Պէպօ Սիմոնեան – (1937- 2015), լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր,լրագրող, հասարակական գործիչ:
Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Տիգրան Գալայճեան) ծնած է 1937-ին, Աղեքսանդրիա: Երկու տարի ետք ընտանիքով տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրըթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է «Սէն Ժոզէֆ» ֆրանսական համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը: Աւելի քան քառասուն տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, զուգահեռաբար նաեւ լրագրութեամբ: Անդամ է Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումի եւ քարտուղարութեան, անդամ է «Կամար»ի եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն։
Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածոներու: Անոր բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածոները: Արձակ գործերէն յիշենք «Ծուէն-ծուէն» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը: Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012-ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ:
Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2012-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլի:
Երախտաշատ գրողը եղած է նաեւ հայրենանուէր մտաւորական մը։ Իր վաստակը ամուր եւ անխորտակ կամուրջ մը եղած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան ապրած ու գործած է համապատասխան խանդավառութեամբ ու եռանդով։
Աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին հարստացուցած է սփիւռքահայ ժամանակակից հայ գրականութիւնը` գրական եւ հրապարակագրական բազում իրագործումներով:
ԾՈՒԷՆ, ԾՈՒԷՆ ԵՐԻԶՆԵՐ
Մարդու կեանքն ալ ծուէն ծուէն երիզներէ կը բաղկանայ։ Ծուէն ծուէն ճերմակ ամպերու կը նմանի։ Եթէ պահը չբռնես, չնկարես` կը հեռանան եւ ժամանակի անսահման հեռաւորութենէն, դժուար կ’ըլլայ լուսանկարչական գործիքին անզօրութեամբ, վերարտադրել։ Պատճէնահանել։
Ես իմ անկրկնելի երիզներէս որքա՜ն ծուէններ հեռացնելով ինձմէ, կորսնցուցած եմ
(Պէպօ Սիմոնեան, «Ծուէն, ծուէն երիզներ», 1980)։
ԹՈՒՂԹ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏՐՎԻՇԻՆ
Ողջոյնով բանամ թուղթս սրտակից
օ՜, իմ հեռաւոր բայց եւ անծանօթ
բանաստեղծ եղբայր, գրչակից ընկեր…
Թուղթիս սպիտակ դեռ մերկութենէն՝ ձայնի ալիք մը բարձրացաւ յանկարծ,
կրկնելու համար հին ճշմարտութեան խօսքը քեզ յայտնի,
– Բանաստեղծներու հոգին հեռաւոր ծիածանուած է
անտեսանելի
կախարդ լոյսերով
ոսկի կամուրջով,
կանաչ հովերով…
Ու մենք իրարու անծանօթներ չենք…
Կը յիշեմ հիմա,
Տխրութեան տերեւ՝շրթներուդ վրայ թախիծի գոյնով
Ձիթենիի ճիւղ մը հոգիիդ մէջ՝ որպէս երազի շունչ մը փայփայուած
Երբ զերթ աղաւնի դուն խաղաղաբեր
կամ
Մետաղէ թեւով թռչուն մահաբեր…
Անցար երկինքէն ու փողոցներէն…
Ու զարմանալի երգիդ կշռոյթէն՝ սիրոյ տեղ խռովք,
կրակ հոսեցաւ.
եւ դղրդալէն շարժեցան բոլոր մայթեր ու փողոց
սերունդ ու ամբոխ…
Բայց բանաստեղծի քու խաղաշապա՛շտ հոգիդ թեւածեց
ջուրերու խաղաղ կապոյտներուն ու ծփանքին վրայ…
Անցքէդ անխաղաղ
օդին մէջ թռչող թռչունները հէգ՝ լռեցին յանկարծ,
Աղաւնիները իրենց կտուցով երկինքի
կապոյտը արիւնեցին,
Ու ագռաւները աչքեր փորեցին
Քու այդքա՛ն սիրած վարդերդ տխուր՝
Փուշերու պսակ անցուցին գլխուդ…
Ի՞նչ կ’որոնէիր հոս ու հոն ինկած՝
ճակատդ մահուան ստուերին հակած
կրակէ խարա՜ն… թէ փոթորկի ձայն՝
որ խենթ բառերուդ երակներէն շէկ
արեան պէս հոսէր, ու ներարկէր ուժ
ու պայքարի տենդ
ազատութեան լոյս
հրայրք հաւատքի՝
ու կիզիչ երդում
արեան տրոփին…
ու մխացո՜ղ սէր
սէր
սէր
սէր
գերուած – շղթայուած
Սուրբ Հայրենիքի…:
Ու բանաստեղծի հոգիդ կարեվէր՝ կ’արեւէ ուղիդ
մեծ ճանապարհի…
ու ճանապարհի դարպասին վրայ արձանագրեցիր
հաւատամքդ նոր
– Բանաստեղծը լոկ չ’ապրիր բառերու շղարշէ ծէսով,
այլ կը մաքառի նոր գալիքներու արեւին համար…
որ յաղթանակի գինիով լուայ թէ՛ժ
շրթներն պղծուած:
Հողէդ վտարուած
հողին կարօտով կ’այրես երգերուդ անկէզ մորենին,
հողին կարօտով կ’այրես օրերուդ տագնապներն անշէջ,
կանչերով հողին կը հիւսուի երգիդ հրեղէն հիւլէն.
Հողը սրտիդ մէջ մասունքի բեկոր՝ անցար անվկանդ
բանտի խաւարէն,
Ու խաւարը գէջ լուսավառեցիր հաւատքիդ շողով:
Գարնան՝ արագիլ չտեսան աչքերդ ու ո՛չ ալ երկինք
սիրոյ ասմազուն,
այլ լոկ հրդեհուած ծաղիկներ անբոյր՝
որպէս դիակներ բերին
Տխրութիւն…
Նաբալմէն այրած հիւղաւաններու ծուխէն բարձրացաւ
ճի՛չդ ապրելու,
բայց ո՛չ մէկ խուլ խիղճ շարժեցաւ… դողա՜ց
հեռաստաններէն,
– Մեռած է ըսիր, չքացեր անհետ՝ գութը աշխարհի
խիղճը մարդկութեան
ու բարձրացուցիր զայրոյթի զահրով մակընթացութեան
հողմակոծ շառաչ…
Աւազին կիզիչ ջերմութեամբ գրուած երգերդ հրթիռ,
կ’արձակուին քեզմէ ու դիմադրութեան երթին ալեկոծ
կը բանան ուղի
դէպի Ապագան ազատագրութեան:
Ու մենք իրարու անծանօթներ չենք:
Նոյն ճակատագրի տերեւ հողմածեծ,
Ցաւիդ այրուցքէն կ’այրին հոգիիս վէրքերը անտես…
Մե՛նք ալ քեզի՝ ու հէք ժողովուրդիդ բեկորներուդ պէս
Ինկանք այս հողի՛ն.
արմատէն բռնի խլուած ծառին պէս…
քշուեցանք երկրէն մեր եղեռնակո՜ծ…
գիտե՞ս թէ ինչպէ՛ս…
…չբանամ հիմա մեր Ողբերգութեան էջերն ահարկո՛ւ,
սաստիկ մեր ցաւին սուր այրուցքներէն
գուցէ՜ եւ այրի քու սրտիդ վէրքը մխացո՜ղ, շատցող.
բայց յիշէ միա՛յն,
որ հա՛յ պատմութեան ածխացած էջէն կը փռնգտայ յար
սարսափ թուական… 1915 ՍԵՒ ԹԻՒ:
Մի մնար, անցնիր՝ անտարբեր, անահ
յիշէ անպայման,
որ անապատի աւազներուն տակ ողջ – ողջ թաղուեցան
ժողովուրդին հետ
սուրբ մասունքներու
ճառագայթ ու ցոլք
թռիչք ու արեւ
երազ վարդերու
չխամրող բոյրեր,
բանաստեղծներու
հանճարացոլք երգ…:
կը փակեմ թուղթս կնքուած դաշինքով արեան մեր ուխտին,
ու եղբայրական ջինջ համբոյրներով՝ ի խնդիր վաղուան
արդար ու մեծղի Այգաբացներուն…:
(ԿԱՆԱՉՆԵՐՈՒ ԱՌԱՍՊԵԼԸ հատորէն հրատարակուած՝ 1977-ին):