Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Բանաստեղծ:

Ծնած է Լիբանան: Նախակրթութիւնը ստացած է Ազգ. «Քառասուն Մանկաց» վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Ազգ. «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» գոլէճին մէջ: Ապա հետեւած է հայագիտութեան դասընթացքներու «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1974-ին:

1974-ին հրատարակած է առաջին բանաստեղծութիւններու գիրքը «Անվերջակէտ Ճամբորդութիւն» Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ: Իսկ երկրորդ գիրգը «Յարանորոգ Հոլովոյթ» հրատարակութիւն Գէւորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի:

Առաջին բանաստեղծութիւնները տպագրած է «Սփիւռք»-ի էջերուն, ապա «Բագին» եւ «Ազդակ»:

Զբաղած է ուսուցչութեամբ, Ազգային «Մարտիկեան» վարժարանին մէջ (այժմ Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ):

2010-էն ի վեր անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան:

Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ: Կ’ապրի Լիբանան:

Ներկայիս գործօն մասնակցութիւն ունի Լիբանանի Օգնութեան Խաչին մէջ, ստանցնելով պատասխանատու պաշտօններ:

 

ՀԱՌԱՉ

Աղբիւրին մօտ, զառիթափին

Երկինքն էր կապոյտ ադամանդ

Արեւաքաղ բոյրաթոր ծաղիկներու բողբոջ

Պար բռնեցին թիթեռներու հետ ոստոստուն

 

Ձայն մը հեռուն զընգաց…

Ահագնացող սարսուռն էր մահաբոյր

Եւ թիթեռները հազարագոյն դողդողուն

Խելակորոյս թափ տալով մռայլ երգեր երգեցին

 

Աղբիւրին մօտ, ծառին տակ

Ձեռքերը կուրծքին հրկիզաշունչ աչքերով

Որդեկորոյս մայրը կ’ողբար

– Մեր յոյզերու, ի՛ր յոյսերու –

Խորտակուած պսակը զաւկին

 

Հառաչանքով ողբաձայն, սարսռալով

Ի՜նչ երազներ խորտակուեցան

Դողացող ափերուն մէջ սեղմած հողն հայրենի

Թաթախուած հերոսներու արիւնով…

 

Սարսռադող թնդիւնը մահաբոյր

Ծուէններով խելակորոյս արձագանգեց

Արտասուաթոր փրկութեան կանչը լայնատարած…

… Լայնատարած մահ էր այնտեղ հոգիներու արեւի…

 

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան