Կարօ Արմենեան – սփիւռքահայ գրող, յօդուածագիր:

Ծնած է 1936ին՝ Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ եւ վաղ մանկութեան տարիներուն, ընտանեօք փոխադրուած՝ Պէյրութ։

Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի յարկին տակ, աւարտելով 1954ին։

Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ՝ Պոսթընի Համալսարանէն (Boston University) եւ ֆինանսագէտ՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանի Ուորթընի Անուան Ֆինանսագիտութեան հիմնարկէն՝ միջազգային ֆինանսներու գծով (ԱՄՆ) (Wharton Graduate School of Finance, University of Pennsylvania)։

Վարած է շարք մը պատասխանատու պաշտօններ «Ուէսթինկհաուզ» (Westinghouse Electric Corporation) եւ «Սիմընս» (Siemens) ընկերութիւններու համաշխարհային ֆինանսական կառոյցներուն մէջ։ Նաև յաջորդաբար եղած է Պետական Ֆինանսներու Տնօրէ՛ն վերոյիշեալ երկու ընկերութիւններու՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Ներկայիս՝ կոչուած է հանգստի։

Գրել սկսած է ճեմարանական տարիներուն` գրական և լրագրական նախափորձերով։ 1970ին և 1977ին լոյս տեսած են «Մարմին եւ Արիւն» խորագիրը կրող բանաստեղծութեան երկու գրքերը։ Արձակ և չափածոյ էջերով աշխատակցած է Պէյրութի «Ահեկան», «Սփիւռք», «Բագին» եւ «Ազդակ-գրական» եւ Մոնրէալի «Հորիզոն-գրական» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի «Մենք»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին, Երեւանի «Նորք»ին և «Գրական Թերթ»ին։

Քաղաքական և հասարակական վերլուծումներով յօդուածներ ստորագրած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին և ՀՅԴ շրջանային օրգաններուն եւ այլ թերթերու մէջ («Հայրենիք», «Ասպարէզ», «Հորիզոն», «Ազդակ», «Ազատ Օր», «Ալիք», «Յուսաբեր», «Արմենիա», «Ապառաժ», «Գանձասար»)։

Ուսման եւ ասպարէզի բերումով ընտանեօք ժամանակաւոր կայք հաստատած են Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Եորք, Փիցպըրկ, Պէյրութ, Աթէնք, Լոնտոն և Ուաշինկթըն քաղաքներուն մէջ։ Ներկայիս կը բնակի ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մերձ Վիրճինիա նահանգի Մըքլէյն աւանը։

 

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԿԱՐՕ

առտուն կ՚երգէ ժիր հագագով
դիւցազնութիւնն այս անտառին

առտուն կ՚ապրի իր սխրանքով
դունչն իր խրած հողիդ ծալքին

կը համբուրէ թաց շրթունքով
ամէն պտուկ ամէն իգա

կը յղանայ խոհն այս հսկայ
տնտղելով խորքը վէրքիդ

առտուն կը զգայ ցաւդ տանջող
կարեկցանքով իր խանդակաթ

առտուն կու լայ ու շիթ առ շիթ
կը մերկանայ հոգւով վճիտ

առտուն փշրեց քու ապակիդ
եւ ներս խուժեց պատուհանէդ

տակնուվրայ ըրաւ հոգիդ
քեզ դուրս հրեց քու պատանքէդ

հիմա կ՚ապրիս անհրազէն
ու զրկուած պատրուակէդ

ճշմարտութեան ժամդ է կրկին
ասպանդակէ քու քէնցած ձիդ

 

***

Հուրերէն մ եծղի քու վերջալոյսիդ
բաշերն իր այրեց մոլեգնած այս ձին
խմ եց անյագուրդ
գաւէն խնճոյքիդ
շնչեց մինչեւ ծուծ
քամ եց մինչեւ ծուծ

Հուրերէն տարփոտ քու արշալոյսիդ
շրթունքն իր կ՚այրէ
ալեհերն այս բիրտ
կը լլկէ դողով ոխերդ մթին
կուլ կու տայ ափով
հիւթերդ խռով

Հուրերէդ լափող դուրս կը ժայթքէ մերկ
վերջին ստինքէն սնուող պատանիդ
վերջին մարտերէն խոցուած դուն զինուոր
վերջին խայծերէն շանթահարուած գիրկ

 

***

եթէ մտնեմ աշխարհդ մութ
մոմիս լոյսով այս ազազուն
եթէ գտնեմ կածանն այս սուրբ
որ մեզ առաւ տարաւ հեռուն
եթէ երկինքն ընեմ խորան
մարմինդ խունկ բուրէ նորէն
եթէ շնչեմ այսպէս ազատ
այսպէս մաքուր այսպէս խորէն
եթէ ըլլանք մենք վերստին
քու դրախտիդ անսուտ վկան
ջարդենք կանոնն այդ անվարան
գլենք անցնինք նախնի տողէն
եթէ յանգինք մենք այսօրուան
անմեղութեամբ անվախօրէն
հասնինք սերմին մեր ինքնութեան
անդրշիրմի այս քաոսէն

պիտի հանգչին բջիջներն իմ
պիտի ցվերջ այսպէս լռեն
մ եռնին պիտի տենչերն ամէն
ձուլուին յաւէտ անէութեան
երգն այս պիտի խօսի անզուսպ
բուժէ վէրքերն այս արիւնոտ
որոնք կ՚ապրին կեանքէն անդին
որոնք դեռ կան դեռ կը կոտտան

 

Արեւագալ

 

շողեր գիտեմ որոնք միշտ
կը զգան սարսուռը հողին
կը սողոսկին ճեղքերէն
ամբարտաւան ու կրքոտ
կը փնտռեն առտուան
գիրգ մկանունքը նորէն
կը պլլուին ճիւղն ի վեր
ներս կը մտնեն տուներէն
կոնքերը մ երկ խայտանքին
արցունքներով կը սիրեն
ու կը գերեն կը գերեն
մերկութիւնները աւշոտ

անկիւն մը կայ մեկուսի
քաշուած հեռու աշխարհէն
կահերու պինդ խոժոռէն
առանձնացած ու սգուոր
բայց գաղտնօրէն ժամադիր
առաւօտեան քու շողիդ
որ ճաղերէն ներս գալով
կը թափանցէ ուղխօրէն
կ՚անցնի հանգիստ կահերու
դարանակալ մութերէն
մատներն անոր ոսկեղէն
գիտեն հաճոյքը բոսոր
գիտեն անոյշ ճաճանչել
գիտեն անսուտ մեղանչել
պատանութեամբ ու սիրով
անհունօրէն քեզ տանջել
գիտեն գտնել տենչերուդ
կիզահամբոյրը վշտոտ
եւ հուրերով զգետնել
քու լռութիւնդ դժխեմ
արեւն այսօր կը շողայ
իմ անուղղայ ծերպերէս
հրահրելով հաճոյքիդ
կոյր բջիջները խանդոտ
գրգիռներով տատամսոտ
ու թեւերուս մերկ կանչով
կը պարուրէ մէջքդ հեզ
ու կը խմէ քեզ նորէն
հազար տարուան կարօտով
դուն վերստին կը փթթիս
գարնանային պչրանքով
դուն կը հալիս հեշտօրէն
երազի յոյլ թովչանքով
արեւն այսպէս կ՚արթննայ
իմ ներսերէս կենսարբու
յանդգնութեամբ կը գոռայ
արեւամուտն իրիկուան
ան կը հեգնէ խենթութեամբ
ու կը ձօնէ պերճութեամբ
յաղթութիւնն իր միօրեայ
արեւն այսպէս կը լողայ
իմ ներսերէս այս առտու
արեւն այսպէս կը դողայ
կեանքին առջև ահարկու
արեւն այսպէս կը պոռթկայ
իր զենիթէն հնօրեայ
գրոհիդ դէմ դնելով
իր բարութիւնը հսկայ
արեւն այսպէս կը տոկայ
սրտատրոփ բերկրանքով
ու գողունի տրտմութեամբ
անզօրութիւնը կու լայ

ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 1

«Բագին»