Ինչպէ՞ս Գովեմ ՔուԱչքերը

Ինչպէ՞ս գովեմ Քու աչքերը,

Որ անզօրս,  Արարչին դէմ

Չմեղանչեմ…

Ինչպէ՞ս զանոնք նկարագրեմ,

Որ Քու հանդէպ

Մեղք չգործեմ:

 

Շագանակի գոյնով օծուն,

Գմբէթաւոր յօնքերէդ վար

Ու շուքին տակ

Թարթիչներուդ

Կախարդական ՝

Յար կը ժպտին

Քու աչքերը

Զուտ հայկական:

 

Ջինջ ճերմակին մէջ աչքերուդ,

Կը լողայ բիբն

Ինչպէս ուլունք.

Երանգն անոր  շախաղուած է

Ընտիր մեղրէն անտառներու

Եւ սուրճովը արեւելեան.

Թէ՛  քաղցրալիր

Եւ թէ՝ ցնցիչ:

Սիրտը բիբին՝

Ուլունք մ’ուրիշ

Մանրիկ ու սեւ,

Ուրկէ շողի անվերջ  շողե՜ր

Կը շողշողան.

 

Կը թափանցեն՝

Մերթ հրեղէն

Սիրտիդ լոյսը.

Մերթ զուարթուն

Հոգւոյդ կանչը.

Մերթ համբոյրի կարօ՜տն անհուն

Նաեւ՝  Քու սէրն

Անմահական…

 

Աչուկներդ խօսուն ու վառ,

Այնքան մօտ են

Իմ աչքերուն՝

Որ ես շշմած ու ապշահար,

Կը նուաղիմ,

Կը քարանամ

Կուռքի նման:

 

Երբ որ նայիս հայելիին

Ու  հանդիպին աչքերդ իրար՝

Իսկոյն որոտ ու

Կայծակներ,

Խորաթափանց ճառագայթներ՝

Հայելիէն դուրս կը ժայթքին

Պայթիւնի պէս

Հիւլէական…

Ու երբ նայիս

Սոսկ, մէկ աչքիդ, մեղանուշ ու

Գորովական՝

երկրորդն  անդին խանդո՜վ  եռուն

-Կա՛նգ  ա՛ռ, – կ’ըսէ

-Ինծի գովէ՛,

Ո՜վ  արարած եդեմական…

 

Ինչպէ՞ս գովեմ Քո աչքերը…

 

Արամ Քէթէնճեան

նոյեմբեր 2011