Պետրոս Դուրեան (Զըմպայեան) – (1851-1872), հայ բանաստեղծ, թատերագիր։
Ծնած է Պոլիս, Սկիւտարի թաղը, երկաթագործի Աբրահամ Զմպայեանի ընտանիքին մէջ։ 1855-ին կը մտնէ Սկիւտարի ճեմարանը: Ճեմարանական շրջանին ան բառարանէն կը հանէ «զմպա» բառին հայերէն համարժէքը եւ տոհմական մականունը հայացնելով կը դարձնէ Դուրեան:
Ծայրայեղ աղքատութիւնը ստիպած է, որ գործ փնտռէ պատանի տարիքէն: Ճեմարանն աւարտելէ ետք, որպէս գրագիր, կը մտնէ վաճառատուն մը, սակայն առեւտրական թուղթերու վրայ քերթուածներ գրելուն համար կը ճամբուի:
Այնուհետեւ ամբողջութեամբ կը նուիրուի գրականութեան եւ թատրոնին: Դպրոցական շրջանին եւ ետքը գրեց թատերգութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը բեմադրուեցան: Ունեցաւ բեմական գործունէութիւն, սակայն վարձատրութեան չնչին ըլլալու պատճառով Դուրեան հեռացաւ թատրոնէն, հակառակ որ թէ՛ որպէս թատերագիր, թէ՛ որպէս դերասան անուն շահած էր, մինչեւ իսկ Պետրոս Ադամեանի հետ մրցակից ըլլալու աստիճան:
Կարիքը, հոգեկան տագնապը, ծնողքին բեռ ըլլալու գիտակցութիւնը կը քայքայէին իր առողջութիւնը:
1871 թուականի սկիզբները ի յայտ կու գան բանաստեղծի մահացու հիւանդութեան՝ թոքախտի առաջին նշանները։ Նախապէս՝ կեանքով լեցուն պատանին, հիւանդութեան ուշադրութիւն չէր դարձներ եւ կը շարունակէր ստեղծագործել։ 1871-ը կ’ըլլայ Դուրեանի ստեղծագործական ամենաբեղմնաւոր տարին: Բանաստեղծը կարծես կը զգայ իր օրհասը եւ պատասխանատուութիւնը՝ իր տաղանդը իրագործելու: Այն պարագային, երբ ճեմարանէն ետք չորս տարիներուն (1867-70) գրած էր 12 տաղ միայն, ապա կեանքի վերջին քանի մը ամսուան մէջ գրեց 26 տաղեր, երեւոյթ մը, որ յետագային նկատուած է Մեծարենցի եւ Սիամանթոյի պարագային:
Այդ ժամանակ ան իր բարեկամներուն երկտող մը ուղղած էր ՝ «Մէկ պատառ թուղթերու վրայ արցունքոտ տողեր գրեր եմ. անշուշտ բարեկամքս զանոնք պիտի պատուեն եւ անոնց արեւ տեսցնեն»։ Անոր լաւագոյն երգերու մեծ մասը ստեղծուած է նոյն թուականի ընթացքին։
Իսկ յաջորդ 1872 թ. 21 Յունուար-ի գիշերը, բանաստեղծը կը կնքէ իր մահկանացուն։ Անոր մահէն ետք, լոյս կը տեսնէ առաջին գիրքը։
Յարգանքի վեջին տուրք մը տալու համար կատարուած է փառաւոր յուղարկաւորթիւն մը։ Սկիւտարի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Դուրեան, շուտով դարձած է երիտասարդներու ուխատավայր։
Գրած է բանաստեղծութիւններ, տրամաներ, զբաղուած է հրապարախօսութեամբ (եղած է «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ» թերթի օգնական խմբագիր), կատարած թարգմանութիւններ (Վիքթոր Հիւկօ` «Թագաւորը Զուարճանում Է», Շէյքսփիր` «Մաքպէթ» եւ այլն)։ 1869 եւ 1871 թուականներուն «Օրագիր Ծլին Աւարայրւոյ», «Մեղու», «Եփրատ», «Մամուլ» պարբերականներուն մէջ տպագրուած է տաղեր։ Գրական ժառանգութեան զգալի մասը (երգիծական ոտանաւորներ, «Տիգրան Բ․», «Կործանումն Հռովմա», «Շահատակութիւնք Հայոց» ողբերգութիւնները, թարգմանութիւններ, բազմաթիւ նամակներ) չեն պահպանուած։
ՍԻՐԵԼ
Բոյլ մը նայուածք , փունջ մը ժըպիտ,
Քուրայ մը խօսք դիւթեց իմ սիրտ:
Ես ուզեցի լուռ մենանալ ,
Սիրել փըթիթք, խորշեր թաւուտ,
Սիրել կայծերն երկնի կապուտ,
Առտըւան շաղն, իրիկուան բալ,
Ճակատագրիս սեւ գիծ կարդալ ,
Խոկալ, սուզիլ, ըզմայլիլ սուտ:
Ո՜հ, խուրձ մը վարս, եդեմ մը շունչ,
Շրջազգեստ մը շրշեց իմ շուրջ:
Ես ուզեցի լոկ ու մինակ
Սրտակցիլ ջինջ վըտակին հետ.
Յիշատակի չ՚ունի նա հետ,
Սի՜րտ մ՚որուն մինչ սուզիմ յատակ,
Գտնեմ զ՚իս հոն դժգոյն, յստակ ,
Գաղտնի՛ք մ՚ունի — այն ՝ անթիւ վէտ:
Եթեր մը տրոփ սրտի լսեցի,
Հծծեց . — կ՚ուզե՞ս սիրտ, ե՛կ ինծի»:
Ես ուզեցի սիրել զեփիւռ,
Որ երկնքէն թռչի բեկբեկ,
Նա չը սիրեր խոցել երբե՛ք,
Հոգի՛ մ՚որուն գաղտնիքն է բոյր,
Գիտէ շոյել երազներ բիւր,
Երկնի բոյրն յ՚ուշ կ՚ածէ առ հէք:
Ո՜հ փունջ մը բոց փըսփըսաց ինձ,
—Կ՚ուզե՞ս պաշտել հոգի մ՚անբիծ»:
Ես ուզեցի քընարով մի
Լոկ սիրել հոս, հոս դալկահար,
Պաշտել, գրկել միայն քընար,
Սիրող էակ ճանչել զ՚անի,
Ըստ իմ քըմաց լարել աղի ,
Եւ սրտակցիլ սիրողաբար:
Նէ մօտեցաւ յուշիկ , ըսաւ,
—Քնարդ է ցուրտ սիրտ եւ սէրըդ ցաւ»:
Թօթուեց թեւերն հոգիս մոլար,
Ճանչեց ըզնէ գեղ ու կըրակ,
Սիրտն անապակ՝ ինչպէս վըտակ,
Անմե՛ղ՝ ինչպէս սիւք դալկահար,
Հաւատարի՛մ՝ ինչպէս քընար,
Հրաժեշտ տըւաւ կեանքի մենակ:
Բոյլ մը նայուածք , փունջ մը ժըպիտ,
Քուրայ մը խօսք դիւթեց իմ սիրտ:
1871
ԴՐԺԵԼ
Փունջ մը կնճիռ, բոյլ մը կայծակ,
Դըժոխք մ՚անէծք խոցեց հոգեակս:
Ես ուզեցի պաշտել ըզնէ,
Սիրել ժպիտքն ՝ փըթի՜թք անհուն,
Սիրել աստղերն սեւ աչերուն
Եւ այն խոկումն, որ մըթագնէ
Պայծառ ճակատը ՝ այն ամպն է
Որ կ՚ըշպարէ դէմքը լուսնոյն:
Գիշեր մը սուգ, անդունդ մ՚հառաչ ՝
Յուզեց ներա հոգին ու լանջ:
Ես ուզեցի միշտ քովն ըլլալ,
Մըտիկ ընել թնդիւն սրտին,
Շնչել, խըմել ներա հոգին,
Եւ շօշափել լոկ ձիւնափայլ
Ծոծորակին վըրայ ծալ ծալ
Թափող վարսից ալեակք ծըփին:
Ովկեան մը տրտունջ լսեցի,
«Զ՚իս կը նեղե՜ս — հծծեց ինծի:
Ես ուզեցի քընար մ՚ըլլալ
Ներա ձեռքին տակ հեւացող ,
Ներա հոգւոյն խորն հիացող
Թեթեւ պատկեր մ՚ըլլալ շարժեալ,
Մոռնալ զիս, լոկ ըզնէ՛ խոկալ,
Կ՚վառէ երազ մ՚որուն մէկ շող:
Ամպրոպ մը սաստ ցնցեց հոգիս ,
Գոչեց — սիրել չ՚ես կրնար զ՚իս» :
Ի զո՜ւր սիրտըս մըխաց առջին՝
Խնկարկելու սիրտն անապատ.
Ցուցի իրեն ճակատս գունատ,
Կուրծըս գոգած , մարն իմ աչքին ,
Ի զո՜ւր շուրթերս դողդոջեցին,
Զ՚ինքը սիրելս հծծեցին յայտ:
Նէ հեռացաւ ինձմէ , ըսաւ,
—Բա՛ւ սիրեցի քեզ, մնաս բարեա՜ւ»:
Որոտացին խոկմանցս ամպեր,
Կայծակնահար ըրին հոգիս,
Մոխիր դարձան երազներս յ՚իս,
Ճակատագիրս խնծղաց ի վեր,
Խորշ մը կար որ զ՚իս չը ծաղրեր ,
Այն լուռ փո՛սն էր գերեզմանիս…:
Փունջ մը կնճիռ, բոյլ մը կայծակ,
Դըժոխք մ՚անէծք խոցեց հոգեակս…:
1871