Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան – Քիմիագէտ, կրթական մշակ, գրող:
Ծնեած է Հալէպ, 1978-ին: Աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, որմէ ետք Հալէպի Պետական համալսարանի Քիմիագիտական բաժանմունքը:
Չորս տարիներ պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս դասաւանդելով միջնակարգի ու աւագ բաժնի աշակերտներուն քիմիա եւ բնագիտութիւն: Ապա յատուկ հրաւէրով մեկնած է Քուէյթ եւ ստանձնած տեղւոյն ազգային վարժարանի ու աւագ դպրոցի փոխ տնօրէնի պաշտօնը 2007էն ի վեր:
2008էն ստանձնած է Քուէյթի «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը:
Արեւմատահայերէն տարբերակով հրատարակած է Թումանեանի հերքիաթներէն շարք մը:
Անդամ է Սուրիահայ Գրողներու համախմբումին:
Բանաստեղծութիւններով ու յատուկ յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է սփիւռքի մամուլի մէջ:
2017-ին արժանացած է ՀՀ Սփիւռփքի նախարարութեան «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՊԱՇՏՊԱՆ» դիպլոմին:
2018-ին աւարտած է ՀՊՄՀ ի տարրական կրթութիւն եւ մեթոդիկայի բաժնի մագիստրա-տուրականը:
2019-ին հրատարակած է «ԵԹԷ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը, Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատան միջոցով:
«ԵԹԷ»
բանաստեղծական հատորի շարքէն փունջ մը
Կարօ Արսլանեան
***
Այսօր կ’ուզեմ սրտիդ հետ զրոյցով մը զովնալ,
Մեր բանտարկուած յուշերուն ազատութիւն շնորհել,
Այսօր սուրճիս մրուրով կ’ուզեմ քեզ հետ քաղցրանալ
Ու դառնացած օրերս ժպիտովդ շաղախել:
Տե՛ս, երազներս վիրաւոր ծաղիկներդ կը փնտռեն,
Ծաղիկներդ, որ բերին խաղաղութիւն յոյզերուս,
Ու ներումներն ուշացած նոր հասցէներ կ’որոնեն,
Նոր խաւարներ կը ճեղքեն հասնելու իմ յոյսերուս:
Մի՛ ուշանար քարացած սիրտերն կրկին թակելու,
Անոնց ետին կը գտնես դեռ քիչ մը սէր ու ժպիտ
Մի՛ վարանիր ոխակալ հանգոյցները քակելու,
Գուցէ անոնք արձակեն կապանքներդ – եւ ընդմիշտ:
Այսօր կ’ուզեմ սրտիդ հետ, գուցէ մինչեւ յաւիտեան,
Խաղաղատենչ երգերով վայելել խնճոյքն իսկական:
***
Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ, պարկեշտօէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու:
***
Եթէ երգս կիսատ մնաց այս գիշեր,
Ու ոչ մէկ ձայն կամ մեղեդի չես յիշեր,
Գոնէ մէ՛կ բան, մէ՛կ բան յաւերժ իմացի՛ր,
Որ նոյն երգով ի՜նչ հրաշքներ գործեցի՛ր:
Եթէ սրտիս տարափն հասաւ ականջիդ
Եւ յիշեցի՛ր գարուն մը խենթ ու վտիտ,
Այդ նոյն կիսատ հին երգն է իմ հարազատ,
Որ պիտ’ ճախրէ Արեւին տակ մեր ազատ:
***
Այս երգը երգ չէ, արիւնոտ վէրք է,
Դարաւոր կիրք է եւ արհաւիրք է.
Այս երգը դէմքէդ պոկուած ժպիտ է,
Համբոյրներուդ պէս զուլալ, վճիտ է,
Կարօտիդ պէս բորբ, անվերջ թռիչք է:
Այս երգը քու սրտիդ դռները թակող
Եւ հայեացքներուդ ցոլքով յագեցող
Ծարաւ, որբուկ է,
Այս երգը անցեալէն ապագայ վազող
խենթ արշալոյս է,
Անխարդախ յոյս է:
Այս երգը փախչող իմ ոտնաձայնն է,
Եւ առանձնութեան սիրտը զովացնող
Մոռցուած արցունք,
Բազմաձայն սիրոյ կեանքի նոր բարձունք: