Ծաղիկներու երգը

Ծաղիկներն այնքա՜ն խաղաղ են, բարի,

միշտ մէկը միւսին անուշ բուրմունքը

երբեք չի փակեր,

եւ չի խափաներ։

այլ մէկը միւսի հոտն ու բուրմունքը

իր մէջ քաշելով,

եւ ներծծելով,

կ՚ըլլայ աւելի կատարեալ… զուլալ։

 

Եւ ծաղիկները միասին ծաղկած,

համասեռ լուծուած…

հողին աղօթքը,

բնութեան երգը,

իրենց բուրմունքով… իրենց գոյներով,

զիս կը հասցնեն։

 

Եւ ծաղիկները… փխրուն, բայց կայուն,

մեզի չեն նմանիր։

Ոչ կարիճներէն, ոչ ալ օձերէն անոնք կը վախնան։

Եւ երբ մահանան,

կամ բոցերու մէջ անոնք վերանան,

միշտ ուրիշ,

միշտ ուրախ, զուարթ,

լուռ կը հեռանան…

Քանի որ անոնք շատ լաւ գիտեն, որ

իրենցմէ ծնած, ուրիշ տեղ ինկած

Ծաղկափոշիներ

Գունեղ փոլեններ,

Ուրիշ հողի մը սրտէն կը պայթին։

Եւ ուրիշ հողի երգն ու աղօթքը

կը խառնեն կեանքին,

եւ ժամանակի վազող հոսանքին…։

 

Ես՝ մեղաւորս,

ափիս մէջ սեղմած,

կամ ծաղկամանիս մէջը զետեղած,

Ծաղիկի մը չափ չկրցայ ըլլալ…։

 

Յակոբ Տլտլեան