Արփիար Արփիարեան (1851 – 1908), գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր։

Ծնած է Սամսոնի նաւահանգիստը, երբ ծնողքը Ակնէն Պոլիս կը փոխադրուէր։

Աւարտած Է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Պոլիս վերադարձին նուիրուած է լրագրութեան։ Հիմնադրած է «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» օրաթերթերը, որոնք հայ իրապաշտ գրականութիւնը սկզբնաւորեցին ու տարածեցին։ Եղած է նաեւ ազգային երեսփոխան։ Որոշ շրջան մը որպէս յեղափոխական բանտարկուելէ ետք, անցած է Եւրոպա, ապա Գահիրէ, ուր սպաննուած է իր հակառակորդներուն կողմէ։

Բացի իր հրապարակագրական բազմաթիւ յօդուածներէն գրած է նաեւ վիպակներ. «Դատապարտեալը», «Երազի Մը Գինը», «Կտակ Մը», «Ապուշը», «Ոսկէ Ապրնջան», «Կարմիր ժամուց», «Օրհնեալ Գերդաստան», «Մինչեւ Ե՞րբ», «Սրտին յաղթանակը» եւ այլն։

Յատկապէս 1901-ին գրուած եւ 1903-ին առաջին անգամ լոյս տեսած իր «Կարմիր ժամուց» գործով` Արփիարեան մեր սերունդներուն կտակեց 19-րդ դարավերջին հայ ժողովուրդին ապրած ազգային-քաղաքական երկունքը յաւերժացնող դասական ստեղծագործութիւն մը: Մէկ կողմէ հայկական գաւառին երիտասարդական ու յեղափոխական ազգային պոռթկումը, իսկ միւս կողմէ` Պոլսոյ մեծատուն էֆէնտիներու պահպանողական մտայնութիւնը ներքին բեւեռացման տարած էին հայ իրականութիւնը:

Արփիարեան իրապաշտ շարժումի առաջին եւ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղած է։ Որպէս հրապարակագիր թարմ շունչ բերաւ մեր լրագրութեան իր սուր միտքով, ազատամիտ ու համարձակ գաղափարներով եւ ժողովուրդը լուսաւորելու ձգտող իր յօդուածներով։

 

ՔԱՆԻՆԵ՜Ր ՏԵՍԱՅ

Խասգիւղի մուրացիկ վարժապետը օրուան խօսակցութեան նիւթ մըն է։ Ոմանք կը գթան, ուրիշներ կը զայրանան այն մարդուն վրայ, որ իբր կրպակի նշանակ մը վզէն կախած է իր նախկին արհեստին անունը։ Ոմանց համար անպիտան ծոյլ մըն է -եթէ խաբեբայ մը չէ. եւ ոմանց համար ալ զայրացած թշուառ մը, որ կորսնցուցած է պաղարիւնով մտածելու կարողութիւնը։ Ես ալ կը շուարիմ, թէ որո՞նց համակարծիք ըլլամ։ Մէկ բան մը միայն գիտեմ. ամէն ատեն, որ թշուառութիւն մը կը ներկայանայ մեր առջեւ՝ սրտէ բղխած կարեկցութեան ձայնը կը լռեցնէ մտքի ազդարարութիւնը։ Կարեկցութիւնը ներողամիտ է մինչեւ իսկ անիրաւութեան համար։ Առանց փոխադարձ ներողամտութեան կրնա՞ր գոյութիւն ունենալ մարդկային ընկերութիւնը։

Ու երբ կու գան նկարագրել ինծի այդ թշուառը իբր թշուառական մը, կը վարանիմ հաւատալու։ Յիշողութիւնս զիս թերահաւատ կ՚ընէ. քանինե՜ր տեսայ անօթի։ Այդ սոված վարժապետները թերեւս ունէին հոգեկան աւելի զօրութիւն, բայց միթէ իրաւունք ունի՞նք պահանջելու, որ ամէնքն ալ զօրաւոր ըլլան։ Եւ անօթիներու հոգեկան տկարութիւնը կ՚արտայայտէ ընկերութեան անիրաւութիւնը, որու շնորհիւ ծերերն ու աշխատելու անկարողները կը մնան անօթի։

 

***

Մինչեւ իսկ հիմա, -թէեւ անցած են շատ տարիներ, -կը տխրիմ, երբ մտքիս առջեւ կը բերեմ դէմքերն այն վարժապետներու, որոնց մուրացկանութիւնը տեսած եմ, կամ մուրալու վիճակի մօտեցած ըլլալնին։

Օրթագիւղ Յունաց եկեղեցիին քով Բարսեղեանի խանութը կայ. իրիկունները, երբ դպրոցէն կ՚ելլէինք -քսանեօթ քսանութ տարի առաջ- շատ անգամ հոն կ՚երթայինք թուղթ, գրիչ գնելու։ Խանութին առջեւ կը գտնուէր միշտ հինցած, աղտոտած զգեստներով ծերունի մը, նիհար դէմքով, մօրուքը եկած։ Յայտնի էր, թէ խեղճ մըն էր, բայց հիմա յիշելով այդ դէմքը, խրոխտութիւն մը կը նշմարեմ վրան։ Ամէն ատեն ձեռքը գիրք մը ունէր, աւրուած կանաչ գոյնով, տպագրութիւնը կարծեմ շատ մաքուր։ Միշտ կը ջանար այդ գրքէն օրինակ մը ծախել խանութը եկողներուն. հացու փարայ պիտի ընէր։ Կը բանայի, կը կարդայի գիրքը. նամակներ էին գրաբար գրուած։ Խանութպանը օր մը ըսաւ, թէ այդ գիրքը շինողը նոյն իսկ այդ մարդն է. «Հիմա ասանկ եղեր է»։ Սկսայ արտակարգ պատկառանքով նայիլ այդ կէս մուրացկին վրայ, վասն զի գիրք մը գրած էր, եւ այն ալ գրաբա՜ր։

Գրաբարի վարժապետ մը եղած էր գրաբար գրքի մը այդ խեղճ հեղինակը, որուն անունը չեմ յիշեր, բայց մականունը կարծեմ Ալեքսանեան էր։

Ի՞նչ եղաւ ետքը. չեմ գիտեր. այսօր միայն միտքս կը բերեմ զինքը. հաւանօրէն տեղ մը ինկաւ մեռաւ անօթի. եւ աւելի գէշը, անծանօ՛թ։

Ինչ որ արգելք չէ մեզ յայտարարել, թէ գրաբարը մեր կրօնքին հիմն է, ու գրաբարի աշխատողները՝ մեր բարերարները։

 

***

Օրթագիւղ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ կար վարժապետ մը, որուն պաշտօնը թէեւ մեծ չէր, բայց կարեւոր էր. փոքրիկ տղոց կարդալ կը սորվեցնէր։ Մատղաշ մտքերու վրայ աշխատողը աւելի կը յոգնի, քան թէ մեծերուն դասախօսողը։ Ամէն օր իրեն առջեւ կ՚երթայի Նարեկս կարդալու. հանդարտ նստած էր աթոռի մը մէջ անժպիտ, բայց առանց բարկանալու մտիկ կ՚ընէր. կը շտկէր սխալները, նորէն կարդացնել կու տար։ Պապա մարդ մըն էր, անուշ, հանդարտ եւ հաւանօրէն բարեսիրտ. օր մը չնեղացաւ եւ ոչ ալ ծեծեց զիս։

Տարիներ անցան։ Վենետիկէն վերադառնալէս յետոյ, օր մը Օրթագիւղ քարակոփներու խանութի մը առջեւ տեսայ հին վարժապետս. տղոց միտքը բարակցնողը՝ հիմա քարերը կը տաշէր, կը բարակցնէր. ամչցայ, լռիկ անցայ, չտեսնելու զարնելով։

Յետոյ դարձեալ տարիներ անցան. առաւօտները շատ անգամ Օրթագիւղէն քալելով կ՚երթայի Ղալաթիա. առտու մը Ֆընտըգլըի կողմերը հանդիպեցայ քարակոփ-վարժապետին, որ առջեւէս կ՚երթար գլուխը կախ։ Մօտեցայ իրեն ու բարեւեցի։

-Նշան աղա, զիս ճանչցա՞ր,- ըսի։

-Ի՞նչպէս չեմ ճանչնար. շատ մեծցեր ես, բայց քեզի Նարեկ կարդացնելս գիտեմ։

Ասդիէն անդիէն խօսեցանք ու բաժնուեցանք։ Քիչ մը ատեն անցաւ. շաբաթ իրիկուն մը տեսայ, որ Խաւեար խանը գալով՝ մեր գրասենեակին դռնէն ներս կը նայէր. ելայ հրամցուցի սենեակ մը. սուրճ մը խմցուցի։ Կերպով մը հասկցուց, թէ ինչո՞ւ համար եկած է։

Ալ այնուհետեւ սկսաւ աւելի ստէպ գալ. երբեք չդժգոհեցայ. իր ցաւած, խորհրդաւոր, հեզուկ դէմքին վրայ այնպիսի տխրութիւն մը կար, որ ինծի շատ մտածել կու տար։

Իրիկուն մը, շատ ուշ ատեն, դարձեալ Ֆընտըգլըի ճամբուն վրայ տեսայ զինքը, կ՚երթար առջեւէն. կռնակը պարկ մը կար. մէջը հաց լեցուցած էր։

Կու գար ամէն տեղ զիս կը գտնէր. ա՛լ ատեն մը չեկաւ. փնտռեցի հետքը, չգտայ։ Չեմ գիտեր ո՛ւր նետած էին այդ վարժապետին դիակը։

 

***

Ուրիշ մըն ալ կայ, որուն մարմինն ալ չեմ գիտեր տեղ մը նետուա՞ծ է, ողջ կամ մեռած։

Ան ալ վարժապետ մըն էր, ու ծանր վարժապետ մը, դարձեալ Օրթագիւղէն։ Դպրոցին կառավարիչն էր։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն դատախազի, դատաւորի եւ գործադիր իշխանութեան պաշտօն կը վարէր։ Կ՚ամբաստանէր աշակերտները, վճիռը կ՚արձակէր, պատիժը կը տնօրինէր ու կը գործադրէր։ Այն ատենի աշակերտները անշուշտ մինչեւ հիմա ինծի պէս զգալու են, թէ որպիսի՜ սարսուռ կ՚ընթանար մեր ոսկորներուն մէջ, երբ Պարոն Պօղոս բերանը բանալով՝ կ՚արձակէր սոսկալի վճիռը, ամէն ցերեկ, ճաշի ժամուն. «Երկու սահաթ ծունկի վրայ, երկու սահաթ ոտքի վրայ, սահաթ մը ետքն ալ՝ տիլիմ մը չոր հաց»։ Ամէնքս ալ շաբաթը մէկ երկու անգամ կ՚ենթարկուէինք այդ պատժին. րոպէ մը իսկ չէր զեղչեր։ Յանցանքները շատ ոչինչ էին. մեծ յանցանքնիս այն էր, որ երբ սանդուղէն վար կ՚իջնէինք, աղմուկ կը հանէինք։

Եւ սակայն չէինք ատեր Պարոն Պօղոսը, չեմ գիտեր ինչո՞ւ։ Քանի մը տարի առաջ տեսայ զինքը նիհարցած, թօշնած, տկար, խեղճ։ Հին օրերէն գորով մնացած էր սրտիս մէջ, այնքան յիշատակներ կ՚արթնցնէր յիս. սիրով սղմեցի ձեռքը. նստեցուցի. պաշտօն մը կ՚ուզէր. ի՞նչ ընէի. լրագրին մէջ ազդ գրեցի. հարցնող, փնտռող չեղաւ։ Ալ ինքն ալ երեւան չելաւ, չեմ գիտեր ի՛նչ եղաւ խեղճ մարդը։ Բայց անպաշտօն, անյոյս, լքեալ վարժապետի կսկծոտ դէմքը չ՚աներեւութանար աչքէս։

 

***

Եթէ մուրացիկ մը չեղաւ, բայց մուրացկանութեան վիճակին մօտեցաւ այն ծերունին, որ մեր մէջ ծանօթ է իր ժամանակակից տոհմային տարեգրութեամբը։

Ալ բաւական ծերացած էր այդ պատուելին ,-Աւետիս Պէրպէրեան,- երբ սկսաւ մեզ դասախօսել։ Չեմ կրնար երբեք մոռնալ այդ սրտոտ վարժապետին մեր վրայ թողած տպաւորութիւնը։ Ժամ մը, երկու ժամ, մինչեւ երեք ժամ ալ կը խօսէր, մենք տղաքներս առանց ձանձրանալու մտիկ կ՚ընէինք. եւ ինչ որ կ՚ըսէր, կը դրոշմուէր մեր մտքին եւ սրտին մէջ եւ անկից չջնջուեցաւ երբեք։ Զինքը կը սիրէինք ամէնքս ալ։ Չեմ գիտեր վարժապետական ի՞նչ սկզբունքի համար հանեցին Պատուելին, որ գնաց Ռոտոսթօ, թափառեցաւ հոս ու հոն ու եկաւ մեռնիլ Օրթագիւղ։

Ձմրան օր մը, սաստիկ ձիւն կը տեղար բքախառն, երկու երեք հոգի տարին թաղել այդ բազմավաստակ, սրտի տէր վարժապետը։ Գուցէ գերեզմանն ալ անհետացած է։ Յարմար ժամանակին կը մեռնէր. գրքերն ալ ծախած էր, ու գիտէինք, թէ գիրքը սիրողին համար՝ զայն ծախելը, մուրալու չափ դառն է։ Չէր գիտեր ի՞նչ պիտի ընէր քանի մը օրէն. մահը զինքը փրկեց այդ հոգէն եւ ձեռք երկնցնելու ամօթէն։

 

***

Վենետիկէն ընթացաւարտ ելած Պոլիս վերադառնալու վրայ էի. Հ. Իգնատիոս Վ. Կիւրեղեան, հիմա Մխիթարեանց աբբահայրը, օր մը խօսակցութեան մէջ ըսաւ ինծի, թէ ի՞նչ պիտի ընեմ Պոլիս եւ աւելցուց.

-Չըլլայ թէ վարժապետութիւն ընես. Պէշիկթաշլեանէն աւելի աղէկ վարժապետ պիտի չըլլաս. անօթի մեռաւ։

Հ. Իգնատիոսի այս խրատը «ականջիս օղ» եղաւ։ Եթէ քիչ մը փորձութիւն ունէի, վարժապետութեան մէջ մտնելու, բոլորովին սթափեցայ։

Օրթագիւղ մեռաւ Պէշիկթաշլեան։ Միւթէվէլլի փողոցի քովէն, բլրակին ստորոտը կը գտնուի Սեդրակին տունը, զոր կը հովանաւորէ նռնենի մը։ Ամէն անգամ որ կ՚անցնիմ լռակեաց ամայի փողոցէն, աչքս կը վերցնեմ այդ խրճիթին վրայ, ուր աղքատ մեռաւ ամենամեծ տաղանդ մը, եւ կ՚ըսեմ, թէ յարմար ատենին մեռաւ։ Եթէ քիչ մըն ալ ապրէր, յոգնութիւնն ու ծերութիւնը վրայ հասնելով օրուան հացին կարօտը պիտի քաշէր։

Թղթէ այն քարտէսը, զոր հայ վարժապետ մը վիզն անցուցած կը պտըտի Խասգեղի փողոցներուն մէջ, միթէ կախուած չէ՞ր նաեւ Աւետիս Պէրպէրեանի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի բնակարաններուն դրան վրայ։

 

Արփիար Արփիարեան