Յարութ Վարդանեան (Յարվարդ)– Հալէպահայ բանաստեղծ- թարգմանիչ:

Ծնած է Հալէպ, 1973֊ին, որպէս ցեղասպանութենէ փրկուած հայորդիներու երրորդ սերունդ։ Վկայուած է «AUB»էն որպէս մեքենագիտական ճարտարապետ։ Ապրած է Լիբանան եւ Հայաստան, այժմ վերադարձած է Հալէպ։

Անդամ է Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի (այժմ դադրած է ՍԳՀ֊ն) եւ աշխատակցած՝ անոր տարեկան «Երթ» հանդէսին (թիւով 5)։ Անդամ է ՀՀ Գրողներու Միութեան:

Լոյս տեսած է իր արաբերէնի թարգմանած ժամանակակից 13 հայաստանցի գրողներու պատմուածքներու հաւաքածոն, ՀՀ Մշկթ. Նախ. Հովանաւորութեամբ։

Մասնաւորապէս «Գանձասար»ի մէջ կարելի է գտնել իր գործերէն։

Ցարդ երկու քերթողական հատորներով հանդէս եկած է Յարվարդ (Յարութէն՝ Յար, ազգանունէն՝ վարդ), «Եռանկիւն Արեւ» եւ «Լի»։