Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան – Ծնած է 1960 թուականին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը: Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Կիւլպէնկեան եւ Հայկազեան վարժարաններէն ներս: 1978-ին աւարտած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը: Վեց տարիներ Ազգային Հայկազեան վարժարանէն ներս որպէս ուսուցչուհի պաշտօնավարելէ ետք, 1987-ին ամուսնոյն հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ: Այժմ կ՛ապրիմ Օրիկոնի Փորթլէնտ քաղաքին մէջ:
Ամերիկայի մէջ Հոգեբանութեան եւ հիւանդապահութեան պսակաւոր գիտութիւններու վկայականներուն տիրացած է: Հինգ տարիներ հիւանդանոցի մէջ որպէս հիւանդապահուհի աշխատած է: Տասը տարիներէ ի վեր որպէս հիւանդապահուհի կ՛աշխատի Ամերիկեան հանրային նախակրթարանի մը մէջ թերաճ եւ հաշմանդամ երեխաներ խնամելով:
Մօտաւորապէս տասը տարիներէ ի վեր կը գրէ կրօնական բնոյթ ունեցող բանաստեղծութիւններ, որոնք, հեղինակի բնորողմամաբ, իր քրիստոնէական հաւատքս կ՛արտացոլեն: Դիմատետրին միջոցաւ կը բաժնէ զանոնք, նաեւ կը ծրագրէ գրութիւնները գրքոյկով մը հրատարակել մօտիկ ապագային:
Ամանորեան Անուրջ
Արշալոյսն է Նոր Տարուան,
Առաւօտեան երկինքի պաստառին վրայ
Արեւը ճաճանչ է պսպղուն:
Անկէ ծիածան մը սպրդած
Ու լոյսի շողի մը կառչած կը կաթի երկինքէն
Գոյնզգոյն երանգը ձգած իր ետին:
Շողերն ծիրանագոյն
Պայծառը սփռած
Կը փայփլին հոս ու հոն:
Աշխարհն ամբողջ լոյսի տարածք մ՛է դարձած:
Կանգնած բացօթեայ կապոյտին ներքեւ,
Զմայլած կը հետեւիմ արշալոյսին այս շքեղ:
Համատարած լոյսին ջերմութիւնն
Կը հանգչի մարմնիս ու հոգիիս:
Իսկ ցօղով տամկացած զեփիւռը յուշիկ քսուելով մազերուս
Կը սահի ու գաղտուկ կը փախչի ինձմէ:
Կը դպչիմ Առաւօտեան սանձարձակ ու թարմ օդին,
Կը շնչեմ Աստուծոյ պարգեւը կեանքի
Ու գիրկնդխառնուած մթնոլորտին՝
Լոյսը գրկած կը պարեմ առաւօտեան պարս Աստուծոյ:
Պարս աղօթք է,
Պարս զրոյց է,
Պարս հաղորդութիւն է,
Պարս փառաբանութիւն է:
Ու այսպէս վերացած եւ լոյսով մկրտուած
Կը դիմաւորեմ ես Աստուծոյ պարգեւած Նոր Տարուան օրն առաջին,
Ու կը փառիմ, կը կառչիմ խաւարը ցրած իմ լոյս Աստծոյն:
Ծովինար Յովակիմեան-Ղազարեան