Յարութիւն Պէրպէրեան – Բանաստեղծ, գրաքննադատ, ուսուցիչ

Ծնած է Հալէպ: Ուսումը ստացած է Պէյրութ, ուր աւարտած է Լիբանանի Սոֆիա Յակոբեան ազգային երկրորդականը եւ Հայկազեան համալսարանը՝ մասնագիտանալով գլխաւորաբար Անգլիական լեզուի ու գրականութեան մէջ:

Աւելի ուշ՝ Գանատայի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ հետեւած է մանկավարժութեան, ապա ՄքԿիլ համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսը:

Վարած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան գործադիր քարտուղարի պաշտօնը, ապա տասնամեակ մը ասպարէզով եղած է խմբագիր ու մաս կազմած է «Բագին» գրական ու մշակութային ամսագրի խմբագրութեան:

1988-ին հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա, եւ հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասաւանդումով զբաղած Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ մինչեւ Յուլիս 2018:

Իր « Կորիզ » եւ « Ոսպնեակ » բանաստեղծական հատորները  (1979 եւ 1984) լոյս տեսած են Լիբանան, 1993-ին Գանատայի մէջ հրատարակած է «Անցման եղանակ» հաւաքածոն, իսկ 2ՕՕ7-ին Հայաստանի մէջ՝ «Սահմաններ» խորագրով քերթողագիրքը:

Հրատարակած է աւելի քան քսան ուսումնասիրական գրութիւններ, բազմաթիւ գրախօսականներ, թարգմանութիւններ ու յօդուածներ: Կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են գերմաներէնի, անգլերէնի եւ սպաներէնի:

2ՕՕ8-ին, Երեւանի մէջ կայացած « Գրողների համահայկական 4-րդ համաժողով »-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2015-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

 

Ելից

Նշենիի ծաղիկներու ծովը խելառ

Կը փոթորկէր որովայնիդ հարթ տարածքին:

Ես ականջս կը դնէի պորտիդ վրայ,

ունկնդրելու այն կեանքը նոր,

որ կ’ուռճանար հոն տենդագին …

Իսկ նայուածքդ՝ յորդ, թափանցիկ,

գարնանային անձրեւներով բեղմնաւոր

կլիմայ մը կը խոստանար …

 

Կարծես գիտէի,

եւ շրթունքներդ լուռ կը պատմէին՝

սառոյցը հալչող դուրսի աշխարհին:

Դեռ կը պատմէին

բնախօսական զարթուցիչներու

հրաշքին մասին ,-

երբ ծառերուն բողբոջները,

ականներու նման լարուած,

կը սպասէին հրահանգին՝

կանաչ ընձիւղներ

պայթեցնելու համար վերստին:

 

Մենք գիտէինք, որ

մեր մարմինները, աչքերը անքուն,

առանց պայմանի պիտի յանձնէինք՝

հալչող սառոյցի,

հոսող սերմերու եւ արմատներու

պղտոր հոսանքին …

եւ ունկնդրէինք,

ներսիդիդ աճող

էակին սրտի զարկը անխռով՝

անձկութիւններու երկար ձմեռէն

դուրս գալու յոյսով …

 

 

Աղուէսի մուշտակը

Հօրաքրոջս աղուէսի արծաթագոյն մուշտակը հին

խոհանցի ժանգոտ գամէն կախուած է դեռ …

 

Իմ մանուկի աչքերս՝ մեծ բացուած են հոն,

իսկ ես զգոյշ, քայլերով փոքր

կախարդական աշխարհէն ներս կը սպրդիմ:

Զով ու կիսամութ այդ սենեակին մէջ, սմբուկն ու չորցած պղպեղը կարմիր

մանեակներու պէս

շարուած՝ կը շարժին թելերու վրայ.

մեծ գուբերու մէջ՝ իւղ կայ ու թթուաշ,

ճերմակ պարկերուն՝ ձաւար ու բրինձ,

իսկ աղուէսը այդ աշխարհին տիրակալն է …

 

Բակին անկիւնը՝ ջրհորը կար, ուր

գահավիժեցաւ

լարախաղացի չափ ճկուն կատուն …

Եւ ատկէ անդին՝ ջրհորը մահն էր,

իր խորհրդաւոր մութով, խորութեամբ,

կարկաչով ջուրի …

 

Սակայն ինչո՞ւ հոս չես յիշեր

ամառնային գիշերները արեւելեան այդ քաղաքին,

երբ տախտակէ սանդուխներէն կ’ելլէին վեր՝

տանիքներուն քնանալու,

եւ աստղերը կը հաշուէիր.

կէս գիշերին կ’արթննայիր՝

մաղին տակէն մածուն, պանիր,

խաշած ցորեն համտեսելու,

մոռցած աղուէսը եւ ջրհորը խոր …

 

Աշնան կերպարանափոխումները

 

Սաւառնակը կը թռչէր,

արեւին մէջ՝ կը լողար:

 

Սաւառնակին հետ ձուլուած,

մենք խորացանք աշնան մէջ:

Բլուրներուն, դաշտերուն,

անտառներուն ծաւալուն,

հրաբուխի պէս ժայթքած

կ’իջնէր աշունը անսանձ …

բոսոր ծառեր բորբոքած՝

կ’այրէին լուռ, անհրդեհ:

Պղնձագոյն ու խանձուած տերեւներ

Կը հոսէին լաւայի պէս անարգել …

Կախարդած էր աշունը

դիւթանքով սեւ, կործանիչ,

եւ կը տանէր մեզ իր հետ

հմայքով խոր, վարակիչ:

 

Ճիւղերէն վար ու անդին

կը ջրվիժէր իր ոսկին:

Օ՜, մութ ոսկին աշունի,

ոսկիին պէս հանքերու

արժած քրտինք ու արիւն:

Խոստովանանքն էր գուցէ

ոճիրներուն մեր դաժան,

այստեղ պեղուած, յայտնուած:

Գուցէ վայրն էր հատուցման:

Ջրվէժին տակ աշունի

կը լողայինք մտացիր՝

մեր այսերէն հալածուած:

 

Եղանակները նախկին,

դարձած օշինդր ու օշնայ,

մեզ ձգեցին առանձին

յուշերուն դէմ անխնայ:

Մենք խորացանք աշնա՞ն մէջ,

թէ մեր ներքին տարածքին …

Սաւառնակը շուք կը ձգէր շարժական –

բազէ մըն էր գիշատիչ,

որ անցեալէս կը ճշդէր,

ճշգրտութեամբ մը դաժան,

թիրախը իր տատանող,

կը սլանար, վար կ’իջնէր,

կը բզկտէր զոհը իր,

կը ձգէր զայն կարեվէր …

 

Հրդեհներուն մէջ աշնան

կը ճենճերինք մենք անձայն:

Թռիչքները մեր ներքին,

կը վերածուին անձկալից

գահավիժման սարսափի:

Պոռթկումին դէմ աշունի

միշտ կը մնանք անպաշտպան …

 

 

Ծննդոց

 

Եւ ձուկերու վտարներ

կը սահէին երգիս հետ,

ձայնս արդէն

այլ երանգներ կը ստանար,

լուռ կ’անջատուէր իմ անձէս …

«Ինծի պատմէ՝

ձիւներու

տակ ուռճացող սերմերուն,

ջրախոտի պէս անկայուն,

բայց վերապրած մարդոց մասին.

երկինքներու

այդքան գաղտնի կենսագրութեան,

սրտերու ներքին

քարտէսագծումին,

ճամբորդութեան բոյրերու

եւ այս բոլորին այլակերպումին …»:

 

Սէրս, այստեղ քեզ կը բերեմ,

անուն կու տամ, որ մնա՛ս:

Արդէն գիտեմ, այս բոլորը

պէտք է սկսիլ սկիզբէն …

 

Եւ ձուկերո վտառներ

կը սահէին երգիս հետ …

 

 

 

Ծածկոցին տակ երփներանգ

Մարալին

Այս ծածկոցը երփներանգ՝

մենք հիւսած ենք երկուքով  –

մասերն անոր (Պատառիկներ, դրուագներ)

մենք կտրտած ու պահպանած

էինք վաղուց,  ամէն մէկս առանձին,

երբ տակաւին

զիրար չէինք հանդիպած,

մեր ճամբաները երկու

չէին զիրար խաչաձեւած, միացած:

 

Այս ծածկոցը յօրինուածք է ինքնատիպ,

որ  գծած է քարտէսը իր ծածկագիր՝

ածուներուն իր տասնեակ:

Այս ծածկոցին ամէն մէկ մասը փոքրիկ

(Բոսոր կարմիր, կապոյտ, սեւ,

ուրիշ  տասնեակ գոյներու

ուղղանկիւն կամ քառակուսի

չափերուն մէջ զանազան)

ամէն մէկուս յուշերէն,

ապրումներէն, փորձառութեան էջերէն

պատառիկներ կը պահէ:

 

Դեռ հոն արթուն

երազներ կան, սէրեր կան,

քօղարկուած

ցանկութիւններ բոցկլտուն:

Հոն՝ տակաւին

Ուրախ- տխուր պահեր կան,

եւ անծանօթ,

երազներու մութ արտերուն մէջ պահուած

անուններ կան, բառեր կան …

 

Արդ, ծածկոցն այս երփներանգ,

սիրողներուն պէս Քլիմթի,

առած ահա

մարմիններուն շուրջը մեր,

կը պաշտպանուինք խորթ ձայներէն արտաքին,

ցուրտէն, մէկ-մէկ

հարուածներէն անոպայ,

եւ մեր ներքին ջերմութեամբ

կը զօրանանք

ու կը մնանք

դեռ կանգանած:

 

 

 

Կորսուող բնաշխարհ  III

 

Ես չեմ կրնար

մնալ լուռ ու ձեռնածալ,

երբ աղէտը կը հարուածէ

ամէնուրեք:

 

Հայրս կ’ըսէր՝

նստած ճիւղդ չեն սղոցեր,

իսկ մենք՝ հիմա

կոյս անտառներ կը հրկիզենք

եւ կ’ամլանայ հողը ընդմիշտ …

Ովկիանոսներուն

մէջ կէտեր հսկայ

կը կոտորուին անխնայ:

 

Ծիածանագոյն ծաղիկներ վառման

հոն կ’անհետանան՝

բեղմնաւորող թեւաւորներու

ջնջուած այցէն …

 

Իսկ ազգս ձուկ է

ապականող ջուրերու

հոսանքին մէջ շնչահատ …

եւ անտառ է մասնահատուած,

ճենճերած՝

այս գորշ դարու

մթնոլորտէն թունաւոր …

Մեր գործածած

իւրաքանչիր բառը՝ թռչուն

տագնապահար,

վտանգուած թառը փնտռող

եւ շատ յաճախ կորսնցուցած՝

անվերադարձ …

 

 

     Զրոյց Շակալին հետ

 

Քու սէրդ հոն՝ վարսերն ազատ կին մըն էր վառ,

որուն հետ դուն ամէն գիշեր կը շրջէիր

Փարիզի հին փողոցներուն: Կը թռչէիր՝

երդիքներուն վրայ կապոյտ, Էյֆելն ի վեր՝

ձեր երազ չուն …

 

Գերիրական աշխարհ մըն էր, որ քու ներքին

ուժերդ եւ երազներդ

ծաղկեցուցած էր խորապէս,-

այնտեղ եզներ կը թռչէին,

աքաղաղը կ’այլակերպուէր հրահաւի …

Իսկ ես սէրս կը փորձէի ազատագրել

հրդեհներու եւ աւերի այդ քաղաքէն,

ուր բազմաթիւ դէմքեր կային ջերմ, այլ տխուր,

եւ սանձազերծ երազները դարձած էին մղձաւանջներ …

 

Իսկ ես գիտեմ՝ մանկութիւնը բոլորիս

( այդ միամիտ հիացմունքը ապշահարող)

կորսուած է անվերադարձ.

աքաղաղը՝ մորթուած,

արիւնն անոր կը հոսի

երկրին վրայ անցեալի,

ուր սիրելիներ մնացին թաղուած կամ անպատսպար,

արեւելեան քաղաքին մէջ այդ հնամեայ:

Մարդիկ՝ որոնք ինկան անձայն,

արկերու տակ, կամ գնդակէ մը կորսուած,

եւ կամ իրենց սիրտը փխրուն դաւաճանեց՝

գիշերներէ ետք բոցավառ, գեհենային –

գերեզմաննոցը հայերու՝ մնաց տեղ մը անիրական …

 

Lեռնային կայան

 

… Մեզի համար՝ դեռ

հին շոգեկառքը,

իր կաղնեկարմիր կամ մոխրակապոյտ

բաժանմունքներով,

լուռ ճամբայ կ’ելլէ

ծովափնեայ գիծէն.

դանդաղ ընթացքով վեր կը բարձրանայ

լեռնալանջերէն,

ամէն կայանի ճամբորդ փոխելով:

 

Հոն՝ գիւղացիներ, գիւղագնացներ

կը ժպտին հանգիստ կամ կը զրուցեն:

Հանդարտ ընթացքը հին շոգեկառքին,

կը թմրեցնէ բոլորն անխտիր:

Մշուշը, քիչ ետք,

լեռներէն վար պիտի սահի,

իր ուռկանին մէջ անձայն որսալով

կղմինտրագոյն շեղ տանիքները՝ գիւղերուն ցրուած,

եւ պիտի ծածկէ

մոզայիքը համայնքային,

հակասական ու պայթուցիկ …

 

* * *

… Դեռ կաղնեկարմիր կամ մոխրակապոյտ

բաժանմունքներով շոգեկառքը հին՝

այնտեղ կը սուլէ …

Անցարգել չկայ իր գնացքին դէմ:

Գիւղեր տակաւին ամայացած չեն

մարդկային շունչէն,

իսկ այս կարմիրը բոսորագոյն չէ –

հերկուած հողին հրաւէրն է

միշտ գայթակղալի …

 

Ցնցուղին տակ արեւի՝

սարալանջերն ու գիւղերը կը հանգչին:

Կարծես ամէն ինչ գիտես.

կը փորձես խօսիլ,

կը փորձես կանխել աղէտը հիւսուող …

Սակայն լռութեան եղանակներ կան,

արեան, զենումի եղանակներ եւ

բրտութեան ծէսեր …

 

Իսկ շոգեկառքը, ինքն իրեն համար,

տեղ մը կը սուրայ … առանց ճամբորդի:

Ահազանգի պէս ճչակը անոր

անվերջ կը սուլէ

խոպան երկրին մէջ,

փշաթելերու, աւազապարկի

կողքին երկարած

սառած աչքերով մարդոց ունկերուն …

 

 

     Կարիք

 

Ամէն վայրկեան եւ ամէն շունչի հետ՝

պէտք է քու սէրդ ինծի:

Այս քաղաքի ռումբերէն,

կորսուած մարդոց յաճախանքէն ետք՝

պէտք է քու սէրդ ինծի:

Անցարգելներէն

եւ երազներու ականումէն ետք,

իրենց սեփական

հայրենիքին մէջ գաղթական դարձած,

տագնապած մարդոց երամներէն ետք՝

պէտք է քու սէրդ ինծի:

 

Սնանկ բառերու երկիրն է սա,

սին խոստումներու երկիրը խոպան:

Դաւերէն եւ ուրացումներէն,

վատութիւններէն, հարուածներէն ետք՝

պէտք է քու սէրդ ինծի:

 

Հազար ձեւի կասկածներէն,

բոցավառած գիշերներու մղձաւանջէն,

երաշտի երկար եղանակէն ետք՝

բեղմնաւոր ու թարմաշունչ անձրեւի պէս

պէտք է քու սէրդ ինծի:

 

Յարութիւն Պէրպէրեան