Յակոբ Նալպանտ – Սուրիահայ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս:

Բուն անունով Յակոբ Տլտլեան: Ծնած է Հալէպ, 1968-ին: Իր նախակրթական ուսումը Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, 1987-ին աւարտած է Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:

1988-ին ընդունուած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը, որուն դեղագործական ճիւղէն շրջանաւարտ եղած է 1995-ին:

Դպրոցական տարիներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ: Իր բանաստեղծութիւններէն տպուած են հայրենի թէ սփիւռքի գրական մամուլին մէջ՝ «Հայրենիքի Ձայն», «Նոր Դար», «Բաց նամակ» եւ «Գանձասար»:

Այժմ կ’ապրի Հալէպ եւ մաս կը կազմէ «Գանձասար»ի գրական խմբակին:

Գէորգ Մելիտինեցի Մատենաշարի հրատարակութեամբ տպագրած է բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Արուարձանի Ձայնացօղեր»ը խորագրով, իսկ 2000-ին երկրորդ գիրքը՝ «Անմաշ Փրփուրներ»՝ արժանանալով Րիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի գրական մրցանակին: Ունի նաեւ պատմուածքներու հատոր մը:

Նալպանտեանի եւս 6 գիրք պատրաստ է հրատարակութեան:

 

ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Խռիկներուն մէջ վերջին խռխռոց
Լռութիւն
Մահուան աչքերը բաց մնացին
Ձուկը փակելու
առիթ չընծայեց

Դանակները լողացին
Որովայնի մէջ
Ձկնկիթ ………… բախտ
Ուրիշներ
Կարագի վրայ քսեցին
ԼԱԿԵՑԻՆ

Կիկլոպի մը պէս
Մէկ աչքս փակած
Հիմա կանգնած եմ
Մէկ ոտքի վրայ
Եւ զիս կը պատժեմ
Մեղքերու համար
Որ ընծայեցին ոսկի առիթներ
Մարմնաւորուելու
Բայց ծնունդ չառին
Եւ խեղդուեցան
Խ
ղ
ճ
ի
ս բորբոսած արգանդաջուրին մէջ

 

ԼԻՑՔԱԹԱՓՈՒՄ

Երէկ գիշեր՝ ամբողջութեամբ թափահարութեամբ
գիջութեամբ զբաղեցաւ, մէկ ձախ ձեռքով, մէկ աջ:

Աղջամուղջ էր, երբ հզօր օրկազմ ապրեցաւ,
մտային օրկազմ:

Գրիչը թափահարուելէն ուժասպառ էր:

Կարճ պատմուածքէն spermի սթափեցուցիչ ժահ կու գար:

Ամէն ինչ օրկազմի կամ մաստուրպացիայի կը ձգտի………

Նոյնիսկ մահը: