Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ազգային ու մարդկային բարձր արժէքներով ապրող, բնիկ Կիլիկեցի՝ Գրիգոր եւ Պերճուհի Կերթմէնեաններու յարկին տակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէներու «Ս. Ընտանիք» կամ «St. Famille» (այժմ՝ Ս. Հռիփսիմեանց) վարժարանին մէջ: Ապա յաճախած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանը եւ զայն աւարտած Պատուոյ յիշատակութեամբ վկայականով: Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (A.U.B.), հետեւելով ուսողութեան ճիւղին (Mathematics): Այնուհետեւ, ամուսնութեան բերումով, տեղափոխուած է Կիպրոս: Հեռակայ կարգով, իր ուսումնառութիւնը շարունակած է, հետեւելով Լոնտոնի համալսարանի Փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ հինգ տարի անընդմէջ, որուն աւարտին՝ յաջողութեամբ յանձնած է համապատասխան քննութիւններ, արժանանալով՝ Փիլիսոփայութեան Պսակաւոր Արուեստից (BA Honours in Philosophy) տիտղոսին: Իր հետաքրքրութիւնները ուսման այս բնագաւառէն ներս զինք մղած են թարգմանութիւններ կատարելու եւ պատրաստելու Արեւմտեան մտածողութեան հատընտիր մը՝ հայերէնով, որ ցարդ կը մնայ անտիպ:
Իր միութենական, մշակութային, կրթական եւ հրապարակագրական-խմբագրական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ հետեւեալ պաշտօնները.-
1979-1982՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիկոսիոյ Մասնաժողովի Գործադիր վարչութեան Ատենադպիր:
1982-1992՝ Նոյն Մասնաժողովի Մշակութային Մարմնի Ատենապետ:
1986-1996 եւ 2006-2010՝ Նարեկ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան Ատենադպիր:
2010-2014՝ Նարեկ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան Խորհրդական:
1989-1999՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հոգաբարձութեան Ատենադպիր:
1997-2003՝ «Փարոս» ամսաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր:
2003-2011՝ «Ազատ Ձայն» ամսաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր:
2011-էն մինչ օրս՝ «Ազատ Խօսք» ելեկտրոնային ամսաթերթի Խմբագիր:
Իր հրապարակախօսական եւ այլ յօդուածները լոյս տեսած են, մեծաւ մասամբ, վերոնշեալ թերթերուն մէջ: Իր գործօն եւ պատասխանատու մասնակցութիւնը բերած է՝ «Ղարաբաղի օգնութեան Կիպրոսի Յանձնախումբ»ի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յանձնախումբի, Հայաստանի Պետական Քրիստոնէացման 1700-ամեակի Յանձնախումբի աշխատանքներուն: Նմանապէս՝ Մելգոնեանի կազմակերպած տարեկան «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ»ներուն եւ այլ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Յոբելենական Հանդիսութիւններուն: Հրապարակախօսական ելոյթներ ունեցած է տարբեր առիթներով Կիպրոսի մէջ թէ այլուր:
Մասնակցած է եւ իր խօսքը ներկայացուցած է հետեւեալ Խորհրդաժողովներուն.-
-Կանանց Խորհրդաժողովին՝ 1987-ին, Երեւան:
-Հայաստան-Սփիւռք Ա. Խորհրդաժողովին՝ 1999-ին, Երեւան:
-Հայաստան-Սփիւռք Բ. Խորհրդաժողովին՝ 2002-ին, Երեւան:
-Լրագրողներու Համաժողովին՝ 2003-ին, Սլովաքիա:
-Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներու Համաժողովին՝ 2008-ին, Ծաղկաձոր
-Լրատուամիջոցներու Համահայկական Համաժողովին՝ 2012-ին, Աղաւնաձոր:
-Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովի շրջագիծէն ներս կայացած Լրատուամիջոցներու Համաժողովին՝ 2014-ին, Երեւան:
23 Սեպտեմբեր 2014-ին՝ արժանացած է Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ շնորհուած «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանին եւ համապատասխան Վկայականին:
11 Յունիս 2017-ին՝ արժանացած է Քալիֆոռնիոյ Մաշտոց Գոլէճին շնորհած «Distinguished Pofessor of Armenian Studies» ակադեմական տիտղոսին:
Հեղինակն է չորս քերթողագիրքերու՝ «ՀՈԳՒՈՅՍ ՀԵՒՔԻՆ ՀԵՏ», «ՀԱՅԵՐԳՈՒԹԻՒՆ», «ԼՈՒՍԷ ԱՆՈՒՐՋՆԵՐ» եւ «ՔԱՌԵԱԿՆԵՐ», որոնք լոյս տեսած են 2020-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս: