայուն վերածնող կեանքին «Հրաշալի յարութեան»ը։ Դո՛ւն, խորհրդանիշը Սփիւռքի մեր անտուն կեանքին։
Դո՛ւն, բանաստեղծ՝ հայերգութեան ու սիրոյ տաճարին։ Թոյլ տուր ինծի, որ այս գիշեր քեզմով լեցուիմ, քեզմով արբենամ, եւ իմ հոգիս քեզի գայ երկիւղած ու ծնրադիր։ Ես քուկդ եմ այս գիշեր, իսկ դուն իմս։ Ու ես ամէն անգամ որ բանամ շրթներս առ քեզ, քու բառերովդ քեզ պիտի երգեմ ու ըսեմ՝
«Ինչ որ տուիր, կը դարձնեմ զայն քեզի…» չէ՞ որ, իմ այս գիշերս ես քեզի եմ ձօներ։ Գիտեմ, տարիներ առաջ, երբ «Տաղարան»իդ վերջին էջն ալ դարձուցիր, անակնկալօրէն քու «մէկ հատիկ»դ փակուեցաւ այս աշխարհին լոյսին ու ստուերին, գարնանային առաջին գիշերներէն մէկուն, ապրիլեա՛ն գիշեր մը։
Ու հիմա ես նստած ճիշդ դիմացը նկարիդ, կը զգամ թէ «Քու յիշատակդ այս գիշեր զիս լալու չափ կը յուզէ…»։ Կը մտնեմ պահ մը քու կեանքիդ պարտէզէն ներս, ու կը թողում որ ակնարկս իր պտոյտը կատարէ, լո՜ւռ ու միայնակ։
«Քեզի նման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վըրադ, Երկարօրէն, ծանրօրէն…»։ Ու կ’երեւակայեմ քեզ պահ մը։ Նախ տղու հոգիդ կը գտնեմ ես, կեցած իմ դիմաց, ու կը տեսնեմ քու վրադ այն բոլորը որ կը հայացնեն քեզ։ Տառապեցար դուն եւ այնքա՛ն աւելի՝ որքան մեծցար, դարձար երիտասա՛րդ ու տառապանքով ազնուացաւ քու հոգիդ.Հա՛յ էիր, ու մնացիր Հա՛յ, եղար մա՛րդ, զգեցած վրադ ամբողջական իմաստն անոր, ու քու «Հրաշալի Յարութիւն»ովդ եղար բանաստեղծ, «իրա՛ւ» բանաստեղծ։ Դո՛ւն, երիտասարդ մը դեռ, նման այն բոլոր տղոց, սիրեցիր կեանքը անյագօրէն, փարեցա՛ր անոր ամբողջ զօրութեամբը հոգիիդ։ Սիրեցիր հայրենիքդ, որուն …«միտքէդ առաջ, սիրտդ փարեցաւ»։
Սիրեցիր քու «ծննդավայրը՝ հոգւոյդ» զոր «կը տեսնես աչքդ գոց»…, «Որուն ետեւ սկիհին մէջ, կ՚իջնէ ի՛նքը Աստուած»… եւ քու սէրովդ սիրցուցիր մեզի ա՛յն, որ իր «Մէն մի քարին տակ գետնի, դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»։
Սիրեցի՛ր դուն վարպետ, ի՜նչ գիտնամ, գաղտնի սէրով. չէ՞ որ ըսիր՝
«Սէրս այն դուռն էր կարծես
Ուրկէ ոչ ոք մըտաւ ներս,
Ծաղիկներով ծածկըւած՝
Գաղտնի պարտէզ մըն է սէրս»։…
Այլապէս պիտի չըսէիր յետոյ՝
«Ես սիրեցի բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ
Զինքը որքան սիրեցի.
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ…»
Եւ այդ սէրէն ետք գաղտնի, զաւակ մը ուզեցիր. ու պոռացիր քու տենչդ Անոր որ «զլացաւ քեզի… զաւկի մը շնորհն անգամ» ու յետոյ դուն տրամագին երգեցիր՝
«Օտար տղոց աչուըներուն, հոգւոյն մէջ
Դողդըղագին պիտի տղաս որոնեմ,
Եւ անծանօթ պիտ մեռնի՜մ անոնց դէմ…»
Իսկ երբ գտար դուն քեզ տղու մը դիմաց, քու ակնարկդ յառած անոր՝ շշնչացիր՝
«Եկուր, անցեալս ու ներկադ թող գրկուին գաղտնապէս»։

Ու մինչ հոգիդ կ՚աճէր իր յոյզերով եւ յոյսերով, յանկարծ աշխարհ տակնուվրայ եղաւ։ Գացին անհետ քու գրչեղբայրներդ բոլոր, ազգդ կիսուեցաւ եւ դուն եղար տարագիր՝ Նեղոսի ափին։ Քու հրդեհուած հոգիդ, գոռաց Թուրքին երեսին՝

