Յակոբ Մնձուրի (1886 – 1978), պոլսահայ արձակագիր, գիւղագիր:

Բուն անունով Յակոբ Տէմիրճեան։ Ծնած է 16 հոկտ. 1886-ին, Երզնկայի Փոքր Արմտան գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղին մէջ։ 1897-ին եկած է Պոլիս, ուր աշկերտ եղած է ընտանիքի մեծերուն պատկանող փուռին մէջ։ Կրթութիւնը շարունակած է Օրթագիւղի ֆրանսական դպրոցին մէջ, ուր տարի մը մնալէն վերջ, երկու տարի աշակերտելէ ետք աւարտած է Ղալաթիոյ Կեդրոնականը։ Միջնակարգի կրթութիւնը շարունակած է Ռոպէրթ քոլեճէն ներս, ուրկէ հեռացած է 1905-ին։ 1906-ին «Մասիս»ին մէջ հրատարակուեցաւ իր «Հարս ու կեսուր»ը։ 1907-ին վերադարձաւ գիւղ։ Նոյն տարին ամուսնացաւ եւ ունեցաւ չորս զաւակ։ 1914-ին նշագեղձի վիրահատութեան համար կու գայ Պոլիս, ուրկէ չկրնար գիւղ վերադառնալ, Ա. Աշխարհամարտի պատճառով։ Այլեւս ոչ մէկ լուր կը ստանայ իր մեծ հօրմէն, մօրմէն, կնոջմէն եւ չորս զաւկէն, որոնք տարագրուած էին 1915-ին։ Սկիւտարի մէջ փռապան էր, երբ պատերազմի պատճառով կը զինուորագրուի որպէս փռապան–զինուոր։ Ցմահ կը մնայ Պոլիս։ Կը վերամուսնանայ, կ՚ունենայ երկու դուստր եւ որդի մը։ Կ՚աշխատի զանազան գործերու մէջ, ինչպէս՝ ածխավաճառ, փռապան, քարտուղար եւլն.։ Իր կապը երբեք չի խզեր գրականութեան հետ. Կը կարդայ ինչ որ ձեռքը կ՚անցնի եւ շարունակ կը գրէ։ Իր պատմուածքները կը հրատարակուին հայալեզու հանդէսներուն եւ թերթերուն մէջ։ 1978-ին կը վախճանի Պոլիս եւ կը թաղուի Շիշլիի ազգ. գերեզմանատունը։

Առանձին հատորով իրմէ հրատարակուած են՝ «Երկրորդ ամուսնութիւն» (վէպ, 1931), «Կապոյտ լոյս» (1958), «Արմտան» (1966), «Կռունկ ուստի՞ կու գաս» (1974), «Տեղեր ուր ես եղեր եմ» (1984):

 

ՄԵՐ ԿԱՐՄԻՐ ԵԶԸ

Իրիկունը մեր դրսի տունը նստեր կը ճաշէինք, պապս`

— Ակոբ, — ըսաւ, — գիշերը երազս մեր կարմիր եզը տեսայ լեռը, քովս եկաւ, երեսները երեսիս քսեց, լզեց, չըլլա՞յ թէ գլխուն փորձանք մը գայ, վաղ առտու մօրդ հետ եզնոցը դարը ելիք գացէք, նայեցէք մէկ մը մեր եզնիքը:

— Հա՜, — ըսի, — երազն ալ բան է, երազին ալ կը հաւատացուի՞, ամէն մարդ շատ տեսակ երազ կը տեսնէ գիշերը, իրա՞ւ կ՚ելլեն: Երազի մը համար մինչեւ Ղարա Սըրթը` եզնոցը դարը, ելլենք երթանք:

Պապս ձայնը բարձրացուց.

— Ակոբ, հեչ անասունի վրայ գութ չունիս, հեչ մալի, տաւարի սէր, փափաք չունիս. կորսուեր են, գլորէր են, տեղ մը կոտրեր է, հիւանդցեր են` հոգդ չէ. ծօ՛ մեր ապրուստը անոնցմէ է, եզը որ չըլլայ` արտը ո՞վ պիտի վարէ, կալը ո՞վ պիտի կամնէ. եզան վաստակն է, որ կ՚ուտենք, կովն ու ոչխարը որ չըլլան, կաթը, մածունը ուրկէ՞ պիտի գտնենք, չըսե՞ս:

Մայրս, որ նստեր էր թոռներուն, այսինքն տղոցս կարգը, կինս, որ ունկվրայով ներսի տունէն թանապուր բերաւ, լռեցին:

Մամս` Տէրտիրանց Աղջիկը, որ սեղանին վերի գլուխը պապուս քով նստեր էր, եղբօրը` Տէր Պօղոսին բնաւորութիւնը ունէր, խիստ էր, երկրորդեց.

— Պապդ ի՞նչ կ՚ըսէ` մտիկ չընե՞ս, չելլե՞ս երթաս: Մօրդ հետ գացէք, նայեցէք ու եկէք: Երազները կ՚ելլեն: Տանը տղան դուն ես: Ո՞վ պիտի երթայ: Ի՞նչ ընենք, հա՞րսը ղրկենք:

Ալ չըսի, թէ եզնիքը նոյն տեղերը չեն մնար, ամէն օր տեղ կը փոխեն, Համիէն, Քեշիշ Տիւզիէն մինչեւ Տոստալի տակը, Եփրատը, Ղարայ Սըրթի լեռն է, Եզնոցը Դարն է, ութը, ինը գիւղի եզնիքը կ՚արածին, մեր գիւղինները ո՞վ գիտէ` ո՞ր կողմն են:

— Աղէկ, աղէկ, վաղը առտու կ՚երթանք, — ըսի:

Առտուն մութին մօրս հետ ճամբայ ելանք: Այնքան կանուխ, որ գիւղին դէմի Սուրբ Եղիայի բլուրը դարձանք, Պանտրծակ կ՚ըսենք, անկէ վար Խաչքարի դարվարին իջանք, անկէ անդին ճամբան կը շտկուի, ճերմակ ալիւրի փոշիի պէս Պարանհողքը կայ, դիմացը ժայռերէն հոսող աշխարհի ամէնէն անուշ ջուրերէն` Մամասալի ջրվէժը, աւելի վար, մեր աջը, նորէն ժայռերուն տակէն բխող Աղիջրակը եկանք, մուսմութ էր: Հոնկէ դարվեր ելանք, խորունկ ձորերուն վրայ նայող երկու կապանները կան, անոնցմէ ալ անցանք ու նորէն դարվար իջանք, այգիներուն գետը Ղարապուտախը, անոր վրայի կամուրջէն Անծեղկայի հանդը եկանք. ին-ճին չկար: Իսկ գետին ձայնը աշխարհքը բռնէր էր: Նորէն դարվեր ելանք, բարձունքը, մեր աջը` շատ վարը Թեղը, Թեղին այգիներր, միւս կողմը, մեր ձախը` գրչիկներու առուն, որ Քաջտանի քարերէն կուգայ մինչեւ հոդ որ եկանք` լաւ մը լուսցաւ, առտու եղաւ: Վարը, պաղլեղի գոյն գետին ջուրերը, Սուլթան Մաղարային, Քարին, Պատերուն, Եղիակին այգիները հատ հատ տեսնուեցան: Եւ երբ Քարնետած եկանք, ուրկէ վարէն նշան առնելով քար կը նետեն, ինկած տեղը սահելուն կամ մնալուն համեմատ` յղիները աղջի՞կ, թէ մանչ պիտի ծնին` կը գիտցուի, արեւը կարմրցուց Սուրբ Գէորգին ճերմակ մատուռը, Լուսաղբիւրը, բռինչները, Ղասօյին ու Մախսօյին հանդիպակաց փարախները: Ղասօյին տղաքը այծերուն հօտը կը քշէին լեռն ի վեր:

Լուր մը առնելու համար ձորէն մինչեւ փարախները ելանք: Ղընէն` Ղասօյին կնիկը, նստեր էր դուռը, աղբակոյտերուն դիմացը, երկու հարսները` Զուլալն ու Կոհառը, քուրդերն ալ, մեզի պէս, Գոհար անունը ունին, ներսէն դուրս եկան, չգիտենք` ըսին:

— Միայն` երկու շաբաթ եղաւ` ձեր գեղին եզնիքը Բերդհովիտի ետեւներն էին, ետքը ո՞ւր գացին` ո՞վ գիտէ: Անգամ մըն ալ ձեր եզնոցը հովիւը` Իպօն, Պեկտաղի գացեր էր, եկաւ նստաւ, Ղասօյին հետ խօսեցան, — ըսին:

Հարսները քրդական գօտիով ու քունքէ քունք պղնձէ կարմիր դրամներ շարած ճակատներով, մօրս հագած Շամու գինեգոյն էնթէրին ու կապոյտ չուխա սալթան շօշափեցին, «ղըզ, նէ կիւզել տըր» ըսին ու հիացան:

Ալ չկեցանք: Լեռան միւս կողմը վեց տուննոց ղզլպաշի գիւղ մը կար, Խել — մը — կայ կ՚ըսեն, հոն չգացինք: Ի՞նչ լուր պիտի կրնայինք առնել, նորէն ձորը իջանք: Ու Կարմիր Կապաններու կարմիր ժայռերու մէջէն` Հասան Թանառ ելանք, Ղարայ Սըրթի կապարագոյն մասը: Այս տեղերը մեր գիւղին փայտի դարն էր, վառելափայտին լեռը, Կաղնեստաններու մէջէն ու եզերքէն քալեցինք, որոնք բացաստաններով կ՚ընդհատուէին ու նորէն կը շարունակուէին: Հեռաւոր հորիզոններով աշխարհ մը կար մեր առջեւը: Բինկեանը երեւցաւ Սոսեկի լեռներուն փէշը, աւելի ճիշտը` գոգը, կապտաւուն մշուշի մը մէջ, դիմացը` գետին միւս կողմը, գիւղին այգիներն էին:

Դեղնուկի լանջքերուն տակ Զիմառան տեսանք, պարտէզներու ի՜նչ հոծ կանաչութիւնով մը շրջանակուած: Ու Եփրատի հովիտը, ու Արջուկին Խանը, ու Քերուան Եոռանի ճամբան, որ կը ձգուէր ու կը ձգուէր: Մարդ չկար, բայց վախ ալ չկար, ո՞վ պիտի համարձակէր ծուռ նայելու մեզի, մեր գիւղին լեռներն էին, մենք ու խաշնարած քուրդերը կային, որոնք ձմեռը իրենց հօտերով Ղարապուտախի ու Եփրատի քարայրները կը ձմեռէին, իսկ ամառը Ղարա Սըրթի այս արօտները կը բարձրանային:

Գագաթի մը վրայ, որ երկնքին կը դպէր կարծես, միակ կին մը կայնէր էր հօտի մը մէջտեղը, որոնք իր շուրջը կ՚արածէին: Քրդուհի մըն էր: Մինչեւ իր քովը չելանք, վարէն պոռացի,

– Է՜յ…Կաճճէ՜…

Կինը մեզի դարձաւ:

– Մեր Պզտիկ Արմտանին եզնոցը տեղը գիտե՞ս… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… Մեր Պզտիկ Արմտանի՜ն… եզնոցը տե՜ղը… եզնոցը տե՜ղը… եզնոցը տե՜ղը… գիտե՞ս, գիտե՞ս — գիտե՞ս…

Իւրաքանչիւր մասը խօսքիս` երեքական անգամ կրկնեցի, ինչպէս կ՚ըսենք մենք` հեռուէն հեռու, լեռնէ լեռ երբ խօսելու ըլլանք: Ձայնս Ղարա Սըրթը բռնեց:

— Ի՞նչ կ՚ըսես, — պատասխանեց:

— Կ՚ըսե՜մ թէ… կ՚ըսե՜մ թէ… կ՚ըսե՜մ թէ…— պոռացի ու նորէն, որքան ձայն ունէի, իւրաքանչիւր խօսքս երեքական անգամ կրկնեցի.

– Նըզանը՜մ — նըզա՜նմ — նըզանը՜մ, — պատասխանեց։

— Չեմ գիտէր` ըսաւ: Ալ ի՞նչ պիտի ընես:

Տոստալ հասանք, որ նոյնպէս Ղզըլպաշի գիւղ մըն էր: Հողէ տուները այնքան ցած էին, որ` փողոցէն տանիք ելիր, եթէ կ՚ուզես: Այծերը արօտ ղրկեր էին, կիները բաց դուռներուն մէջ մածուն կը հարէին խնոցիներով: Բակերը, փողոցները, ամէնուրեք այծի սպլտուր ու մէզ էին, արեւին տաքութենէն աղբ կը հոտէր գիւղը: Մքայէլ քեռիիս տոսթերն էին տոստալցիները, շատ կուգային քեռիիս տունը, մայրս որ տեսան` խնոցիները հարելը կեցուցին, թափեցան վրան: Քիպարային ու Սալմանին կնիկները մեր թեւերէն քաշեցին, որ իրենցը երթայինք, բայց մենք մերժեցինք, մեր եզնիքը տեսնել եկեր ենք` ըսինք: Մեր Մեծ գիւղին եզնոցը գիշերած ձորը մեզ ղրկեցին, անպատճառ Եփրատին ափերը պիտի ըլլան, — յարեցին, — հովիւներէն կը հասկնաք ձերիններուն տեղը:

Գտանք, ինչպէս բացատրեցին` խորունկ ու ջուրով ձորի մը միւս կողմը, գետահայեաց արօտավայրի մը վրայ ցրուած, կ՚արածէին: Բաղաշտաշի դիմացը եկած էինք, մեր դէմի ափն էին տուները: Հովիւները` Վահանն ու Դանիէլն էին:

– Ետ դարձէք, ե՜տ, ե՜տ, ե՜տ, — պոռացին մեզի իրենց տեղէն, մեր հարցումներին պատասխանելով, — Իպօն` ձեր հովիւը, ձեր եզնիքը Ղարապուտախի միւս ափը անցուց, միւս ա՜փը… միւս ա՜փը… միւս ա՜փը, — Ղափլան Ղայասիէն Ինըսունըիննէն գետը իջէք, գետը… գե՜տը… գե՜տը, — Ամըրքարի դարվերներէն Ճերմակ Քարտա՜կ ելէք… Ճերմակ Քարտա՜կ — Ճերմակ Քարտա՜կ, Խորան աղբիւրին կամ Դեղջուրին երեսները պիտի ըլլան, Խորան աղբիւրի՜ն… Դեղջուրի՜ն… Խորան աղբիւրի՜ն… Դեղջուրի՜ն… – հասկցա՞ք… հասկցա՞ք… հասկցա՞ք…

Խորան աղբիւրէն տեսանք: Դեղջուրի ձորին երկու երեսները կ՚արածէին: Հասանք ու մտանք իրենց մէջ: Հովիւը` Իպօն, չկար, աղջիկը Նըզառէն կար, որ Թեփթացի երկու աղջիկներու հետ բոլորուեր, նստեր քար կը խաղային. տղոցմէն կրտսերը` Ասսօն կար, որ Կախմխցոնց տղոցը հետ հովիւներուն լեռը խաղցած տեսակի չալուկ կը խաղային: Նըզառէն մեզ տեսաւ ու վազեց, եկաւ:

— Եզնիքը տեսնել եկանք, — ըսինք ու շրջեցանք, ամէն եզին քովէն անցնելով ու նայելով: Մեր երեք եզները տեսանք, նոյնպէս կնոջս Մարանցինները, Կորջայենցիները, Քեռոնցինները, որոնք խոտերը փրթցնելով ու ուտելով, կ՚ընթանային: Լեռը ու գիշեր-ցերեկ երեք ամսուան բացօթեան ինչպէ՜ս գեղեցկացուցեր էին զիրենք: Սեւերը աւելի սեւցեր, ճերմակները աւելի ճերմակցեր, գորշերը աւելի գորշացեր էին: Ամէնուն կոտոշները կը փայլէին: Եզ մը կար, մանաւանդ, նայեցանք ու նայեցանք, ու հիացանք: Արեւէն կը շողային աչքերը, շուրթերը, ճակատը, թարթիչները, մազերը: Ի՜նչ հոյակապ էր, բարձր սրունքներով: Մազերուն գոյնը մեր կարմիր եզինին կը մօտենար, բայց ասորինը կարմիր ալ չէր, կրակի, բոցի, արեւի գոյն մըն էր: Եւ յետոյ` մերինին երկու անգամն էր:

— Արո՞ւ եզն է, — հարցուցինք Նըզառէին:

Շրթները վերցուց:

— Աղջի, մարդու պէս չխօսի՞ս, որո՞ւնն է, — յանդիմանեց մայրս:

— Ի՞նչ գիտնամ, Նանէ հարսիկ, պապաս գիտէ:

Մօրս Նանէ հարսիկ կը կանչէր:

Ասսօն ալ չէր գիտէր: Մեծ եղբայրը` Տիապը ըլլար, գիտէր, թէ որունն է, ըսաւ:

Բայց մեր կարմիր եզը չտեսանք, չկար: Նախապէս չկասկածեցանք, որեւէ կողմ մը կ՚արածի` խորհեցանք, բայց աւելի վերջը, երբ երկու ձորերուն յետին անկիւնները ժուռ եկանք ու փնտրեցինք, իրար անցանք: Չկար:

Առտուն պապաս համրեց` լման էին, — պնդեց Նըզառէն:

— Էներուն նայինք մէկ մըն ալ, — ըսաւ մայրս, — չըլլա՞յ, թէ լեռը մազերնուն գոյնը փոխէ ու չճանչնանք:

Որունին, որ եզուն նայեցանք, մեր տան էները չունէին:

Եզներու մէջ ամենագեղեցիկին, բարձրասրունքին, արեւափայլ մազերովին մօտեցայ: Չխրտչեցաւ, թողուց:

Ու մէկէն չհաւատացի, ապշեցայ: Մեր էնե՜րն էին: Աջ ականջին տակը իմ նշաննե՜րս էին, իրարմէ բաց, երեք հատ: Մեր ե՛զն էր: Այս ի՛նչ էր ըրեր լեռը, ի՜նչ արեւաշող թարթիչներով, արեւաշող ճակատով ու աչքերով եզան մը փոխեր, պայծառակերպէր էր: Ամենէն անուանի արձանագործը եզան մը արձանը շինելու ըլլար, այս աչքերս խտղող, այս արու գեղեցկութիւնը պիտի չկրնար տալ: Երազին մէջ պապուս երեսները լզածին պէս` երեսներս լզեց:

Իրիկունը՝ մեր ընթրիքի ամենօրեայ պահուն, ինչպէս միշտ` լուսաչօք, երբ սեղան նստանք ճաշելու, մի առ մի պատմեցի:

«Արմտան»