Պօղոս Սնապեան (1927 – 2014) – Սփիւռքահայ գրագէտ, խմբագիր, արձակագիր, հրապարակագիր, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ

Ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ։ 1944-ին կ’ընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր կ’աշակերտէ Յակոբ Օշականի, որ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ իր վրայ։ Նոյն վարժարանին մէջ արաբերէնի ուսուցիչ կ’ունենայ անուանի խմբավար՝ Օհան Տուրեան: Վարժարանը կ’աւարտէ 1949-ին։

Պ․ Սնապեանի տպագիր առաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը՝ «Տաղ Տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքին պաշտօնաթերթ «Սիոն»ի մէջ, իսկ անոր հրատարակած առաջին գործը վիպակ մը՝ «Ժամանակ չկայ», 1953–ին, լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։

1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններու մէջ, որուն առընթեր գրական եւ գրաքննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ։1957-ին՝ լոյս կ’ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի առաջին հատորը, իսկ 1959-ին՝ երկրորդ հատորը։

1962 Յունուար-ին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ երբ լոյս կը տեսնէ «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պոյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին։ 1962-ին կը մեկնի Փարիզ, ու Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր, կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու։ Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ իրեն վստահուած խմբագրական աշխատանքները (ըլլալով անոր խմբագիրը 42 տարի անընդմէջ), միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն։

1966-1973 մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական-մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր։

1966-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ կը դառնայ մինչեւ 2003, շուրջ 40 տարի։

1983-2003 թուականներուն, պարբերաբար աւանդած է հայ գրականութիւն «Համազգային»ի «Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ»ի աւարտական երկու դասարաններուն։

Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերուն՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական ու հրապարակագրական յօդուածներով։

 

Պ. Սնապեան ունի հրատարակչական մեծ վաստակ. լոյս ընծայած է 31 ինքնագիր մատեաններ. կազմած ու խմբագրած է 81 հատոր հայ մեծանուն գրողներէ։ Խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է յատկապէս Յ. Օշականի երկերէն շարք մը հատորներ։ Ունի տասնեակ մը անտիպ հատորներ։

2007–ին կը սկսի խմբագրել «Ազդակ գրական-Ազդակ արուեստի» պարբերաթերթը. աշխատանք մը, որուն վրայ կը մնայ մինչեւ իր մահը, 14 Յունիս 2014։

2003–ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան «Համազգային»ի շքանշանին։

2010–ին՝ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին ։ 2014–ին, յետ մահու կը պարգեւատրուած է Այնճարի «Մուսա Լեռ» շքանշանով։

Պօղոս Սնապեանի լոյս ընծայած գործերը՝ «Ժամանակ չկայ» (աղջկան մը կեանքէն), վիպակ, 1953-ին,  «Յեղափոխութեան համար», գրական-հրապարակագրական, «Վերջին արարը», քննադատական, 1958-ին, «Անդրշիրիմեան ձայներ» (պատասխան Գուրգէն Մահարիի), 1960-ին, «Աւազախրած նաւը», քննադատական, Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» գործին առթիւ, 1964-ին, «Ես այդ շունն եմ», արձակ, 1966-ին, «Կորստական թոյներ», պատմուածքներ, 1970-ին,  «Աղքատներուն աւանդութիւնը», պատմուածքներ, 1983-ին, «Ինչպէս հայհոյեմ…», գրական-հրապարակագրական, 1990-ին,  «Միջնարար-5», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն, 1992-ին,  «Յայսմաւուրք», հրապարակագրական, 1997-ին, «Տարեդարձներ», գրականագիտական-հրապարակագրական, 2001-ին, «Տպաւորութիւններու հէնքով», գրականագիտական-քննադատական, 2003-ին,  ««Ես իմ անոյշ»ի ոդիսականը», գրականագիտական, 2003-ին, «Կրկէսին մէջ», գրականագիտական-քննադատական, 2005 (3 հատորով),  «Թիւրիմացութեամբ եւ մասամբ նորին», գրականագիտական-քննադատական, 2007-ին, «Մեր փարախէն ներս», հրապարակագրական, 2007-ին, «A Room in Paris», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն, 2008-ին, «Երախտագիտութեան թակարդը», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն, 2009-ին, «Անընդունելի…», գրականագիտական-քննադատական, 2008-ին, «Հարցազրոյցներ», Ա. Հատոր, 2008-ին, «Երկու սպանդ», պատմական-հրապարակագրական, 2008-ին, «Ձգողական», գրական-հրապարակագրական, 2010-ին, «Ցերեկային դաւ…», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն, 2010-ին, «Վերծանումներ»՝ Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ», Յակոբ Օշականի «Սահակ Պարգեւեան», Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան», Եղիշէ Չարենցի «Մահուան տեսիլ» եւ Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած փշալարեր» գործերու տիպարներուն վերծանումը, 2011-ին, «Պղտոր ջուրեր… (պրակ 5) – Կիսալոյսեր մութ կապերու վրայ», գլուխ մը «Պղտոր ջուրեր» ծաւալուն վէպէն, 2012-ին, «Շան քարոզներ… (2007-2012)», գրականագիտական-քննադատական,2013-ին:

Իր մահկանացուն կնքած է 2014-ին, Պէյրութի մէջ: