Պետիկ Հերկելեան (1954 –1987) – բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։

Գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան: Ծնած է Լիբանանի Այնճար գիւղը՝ 1954 թուականին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած՝ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն կաճառի դասընթացքներուն։

Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան յետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ կաճառէն շրջանաւարտ եղած է 1985 թուականին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։

1976 թուականին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած՝ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։

1978 թուականին վերադարձած է Լիբանան եւ միացած՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան:

Պետիկ Հերկելեան իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է դպրոցական գրասեղաններուն վրայ: 1973 թուականին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։

1983 թուականին կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, 1985 թուականին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր պագանեմ» խորագրով իր երրորդ քերթողագիրքը։

1986 թուականին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը։ Նոյն տարին խմբագրած եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր կեանքիս գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։

Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Լիբանանի Ճիպէյլ շրջանի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած է եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքառումներէ ետք, մահացած է 10 մարտ 1987-ին։

1992 թուականին, յետ մահու, բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական վերլուծական էջեր» խորագիրը կրող հատորեակը, որ կ՚ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։

 

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

 

ԲԱՌԸ…

Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով,

Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն,

Կը փնտռէի փրկարար բառըս բարի,

Սակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր:

Բառը ցօղ էր նախապէս՝ իջած դողին մատներուս,

Դէմքիս թեքուած ծաղիկներու ժպիտ էր ան վայրենի,

Թոթովանքիս շնորհուած գուրգուրանք էր պարզապէս:

Բառը ցո՜լք էր աղջկայ,

Բաժակ էր ան հրաշահիւս կակաչի,

Ապա խաչքար ճաքճքած,

Մագաղաթի ծուէն էր՝ արիւնիս մէջ թաթախուած,

Երակներս լափլիզող կրակ էր ան պատուհաս,

Եւ ջիղերուս ցանցը ցնցող հրապոյր էր էգերու,

Որդան կարմիր էր եռուն,

Արեւայորդ հաւատամք էր հեթանոս,

Հնադարեան մեղեդի,

Հողի բոյր էր զգլխիչ,

Յովատակի վրինջ էր ու վարգ էր ան եղնիկի:

(«Բառը» 1983)

 

ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ, ՄԱՐԴԻԿ…

Եթէ երբեք

Աննպատակ ձեզ թուեր եմ,

Ես քիչ մը խենթ

Եւ միշտ ուրախ ձեզ թուեր եմ,

Մի՛ մոռնաք, մարդի՛կ,

Որ ձեզի համար,

Իմ սրտին խորը

Ես շարունակ

Թախիծ մը խոր

Ունեցեր եմ…

(«Եւ երկիր պագանեմ» 1985)

 

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կենաց անձրեւ,

Յոյսի արեւ,

Իմ պապերուն

Կտակին հետ

Գոյութեանս մէջ

Շրջող բարեւ…

Արդարութիւն՝ յոյսի արեւ,

Սակայն աշնան բախտի տերեւ…

(«Պատուհանէն դուրս» 1972)

 

ՏԱՌ ԻՄ

Ոսոխի զարկին ընդդէմ բարձրացող

Խորանի քուլայ,

Նահատակներու արիւն իմ բորբոք,

Կը բերեմ ես քեզ

Հաւատացեալի հոգեպարար ծէսն յաւիտենութեան,

Հայրենազուրկի ապաստան վերջին,

Առաջին սիրոյ դալո՜ւկ իմ ժպիտ,

Միակ սփոփանք հալածանքի,

Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,

Ես քեզմով առլի

Ու կարօտ՝ քեզի՜,

Դո՞ւն ես կրակն իմ ամենափրկիչ:

Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,

Գուրգուրա՛ վրաս՝ իբրեւ հիւանդի,

Եւ մի հեռանար դուն սնարէն իմ,

Որ ես… չմեռնի՜մ…

(«Հատընտիր» 2004)