Համբիկ ՄարտիրոսեանԲանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր

Համբիկ Մարտիրոսեան ծնած է 4 Դեկտեմբեր, 1945-ին Սեբաստիա: Տեղափոխուած է Դամասկոս այնուհետեւ Լիբանան:

Նախնական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պոլսոյ մէջ։ Հայերէն լեզուն սորված է պատանի տարիքին: Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս, հետեւելով հայագիտական ճիւղին:

Որպէս դիւանապետ պաշտօնավարած է Դամասկոսի Առաջնորդարանէն ներս՝ 25 տարի եւ Լիբանանի ՀԲԸ Միութեան Շրջանակային Յանձնախումբէն ներս՝ 8 տարի: Պաշտօնավարած է Բարեգործականի Սահակեան վարժարանին մէջ նախ որպէս ուսուցիչ, յետոյ նաեւ որպէս տնօրէն: Դասաւանդած է այլ դպրոցներուն մէջ:

Համբիկ Մարտիրոսեան Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ակումբի հիմնադիրներէն է։

1997-ին տեղափոխուած է Լիբանան։ Սկզբնական շրջանին ՀԲԸՄ շրջանակային յանձնաժողովի տնօրէն եղած է, իսկ յետոյ հայկական հարցերու պատասխանատու եւ 2007-էն ի վեր «Խօսնակ (Ամսագիր)» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է։

Աշխատակցած է Լիբանանահայ Զարթօնք, Ազդակ, Արարատ, Նայիրի եւ սփիւռքահայ մամուլին: Պատրաստած է Քերականութեան դասագիրքեր նախակրթարանի Գ,Դ, եւ Ե կարգերու համար:

Համբիկ Մարտիրոսեան հեղինակ է հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն՝

ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ, Բանաստեղծութիւն 1981

ՍՊԻՏԱԿ ԵՐԳ, Պոէմ 2003

ՄԱՐԴ ՄԱՐԴԱՑԻՐ Կ՛ԱՂԱՋԵՄ, Պոէմ 2004

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ, Թատրերգութիւն 2004

ՎԵՐԱԴԱՐՅ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐ, Յուշագրութիւն 2006

ԱՐՑՈՒՆՔ ԵՒ ԺՊԻՏ, Արձակ 2008

ԿԱՐՕՏ ՈՒ ՄՈՐՄՈՔ, Բանաստեղծութիւն 2010

ԵՐԿՈՒ ԱՓ, Բանաստեղծութիւն 2012

ՀԱՅԵՐԳՈՒԹԻՒՆ, Բանաստեղծութիւն 2015

Որպէս հրապարակախօս, դասախօսութիւններով հանդէս եկած է զանազան գաղութներէ ներս, այսպէս՝ Պէյրութ, Դամասկոս, Հալէպ, Ամման, Վալանս, Աթէնք, Փարիզ եւ Երեւան:

Մասնակցած է Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու, ինչպէս նաեւ Լրագրողներու եւ Գրողներու համագումարներուն:

Համբիկ Մարտիրոսեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութենէն, Հայաստանի Հ. Պաշտպանութեան նախարարէն, Հայաստանի Հ. Վարչապետէն եւ Հայաստանի Հ. Նախագահին կողմէ՝ Մովսէս Խորէնացի շքանշանով եւ Սփիւռքի Նախարարութեան բարձրագոյն շքանշանով:

 

ԱՊՐԻԼ…

Խաչուած է իմ հոգին… Վաղո՜ւց…

Քարանձաւներու մէջ չղջիկները

կը պարեն…

Ամայութիւնը կ՛ոռնայ չորս դիս

Անո՞ւնը այս տխուր խաղին՝

Գա՜ղթ է… ջա՜րդ… Եղեռն սոսկալի…

 

Գետ ու լճակ արեան ծով են… հիմա…

Ձուկերը կարմիր են հագած… լո՜ւրթ…

Արիւն կը ծծէ հողը ծարաւէն,

Երկինք կ՛այրի… կը շիկնի ամօթէն

Գարուն է անունն այս եղանակին…

Ապրի՜լ…

Ծառերը ցամքեր են… Անտէ՜ր են…

Անձրեւը դարձած է մեղքի կարկուտ…

արցու՜նք…

Պարտիզպանը կախուած է

իր սիրած ծառէն…

«Չարիք» է անունը

այս բեմադրութեան…

Չարագո՞րծն… Ան կը ժպտի՜ անփոյթ…

Շուրջս մեռելներ են… Ո՜ղջ…

ու կը պարե՜ն…

Գերեզմաննո՜ց է

աշխարհն այս համայն…

Մարդիկ անտարբեր,

գինո՜վ են ցասումէն,

Զայրոյթը կը զարթնի թմբիրէն զգո՜յշ…

Խուլ աշխարհը

կը մռնչէ խելագարօրէն…

Մայրեր կու լան լուռ եւ անարցունք…

Սերունդներ կը վառեն յոյսի մոմեր…

Հոգեհանգիստ է պէտք

ապրողներուն համար…

Իսկ խունկ ու ծուխէն կը հոտի վրէ՜ժ…

Ու դարը կու լայ իր մեղքն ու մեղան…

Շրթունքներուս վրան երգ է եւ աղօ՜թք

Ու աղօթքէս կը վառի կամքս, հրդե՜հ…

Ոտքերս տատամսոտ…

կը կառչին հողին…

Սիրտս կ՛ուզէ գոռալ…

խուլ աշխարհին…

Ես, ես կը մերժեմ մահը…

վճռած եմ ապրիլ…

 

ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐՈՒՆ 

Ա՜խ, ես որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզեմ, որ դուք խօսի՛ք հայերէն…

Սորվիք օտար բի՜ւր լեզուներ, բայց չմոռնա՛ք հայերէնն…

Ամէն լեզու, ծաղկի նման, ունի անուն, բո՜յր ու համ,

Բայց Ոսկեղնիկն ուրիշ հա՜մ է, ան կը բուրէ՝ հայօրէն..:

 

Քանի՜ քանի՜ վանտալ ցեղեր, բարբարոսներ վայրենի,

Աւերեցի՛ն մեր երկիրը, քանդեցին բո՛յնն հայրենի…

Հրկիզեցին սուրբ տաճարներն, աւերեցին տո՜ւն ու տե՜ղ

Բայց չկրցան հիմէն պոկել՝ մեր թանկ գա՛նձը՝ Մայրենի..:

 

Դա՜ր ու դարեր ան ապրեցաւ, հասաւ մեր օրն, յաղթական…

Դարձաւ հայու հպարտութի՛ւնն, անցագի՜րը պատուական…

Ձեր մանկութեան օրօրոցէն, եղաւ աղօ՛թք, լո՜ւռ օրհնանք՝

Ինչպէ՞ս կրնաք զայն շուտ մոռնալ, ան կնի՛քն է յարութեան..:

 

Հայոց լեզուն մօր կաթի հետ, լուռ մրմունջով մեղմանուշ,

Որպէս հե՜զ ու խոնարհ շշունչ, շոյեց հոգի՛ն ձեր անուշ…

Ու այդ պահէն, շուրթեր անխօս, անմեղունա՜կ ու բարի՝

Գեղգեղեցին ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ-ը՝ հրաշքով մեծ, բերկրալի..:

 

Կ’ապրիք հիմա օտար ափեր, ձեր շուրջ հազար երգ ու տաղ…

Հազա՜ր ու մէկ օտար բարքեր, ու լեզուներ՝ ծաղկաքաղ…

Թայց, թէ զգո՜յշ… մի՛…մի՛ ձուլուիք՝ ժխոռին մէջ ամպամած՝

Մոռնաք յանկարծ լեզուն ձեր թանկ, ինքնութիւնը՝ փառապանծ:

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