Տիգրան Գաբոյեան, սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ,  թարգմանիչ:

Ծնած է Հալէպ, 1974 թուականին։ Նախակրթական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան եւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն ներս, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Հայաստանի մէջ, ուր աւարտած է Երեւանի պետական Համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսականի բաժինը:

Գրել սկսած է վաղ տարիքէն,  գրական առաջին փորձերը եղած են հայրենիքին եւ Արարատի նուիրուած տողեր։

1995-ին տպագրած է բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Դէպի երկինք արձակուած նետ» խորագրով, 2002-ին երկրորդ գիրքը՝ «Անմաս», իսկ երրորդ հատորը՝ «Ճեղքերս քաղաքակրթութիւններու պատերով» լոյս տեսած է 2019-ին եւ տպագրուած է Հայաստանի մէջ, Կրթութեան գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան հովանաորութեամբ: Հատորը արժանացած է Գրողներու միութեան 2020 թուականի «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան» հիմնադրամի մրցանակին:

Տպագրուած է «Գարուն», «Պիոներ Կանչ», «Գրական թերթ», «Գանձասար» եւ այլ հայրենի եւ սփիւռքեան թերթերու եւ գրական ամսագրերու մէջ։

Ան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 -րդ տարելիցին նուիրուած եւ Եղեռնազոհ արեւմտահայ դասական գրողներու ստեղծագործութիւնները պարփակող՝ «Հողը Կը  Խօսի» Ժողովածուի անգլերէն թարգմանութեան խմբագիրն է ու կազմողը:

Տիգրան Գաբոյեան անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան,  կ’աշխատի «Արմէնփրէս»  լրատուական գործակալութեան  մէջ, որպէս արաբերէն բաժնի լուրերու թարգմանիչ եւ խմբագիր, կը զբաղի հրապարակախօսութեամբ, ունի գրաքննադատական յօդուածներ, թարգմանած է մէկէ աւելի բանաստեղծական հատորներ՝ հայերէնէ արաբերէն, մասնակցած է գրական համագումարներու եւ  բանաստեղծութեան միջազգային փառատօներու:

 

***

է մարդկային ջանքը
Հրապարակի արտացոլաքի բաշխման մէջ
Իմ ու քու պարզ զգացումին դիմաց
չարտայայտուած յաւերժաբար

այսօր թէյը ունի համը նոյն օթին որ բանաստեղծութեան
կը նմանի առանձին մնացած
առաւելաբար գաղջ տրամադրութեամբ գրութեան տողերն այս
Քրիստոսի մահուան յուշը պահելու հոտն ունին
որ ապաւինի մարդկայինի
սիրոյն անվերադարձ

նորէն ու նորէն հեռացած քաղաքակրթութեան բուրմունքը
կը հպարտացնէ տեսքս
ու մինակ կը դառնամ մաղձին հետ պատմութիւններ քննող
լայն համարուած թաղերուն մէջ

առտու կանուխ
գիշերը ուշ
մարդիկ
ու՞ր են հագեցնող հագուստները ձեր

մեծ տիեզերք զանազանելու

 

***

-Հոգիս ունենար անիւ
Քաշքշուէի գլտորուէինք…:
Ունի՞ք աւելորդ անիւներ
Տուէք ինծի խնդրեմ,
Ես ձեզի գլտորուելու ճամբայ կու տամ:
Կը սահինք արեւին հետ
Կը կանգնինք աշխարհին հետ,
Միշտ փառք տալով
Այս մարմնացեալ կարօտին:

 

 

Anti globalism

Պատմաքաղաքական անջրպետեր կերտողներ

Կուտակուած չափազանցութիւնները մարդկային

որոնք սերունդներու ճակատագիրն են

Կը շոքիանան՞

Եթէ որոշէ ղեկավար մը

ամենամեծ կամ ամենափոքր պետութեան-հաստատութեան

մոռնայ քարտէսը աշխարհին ու մարդու բնութեամբ

ծոդուած ռազմավարութիւնը

կեանքի չկոչէ

 

***

35 միլիոն տարի պէտք է ինձի
եւ տարիքն աշխարհը
եւ արիւնը մարդկութեան

Այսօրուայ վէրքիս երգը յօրինելու

 

Յետոյ փակցելու ինձ

 

Ճիշդ է կարծեմ թիւը

 

Մշուշ էր
Ցունամի էր
Ցուրտ էր

ու այս շաբաթ -օրուայ հաւը որ պիտի ուտենք
պիտի ապրեցնէ փոշին ունայն-ունայն
այրուած աճիւններու յուզուած տեղամօլութեան