Կայլակ – սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ։

Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974-ին Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան, ապա Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս (ֆանար)։ Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 11 տարեկանին «Մեծ Եղեռն» խորագրով, որ տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ։

1989 Մարտին, պատերազմի վատթարացման պատճառաւ, հաստատուած է Գալիֆորնիա։

27 տարիներու ընթացքին, բազմիցս առաջարկուած է իրեն գրել բազմազան երգեր, յորդորներ, առածներ եւ ոտանաւորներ (հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ սիրային), զորս սիրայօժար յանձն առած է, լաւագոյնը նուիրելով իր ազգին, վարժարաններուն եւ հայ երգի յայտնի արուեստագէտներուն: Ներկայիս ունի աւելի քան 140 բանաստեղծութիւններ:

2012-ին հրատարակած է իր անդրանիկ հատորը «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» խորագրով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ երբ Աստուած շնորհք տայ անձի մը, կ’ակնկալէ անկէ նաեւ որ այդ տաղանդը բեղմնաւորէ: «Սոյն հատորովս հայու համեստ տուրքս կը մատուցանեմ մեր գոյատեւման «Ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցին»,- ըսած է ան:

2015-ին հրատարակած է իր երկրորդ հատորը «Ոսկէ Օրէնքը» խորագրով, որ կ’ընդգրկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը:

 

ԵՂԵՌՆ

Մանուկ էի, դեռ լուռ ու մունջ,

Երբ անունը քո հեգեցի,

Էութիւնը իմ ծաղկաշունչ՝

Մնաց երա՜նգ երազանքի,

Քո անունը պարաւանդեց

Միտքըս ապշոպ՝ խռիւ բախտիդ,

Եւ իմ սիրտը երանաւէ՜տ,

Հոսեց արիւն տառապագին։

 

Առաջի՛նն ես, քո սուգ անուան

Ցաւը կրողն այս աշխարհի,

Ուր խնկըւած հողից անսանձ,

Որոտում ես՝ վըրէժ կեանքի,

Քո անուան մէջ կ’ապրեն անմեռ,

Խաչադրոշմ խաչեալ մարդիկ,

Հալածեալներ, տիգախոցներ,

Միլիոն ու կէս ժայռեր փառքի։

 

Տարելիցն է քո սո՜ւրբ անուան

Հարիւրամեայ մարտիկներին,

Եւ դու նորից, կրկի՛ն անգամ,

Դողը սրտիս՝ շրթիս թողիր,

Կամքով յամառ, սիրով անմար,

Հոգեւի՛ն եմ ես մարտընչում,

Իսկ վրդոված խիղճըս խաղաղ,

Հիմա՝ արի՛ւն է պահանջում։

 

Դէ՛հ, ծնուել եմ քո անունով,

Քո անունո՜վ եմ մեռոնուել,

Անմահ տառերը քո անուան

Իմ շուրթերին եմ պսակել,

Ես կը պահեմ անունը քո,

Ո՛չ որպէս սոսկ մի յիշատակ,

Այլ որպէս սիրտ, որպէս զարթօնք,

Որպէս ուխտի մեծ հանգանակ,

Որպէս պատի՛ւ իմ հայութեան,

Որպէս՝ մասունք իմ փրկութեան։

ԿԱՅԼԱԿ

 

Քեզի Համար՝ Հայ Զինուոր

Խորքը իմ լանջիս, սրտիս հառաչուն՝

Թիրախըդ անհաս՝ կը մնայ անմար,

Քանզի զոհեցիր սիրովըդ անհուն,

Բոց կեանքիդ մատղաշ արեւները վառ։

 

Ընծայ է տխուր արիւնըդ գոռուն,

Ու սրբանըւէր, հաւատքի խորան,

Վիշտըդ թաղելուդ՝ խոր, խճոտ ճամբուն,

Սիրտըդ կարեվէր մնաց ախոյեան։

 

Եւ անդ մըթագնած սեւ ամպերու տակ,

Հոգիդ կ՚երերայ տակաւին անպարտ,

Արիւնըդ դեռ թաց՝ կը մնայ կայտառ

Հայ հողին վրայ խոնարհ ու հպարտ։

 

Չես մեռած երբե՛ք, հոգիդ մեզ հետ է,

Կամքիդ յուսադրիչ պահերը կու գան,

Ո՜վ սէրերու սէր, զինուոր իմ լոյսէ,

Թող բացուին աչքերդ, տեսնեն ապագան։

 

Ցնծացէ՛ք մարդիկ, ցոլացէք աստղեր,

Հայ զինուորիս սուրբ հոգւովը արեան,

Դուք՝ խաչեալ ազգիս միաշունչ հայեր,

Միացէք՝ Սփիւռք, Արցախ, Հայաստան։

 

Կայլակ