«Պիտի իյնաս, կ՚իյնաս ա՛լ… Բայց որպէս զի դեռ ճանչնաս Քու անարգ սիրտըդ ծակող մեծագոյն ցաւը վերջին՝ Պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին…» իսկ յետոյ քու ալեկոծ ու խռո՛վ հոգիով ըսի՛ր Աստուծոյ՝ «Մեզ դըժոխք, դըժո՜խք ղրկէ՛ անգամ մ՚ալ, Չէ՞ որ զայն լաւ կը ճանչնանք, զայն ճանչցուցի՜ր մեզ շատ լաւ, Եւ Թուրքերուն յատկացո՛ւր արքայութիւնդ անբաւ…» Կարելի՞ էր արդեօք ասկէ աւելի խօսո՛ւն, կենդանի՛ բառերով արտայայտել մեր ցաւը, դժոխային մեր կեանքը, վարպե՛տ, կարելի՞ էր։ Իւրաքանչիւր հնչեակ քեզմէ բաբախող սիրտ մըն է, որմէ կարելի չէ գիր մ՚իսկ զեղչել։ Դուն նման ես զգայուն ջերմաչափի մը, մեր ճակատագիրին ելեւէջները արձանագրող, զգացումով, հոգիով, կեանքով տրոփուն։ Կու լա՛ս դուն, կ՚աղաղակես մեր ազգին ցաւին դիմաց։ Բայց չես վիրաւորեր, յուսահատ ճիչեր կ՚արձակես, սակայն չես ամչցներ, կը ներշնչես դուն մեզ նոր յոյսերով, նոր երգերով։ Դուն եղար անտո՛ւն բանաստեղծ, անօթեւան, թափառական։ Մեր կոտորածէն ետք, հայ «որբերուն աղօթք»ը սորվեցնող քերթող.ու քու հայրական շրթներով, արտասանեցիր անոնց փոխարէն՝ «Երկինք, կ՚ուզենք քեզ մեր վերեւ ունենալ՝ Զի հոդ կ՚ըսուի թէ մեր ծնողները կ՚ապրին, Ու մենք կարօտն ունինք անոնց ժպիտին…» Միայն ժպիտի՞ն, ա՜հ, միայն ժպիտի՞ն…։ Ու մինչ Սփիւռքի ցաւն եղող որբերէն անդին, Արագածի կանթեղին յարեցիր աչքդ, տեսար թէ հոն հայրենիքդ ինքզինք կը վերագտնէր ու կը ծաղկէր գարնան նման, ցաւեցա՜ր որ «քէն ես ըրած, քիչ մը ատեն, մինչեւ երէկ» եւ ըսիր՝ «Տարբե՜ր ես դուն մեր երազէն. աւելի՛ լաւ. Աւելի լաւ՝ կ՚ըսեմ, այո՛, անզիղջ, անգութ, Զի դատակնիքն է չեղածին՝ փա՛ստն…»։ Ահա նորէն պատերազմ, բայց այն տարբերութեամբ որ մեր հայրենիքի զինուորները հերոսաբար կը յաղթէին, եղբայրաբար օգնելով խաղաղասէր ժողովուրդներուն։ Մայիսեան գեղեցիկ առաւօտ մը կը մտնէին անոնք ոճրապարտ թշնամիին որջը… Բայց աւա՜ղ, ամիս մը ետք քու մահէդ։ Ապրէիր դուն, վարպե՛տ, ու տեսնէիր յաղթանակը մեր հերոս մարտիկներուն։ Ապրէի՜ր ու տեսնէիր վերադարձը բազմահազար Հայերու, դէպի երկիրն Արարատեան։ Տեսնէի՜ր եւ այդ ըլլար ապրո՛ւմ քու մէջդ, ըլլար քերթուած։ Ապրէի՜ր, եւ դուն ալ այդ հազարաւորներուն հետ կեանքիդ վերջին օրերուն դուն քեզ գտնէիր հայրենի կարմիր հողին վրայ, վերագտնէի՛ր ինքնութիւնդ վերջնականօրէն, չբանտուէր հոգիդ Անհունին ուղղած երկտողիդ մէջ, թէ՝ «Ժայռերու մէջ զիս հող մ՚ըրիր, արգաւանդ Եւ այդ հողին շիթ մը անձրեւ զլացար…։ այլ՝ քեզմէ ներս վերածնէր մէկ նոր շարքը Արարատեան Դաշտի երգերուդ, վերստին ծնունդովը նոր Հայուն։ Ու կը հաւատանք քեզի հետ սիրելի Վարպետ, որ… պիտի նոր Մարդը ծնի Բանաստեղծի մը երգէն սիրոյ ցասումի։ Ու պիտի գայ այն Օրը, երբ նորածին մարդկային սերունդներու հաւաքական յոռի ըմբռնումներէն, ի սպառ պիտի ջնջուին հետքերը Մամոնային ու Նեռին, բոլոր կուռք չաստուածներուն, ու պիտի վերածնի Գիտակցութիւնը ԻՍԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, նման այն Արդար Արեգակին, որ բոլորիս շնորհուած Լոյսի Առաւօտն է, Բանն է ու Բանականութիւնը, էն ու էութիւնը… Անսկիզբ եւ Անվախճան։ Սէրը անվերջակէտ ու գերազնիւ զգացողութիւնը համամարդկային։ …Գիշեր է տակաւին։ …Ու կը հասնին ինծի ՁԱՅՆԵՐ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ… Կը յորդին անոնք Գիրքերուս էջերէն ու կ՚ալեկոծեն ներաշխարհս։

Արամ Սեփեթճեան